ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՃՇՄԱՐԻՏ ՀԱՒԱՏՔԻ
Կեանքի մէջ շատ պատահած է, որ շատ անհաւատներ եւ անաստուածներ ի վերջոյ հաւատացած են, քանի որ ճշմարտութիւնը ինքզինք կը յայտնէ ուշ կամ կանուխ, անպայմա՛ն, ինչպէս արեւը կը ծագի ամէն օր՝ եղանակի համաձայն ուշ կամ կանուխ, բայց անպայմա՛ն։
Բժիշկ մը կը պատմէ իր փորձառութիւնը եւ վկայութիւնը հաւատքի եւ ճշմարտութեան դարձի նկատմամբ։
«Բժշկութիւն ուսանելու համար երբ համալսարան մտայ, կատարեալ անհաւատ, անաստուած էի։ Բացարձակապէս եւ հաստատօրէն համոզուած էի, թէ Աստուած գոյութիւն չունէր։ Կրօնական դաւանանքները, իրենց բոլոր ձեւերուն մէջ, ինծի համար մանկական, անտրամաբանական աւելորդապաշտութիւններ էին՝ շնորհիւ գիտական եւ մտային բոլոր յառաջացումներու, որոնք ըստ իս, անպարտելի եւ անհերքելի ապացոյցներ, փաստեր էին։
«Ես կ՚ուրանայի, կը մերժէի աստուծոյ մը գոյութիւնը եւ իմ համոզումներս չորս հովերուն կը յայտարարէի՝ խանդավառութեամբ եւ տարիքիս յատուկ յոխորտանքով եւ հպարտութեամբ։
«Օր մը, այնպիսի բան մը պատահեցաւ՝ որ բոլորովին փոխեց իմ համոզումներս եւ իմ կեանքս։ Այդ օրը, նշանաւոր վիրաբոյժ եւ մարդակազմութեան մասնագէտ՝ Dr. David Grand, ուսանողներու ներկայութեան, անդամազննական եւ անդամահատութեան շուրջ դասախօսութիւն մը կու տար։ Դիակի մը շուրջ հաւաքուած էինք բոլորս։ Յանկարծ կանգ առաւ բժիշկը եւ խօսքը մեզի ուղղելով ըսաւ, ցոյց տալով դիակը.- Երիտասարդնե՛ր, մարդուն այս կազմին մէջ դուք կը գտնէք անաստուածութիւն կոչուած բանին լման հերքումը։ Չկա՛յ բանականութիւն ունեցող արարած մը՝ որ դիտելէ ետքը այս սքանելի՜ յօրինուածքը, մարդ էակին ներքին եւ արտաքին գործարանները, կարող ըլլայ չհիանալ եւ չխոստովանիլ, թէ մարդ էակը իսկապէ՛ս Ամենագէտ եւ Ամենակարող Աստուծոյ գլուխ գործոցն է՝ ստեղծագործութեան»։
Այս վկայութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ մարդ էակին ո՛չ միայն արտաքին, այլ նաեւ ներքին մարմնական կազմութիւնը տեսնող բժիշկներ կը վկայեն Աստուծոյ հրաշալի՜ գործերուն եւ Անոր գոյութեան։ Մարդ էակին ներքին գործարաններուն կազմութիւնը եւ գործելը տեսնել, ուսումնասիրել եւ այդ մասին գիտական փորձառութիւններ ունենալ եւ այդ բոլորը ստեղծող Գերագոյն Էակին՝ ստեղծող եւ կարգադրող, նախախնամող Աստուծոյ գոյութեան մասին տարակուսիլ անկարելի՛ է։ Այս իմաստով, մեզի ծանօթ գրեթէ բոլոր բժիշկներ կատարեալ հաւատացեալներ եղած են։ Եւ անոնցմէ մին՝ մանկաբարձ մասնագէտ եւ փորձառու բժիշկ բարեկամ մը ըսած է, թէ երբ մանուկ մը կը ծնի, այդ պահուն Աստուծոյ հրաշքին կը վկայեմ. այդ պահը տեսնել եւ Աստուծոյ չհաւատալ կարելի չէ՛։
Ուստի, առանց կեանքի փորձառութիւն ունենալու ինքզինք անաստուած անուանել, բնութեան հրաշալիքները անտեսել եւ անտարբեր ըլլալ եւ կուրաբար չհաւատալ՝ եթէ ոչ տգիտութիւն, բայց անզգամութիւն է։ Արդարեւ, մարդը ինք Աստուծոյ գոյութեան ամենէն հաւաստի եւ ստոյգ ապացո՛յցն է։
Ուստի, բանականութիւնը մեզ կ՚առաջնորդէ հաւատալու…
Եւ անկեղծ ըլլանք ու խոստովանինք, որ երբեմն աշխարհականներ եւ գիտուններ աւելի՛ հաւատացեալ են քան՝ ինքնակոչ «հաւատացեալներ»…։ Անշուշտ, այս կախում ունի «հաւատացեալ» ըմբռնումին տրուած հասկացողութենէն։ Հաւատքը միա՛յն «հաւատացեալ»ի մասնայատուկ առաքինութիւն չէ՛…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 15, 2026, Իսթանպուլ