ՈՒՍՈՒՑԻ՞Չ, ԹԷ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ

Եթէ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի ազգ մը, որ կ՚ուզէ աշխարհի երեսէն ոչնչացնել հայ ազգը, ապա թող մտապէս հանգիստ ըլլայ, որովհետեւ այդ երազը իրականացնելու համար ո՛չ մեծ պատերազմներու եւ ո՛չ ալ պայքար մղելու կարիքը ունի. իրենց փոխարէն այդ զոհողութիւնը հայ ժողովուրդը յանձն կ՚առնէ՝ իր ներքին ու անիմաստ վէճ-կռիւներով. վերջապէս ինքնասպանութեան համար ոճրագործ մը չի փնտռուիր: 

Այդ ինքնասպանութիւնն ու անոր հետեւանքները հասկնալու ձեւերը բազմաթիւ են. օրինակի համար, բաւարար է կարդալ Գէորգ Աճէմեանի գրիչին պատկանող «Անորոշութեամբ եւ մասամբ նորին» աշխատութիւնը՝ հրատարակուած Պէյրութ, 1959 թուականին։ Այդ աշխատութեան էջերուն մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ Ե. գլուխին մէջ տեղ գտած ուսուցիչի մը՝ Ժիրայրին եւ թերթի խմբագիր Ռաֆֆիի հետեւեալ խօսակցութիւնը։ Ժիրայր սրտնեղած Րաֆֆիին այցելութեան կու գայ. Ժիրայր նոր բան մը ընելու մասին կը խորհի. Րաֆֆի հարց կու տայ.

-Առաքելութեան մը մասի՞ն կը մտածես:

-Ո՛չ, գործս փոխելու մասին: 

-Ինչո՞ւ: 

-Զիս դպրոցէն դուրս շպրտեցին: 

-Ի՜նչ… Բայց պատճա՞ռը, ի՞նչ է պատճառը: 

-Կուսակցական: 

-Ի՜նչ, դուն կուսակցակա՞ն ես: 

-Ո՛չ, ճիշդ կուսակցական չըլլալուս համար զիս արձակեցին: 

Այս մի քանի տողերուն մէջ կ՚ամփոփուի մեր սփիւռքահայ գաղութներէն ներս ոտնակոխ եղող նուիրեալ ուսուցիչներու ճակատագիրը եւ նման անձնուէր ուսուցիչներ հեռացուելով իրենց տեղերը ակամայ կը զիջին նուիրումէ հեռու դասատուներու, որոնք կը ձախողին գիտակից ու պատասխանատու սերունդներ պատրաստելու սրբազան առաքելութեան մէջ։ Գէորգ Աճէմեանի այս գրութիւնը գրուած է մօտաւորապէս կէս դար առաջ, սակայն, ճշմարիտ հայելին է մերօրեայ վիճակին, որովհետեւ սփիւռքի դպրոցներուն մէջ հայ ու ազգասէր սերունդ պատրաստելու փոխարէն՝ առաջնահերթութիւն կը տրուի ապագայ կուսակցականներ պատրաստելու։ Այս վիճակը մեզ կը նեղէ, որովհետեւ կը հաւատանք, որ կուսակցութիւններ լոկ քաղաքական կեանքի մէջ իրաւունք ունին տեղ գտնել եւ ո՛չ թէ դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն մէջ։ Դպրոց մը եւ եկեղեցի մը գոյն ունենալու իրաւունք չունի, այնպէս ինչպէս կրօնը, նոյնպէս կուսակցութիւնը սեփական որոշումի, համոզումի ու գաղափարախօսութեան հարց պէտք է ըլլայ. այնպէս ինչպէս գիտակից երիտասարդը կամաւորաբար պատարագներու մասնակցութիւն կը բերէ, նոյնպէս նոյն երիտասարդը կամաւոր պէտք է իր բաժինը տանի կուսակցութենէն ներս:

Այս բոլորին մասին կարդալով ու մտածելով ակամայ կը յիշեմ «Հայ մարդուժի տարի»ն։ Մեր իրականութեան մէջ մարդուժ նկատուածները չե՛ն, որ կը հեռանան. մենք կը մեղադրենք անոնց հեռանալը՝ մոռնալով, որ հիմնական մեղաւորը ո՛չ թէ հեռացողը, այլ հեռացնողներն են։ Հայագիտութեան հանդէպ անսահման սէր ունեցող երիտասարդ մը վերջերս հեռացած է ուսուցչութեան պաշտօնէն եւ այժմ ամերիկեան ընկերութեան մը մէջ պաշտօն ստանձնած է։ Հեռանալու պատճառը հարցուցի. ահաւասի՛կ պատճառը. «Գլխուս վրայ դրին միջնակարգը չաւարտած կուսակցական մը, որ սկսաւ ինծի բացատրել, թէ ինչպէս պէտք է մայրենի լեզուն դասաւանդեմ…»: Այս բոլորը ցաւով կ՚արձանագրենք, որովհետեւ աւելի քան մէկ դարէ ի վեր հայ ժողովուրդը չկրցաւ տարրական այս հարցը լուծել. չկրցաւ հասկնալ, որ ժողովուրդի մը համար ամենէն կարեւոր ներկայացուցիչները մտաւորականներն ու ուսուցիչներն են. թէ՛ մտաւորականները կ՚անտեսենք՝ մամուլը եւ գիր-գրականութիւնը մահուան դատապարտելով եւ թէ ուսուցչութեան պաշտօնը անցանկալի վիճակի կը հասցնենք ու այս բոլորով հանդերձ կը սպասենք ունենալ առողջ ապագայ սերունդ մը։ Բացէ՛ք ու կարդացէ՛ք Վահրամ Մավեանը։ Աւելի քան 45 տարիներ առաջ գրած է նոյն խնդիրներուն մասին. կարդացէ՛ք անոր «Հայու բեկորներ» աշխատութեան «Հայերէնի դասը» պատմուածքը ու համեմատեցէք Անուշաւանն ու Յովսէփը։ Անշուշտ, այս բոլորը միայն պամտութիւններուն մէջ տեսնելով պէտք չէ սահմանափակուիլ. անոնց ճշմարիտ օրինակները մեր շուրջ շա՜տ կան։ Եւ այս բոլորով հանդերձ, տակաւին կան որոշ գաղութներու ղեկավարներ, որոնք մարդուժի պակասէն կը բողոքեն. կը քննադատեն, որ մայրենի լեզուի ուսուցիչ, մտաւորական ու գրող չեն գտներ։ Գուցէ աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ ըսել, որ չեն գտներ այնպիսիներ՝ որոնք պատրաստ են իրենց ամէ՛ն աւելորդաբանութիւններուն «այո» ըսելու ու ծափահարելու։ Բոլոր անոնք՝ որոնք կը կարծեն, թէ այսօր մարդուժի պակաս ունինք, թող հաւատան, որ մարդուժէն աւելի այդ մարդուժը պահել գիտցողներուն պակասով կը տառապինք:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Խրոխտ ու բաւարար մխիթարութիւն մըն է ինքզինքն ամփոփել միշտ իր մտածումներուն, ցաւերուն, տառապանքներուն վրայ եւ արհամարհել ինչ որ պզտիկութիւն, փոքրոգութիւն եւ ոչնչութիւն է:

ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026