ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄ ԵՒ ԽԱՂԱՂՕՐՀՆԷՔ

Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնը եւ աւանդական խաղողօրհնէքը մեզի համար առիթ են խորհրդածելու հաւատքի եւ բնութեան, աստուածայինի եւ առօրեայի անքակտելի կապի մասին, որ յատուկ է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։ Այս տօնը, որ կը նշուի օգոստոսի 15-ի մերձակայ կիրակի օրը, առանձնայատուկ տեղ ունի մեր եկեղեցական տօնացոյցին մէջ՝ միաւորելով Աստուածամօր պաշտամունքն ու երկրի պտուղներու առատութեան համար երախտագիտութիւնը։

Աստուածածնի վերափոխման տօնը իր արմատներով կ՚աղերսուի հայկական հնագոյն աւանդոյթներուն։ Մարիամը՝ խոնարհութեան, շնորհքի եւ մայրութեան խորհրդանիշը, մեր հաւատքի լուսատուն է։ Դ. դարու սկիզբը, 301 թուականին, երբ Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութիւնը ընդունուեցաւ, այս տօնը դարձաւ տարուան եկեղեցական կեանքի առանցքային պահերէն մէկը՝ վկայելով հայ ժողովուրդի խոր յարգանքն ու երկիւղածութիւնը «Թէոտոկոս»՝ Աստուածամօր հանդէպ։

Խաղողօրհնէքը, որ անքակտելիօրէն կապուած է Վերափոխման տօնին, կը խորհրդանշէ բերքն ու Արարիչի առատաձեռնութիւնը։ Հայաստանի մէջ խաղողը ո՛չ միայն կարեւոր գիւղատնտեսական մշակաբոյս է, այլեւ կը կրէ խորհրդանշական բնոյթ՝ յիշեցնելով Սուրբ Հաղորդութեան Քրիստոսի Մարմինն ու Արիւնը։ Խաղողի օրհնութիւնը կը նշանակէ սրբացնել բերքը եւ երախտագիտութիւն յայտնել Աստուծոյ Իր առատութեան համար։

Խաղողօրհնէքը Ե․ դարէն սկսեալ պաշտօնապէս միաձուլուեցաւ Վերափոխման տօնին՝ վկայելով, որ Աստուած հոգ կը տանի թէ՛ հոգեւոր եւ թէ մարմնական սնունդի մասին։ Այսօր ալ ան կը նշուի խոր հաւատքով՝ միաւորելով քրիստոնէական ու ժողովրդական աւանդութիւնները եւ արտայայտելով հայ ինքնութեան ամբողջականութիւնը։

Խաղողի օրհնութիւնը շատ աւելին է, քան հողագործի երախտագիտութիւնը. ան կը գովաբանէ Աստուծոյ առատաձեռնութիւնը եւ յիշեցնէ, որ բոլորս միաւորուած ենք Անոր շնորհքով։ Ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս․ «Ես եմ որթատունկը, իսկ դուք՝ ճիւղերը. ով ինծի հետ կը միաւորուի, իսկ ես՝ անոր հետ, ան շատ պտուղ կու տայ, որովհետեւ առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընել…» (Յովհաննէս 15․5)։ Ինչպէս ողկոյզը առանց վազի չի կրնար աճիլ, այնպէս ալ մենք չենք կրնանր գոյութիւն ունենալ առանց Աստուծոյ շնորհած կեանքին։ 

Վերափոխման տօնը եւ խաղողօրհնէքը նոյն աստուածաբանական պատգամը կը փոխանցեն՝ կեանքի, բերրիութեան եւ արարչագործութեան գովաբանութիւնը։ Մարիամի վերափոխումը կը խորհրդանշէ Անոր փառաւոր մուտքը երկնային թագաւորութիւն եւ կ՚արտացոլայ մեր յոյսը՝ արժանանալ յարութեան եւ յաւիտենական կեանքին։ Մարիամ Աստուածածինը փառաբանելով՝ մենք նաեւ գոհութիւն կ՚առաքենք առ Աստուած՝ մեզի տուած շնորհներու համար։

Իւրաքանչիւր օրհնուած ողկոյզ կը վկայէ, որ մեր աշխատանքի պտուղները, երկրի բարիքները եւ մեր կեանքը Աստուծոյ պարգեւն են։ Այս գիտակցութիւնը աշխարհասփիւռ համայն հայութեան ինքնութեան անբաժանելի մասն է, որ կը յիշեցնէ, թէ որքան կարեւոր են աստուածային շնորհները եւ նախախնամութիւնը։

Մեր ժողովուրդը Սուրբ Մարիամի հանդէպ առանձնայատուկ սէր ու ակնածանք կը տածէ։ Ան կը պաշտուի ո՛չ միայն որպէս Աստուածամայր, այլեւ՝ որպէս Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր հաւատաւոր զաւակներու հոգատար մայր։ Դժուարութիւններով ու հոգերով լի այս աշխարհին մէջ ան կը շարունակէ օրինակ ծառայել հայ կիներուն եւ մայրերուն՝ մարմնաւորելով կորով, համբերութիւն եւ հաւատք։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի խօսքերը՝ «Ով Սուրբ Աստուածածին, մարդէ հրեշտակ, մարմնով տեսնուող Քերովբէ, երկնաւոր թագուհի, անխառն՝ ինչպէս օդը, մաքուր՝ ինչպէս լոյսը…» (Մատեան Ողբերգութեան, 80.1) այսօր ալ կը հնչեն մեր աղօթքներուն մէջ։

Հայոց պատմութեան մէջ շատ կիներ մարմնաւորած են Մարիամի առաքինութիւնները։ Ցեղասպանութեան տարիներուն մայրերը ցուցաբերեցին անասելի քաջութիւն՝ պահպանելով հայ ընտանիքներու կեանքի եւ մեր ժողովուրդի ինքնութեան կենսական հիմքերը։ Ինչպէս վազը կը սնուցէ իր ճիւղերը, այնպէս ալ անոնք պահեցին եւ սնուցեցին իրենց ընտանիքները՝ փոխանցելով հաւատքն ու յոյսը։

Այսօր ալ վերափոխման եւ խաղողօրհնութեան տաղաւար տօնը կը շարունակէ հոգեհարազատ մնալ իւրաքանչիւր սերունդի եւ աշխարհի իւրաքանչիւր անկիւնի մէջ ապրող հայու համար։ Այս տօնը մեզի կը յիշեցնէ մեր արմատները, հաւատքը եւ միասնական կապը՝ միաւորելով ընտանիքներն ու համայնքները՝ գոհաբանելու Աստուծմէ ստացած օրհնութեան համար։

Ժամանակակից աշխարհի մէջ, երբ մենք կը խորհինք մեր ընդհանուր ուղիի եւ հոգեւոր ժառանգութեան մասին, օրհնուած խաղողը կը խորհրդանշէ առատութիւն եւ յանձնառութիւն՝ միմեանց հետ կիսուելու եւ բաժնեկից դառնալու ո՛չ միայն «հանապազօրեայ հացի», այլեւ հոգեւոր արժէքներու։

Այսպիսով, խաղողօրհնէքի կարգը մեզի կը յիշեցնէ, որ կեանքը, բերքը եւ հաւատքը Աստուծոյ ստեղծած գորգի միահիւսուած թելերն են։

Թող այս տօնը նորոգէ մեր հաւատքը, ամրացնէ փոխադարձ սէրը, ներշնչէ մեզ ապրելու Քրիստոսի շնորհով ու առատաձեռնութեամբ։ Երբ կը վայելենք օրհնուած խաղողը՝ յիշենք, որ բոլորս ճիւղերն ենք Քրիստոսի կեանքը խորհրդանշող ողկոյզի եւ պարտաւոր ենք զայն կիսել միւսներուն հետ՝ սիրով ու առատասրտութեամբ:

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 16, 2025