ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՏԻՊԱՐԸ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ
«Եւ Աննա ըսաւ.- Ո՜հ, Տէր իմ, քու անձդ կենդանի է. ես այն կինն եմ, որ հոս քու քովդ կայնեցայ Տէրոջը աղօթք ընելու համար։ Ես այս տղուն համար աղօթք ըրի եւ Տէրը իմ խնդրուածքս ինծի տուաւ՝ ինչ որ անկէ խնդրեցի։ Հիմա ալ զանիկա Տէրոջը կը նուիրեմ, անիկա իր բոլոր կեանքին մէջ Տէրոջը փոխ տրուած ըլլայ։ Եւ հոն Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ». (Ա ԹԱԳԱՒՈՐ. Ա 26-27)։
Մայր եւ մայրութի՜ւն. զոհողութեան, խոնարհութեան, անձնուիրութեան, ազնուութեան տիպար։ Ինչպէ՞ս կարելի է նկարագրել «մայր»ը։
Մայրը չունի իրաւունք. ան ունի միայն առանձնաշնորհումներ։ Օրուայ շատ յոգնեցուցիչ աշխատանքէն ետք՝ միակ բանը, որ Աստուծմէ կը խնդրէ՝ հինգ վայրկեան կամ կտոր մը քուն է։ Բայց, անշուշտ, այդ կարելի չէ. քնանալէ հազիւ երկու ժամ ետք կը լսէ մանուկին լացը, կը ցատկէ տեղէն՝ կը հասնի մանուկին քով, կը կերակրէ զայն, կը մաքրէ, կը խնամէ եւ տեղը կը դնէ։ Մայրը, այսպէս, թէեւ կը կորսնցնէ իր քնանալու «իրաւունք»ը, բայց այդ Աստուծոյ շնորհը՝ այդ քաղցր արարածին ծառայելու աստուածատուր առանձնաշնորհը կը վայելէ։
Տարիներ կ՚անցնին, մանուկը կը դառնայ պատանի, սակայն մայրը նոյն «մայր»ն է՝ անոր համար սկզբունքը չի փոխուիր։ Ան դարձեալ անքուն կը մնայ՝ մինչեւ որ պատանին տուն դառնայ։ Սպասումի այդ պահերուն վայրկեաններ կ՚անցնին եւ ժամը յաւիտենականութեան պէս կը թուի մօր։ Մայրը մտահոգ է. կը սկսի տակնուվրայ ըլլալ եւ վերջապէս անզօր եւ անօգնական կը դիմէ Աստուծոյ՝ կ՚աղօթէ, որ տղան շուտով տու գայ։ Կ՚աղօթէ, որ Աստուած տղան չար փորձանքներէ զերծ պահէ եւ ապահովութեամբ տուն վերադառնայ։ Կ՚աղօթէ, կ՚աղօթէ մայրը, քանի որ ան գործակիցը եւ գործակատարն է Աստուծոյ։ Եւ երբ տղան կը վերադառնայ, մայրը «Փառք Տիրոջ» կը գոչէ։
Եւ մօր երկունքը՝ ծննդական ցաւերը երբեք չի վերջանար՝ մայրը ամբողջ կեանքի ընթացքին երկունքի մէջ է։ Բայց այդ տանջանքը թէեւ զինք կը զրկէ հանգստութենէ՝ իր զաւկին համար աղօթելու առանձնաշնորհումը կը վայելէ։
Մայրը վճարում չունի, բայց միա՛յն վարձատրութի՛ւն։ Աշխարհի վրայ վճարուած չէ ոեւէ մայր. քանի որ «մայր»ը վճարում չունի, միայն փոքր վարձատրութիւններ՝ որոնք մօր երջանկութիւնն են։
Մայրը չունի ակնկալութիւն, բայց միայն յարատեւ ծառայութիւն. մօր երջանկութիւնը իր կատարած ծառայութեան մէջ է։ Մօր ծառայութիւնը կը հասնի զոհուածութեան։ Բայց. «Աստուած անարդար չէ. չի մոռնար ձեր գործերը եւ այն սէրը՝ որ Իր անունով ցուցաբերեցիք՝ ձեր քրիստոնեայ եղբայրներուն օգտակար ըլլալով, ինչպէս կը շարունակէք մինչեւ հիմա». (ԵԲՐ. Զ 10)։ Կարծես, մայրերու համար ըսած է այս խօսքերը Պօղոս առաքեալ իր նամակին մէջ։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ՝ ակնկալութիւնը յուսախաբութիւն, դառնութիւն եւ քէն կը պատճառէ, իսկ ծառայութիւնը՝ գոհունակութիւն, խաղաղութիւն, ուրախութիւն եւ երջանկութի՛ւն։
Չէ՞ որ. «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը». (ԳՈՐԾՔ. Ի 35)։ Ուստի, «մայր»ը կոչուած է միշտ ծառայելու՝ Աստուծոյ իրեն շնորհած զաւակին, ինչ որ երբեք վերջ չունի։
Մայրը կատարելութիւն չի կրնար մատուցանել, հապա ունեցածին եւ գիտցածին լաւագոյնը կրնայ ընել։ Քանի որ միայն Աստուած կատարեալ է. մայրը, որպէս «մարդ», թերութիւններ եւ տկարութիւն ունի, ինչպէս զաւակները։ Կատարեալին ձգտիլ՝ կատարելութեան ճամբուն վրայ անհրաժեշտ է, եւ մայրը այս կ՚ընէ։
Մայրեր կը զոհեն իրենց իրաւունքները, չեն սպասեր, ակնկալութիւն չեն ունենար՝ միա՛յն կը ծառայեն, կը սիրեն, կ՚աղօթեն, կ՚ուրախանան եւ երջանիկ կ՚ըլլան եւ իրենց բոլոր զօրութեամբ եւ ուժով լաւագոյնը կ՚ընեն՝ որովհետեւ անոնք Աստուծոյ առանձնաշնորհեալ գործակիցները եւ գործարարներն են, եւ անոնք երբ օր մը Տէրոջ առջեւ կանգնին, խոնարհութեամբ ըսեն. «Ահա ես եւ այն զաւակները՝ որ Աստուած ինծի տուաւ». (ԵԲՐ. Բ 13)։
Անտարբերութիւն, անհոգութիւն բարի մարդոց եւ մասնաւորաբար հաւատացեալին նկարագրին չի յարմարիր։ Կարեկցութիւն, գութ, ողորմութիւն, բարեգործութիւն, արգահատիլ, օգնել եւ անոնց ամփոփումը՝ ՍԷՐ՝ առաքինութիւններու թագուհին է, որ պէտք է իւրաքանչիւր մարդու եւ հաւատացեալի յատկանիշը դառնայ եւ կեանքի անշեղ ուղեգիծը։
Եւ երբ այդ սէրը ուղղուած է մօր մը, կրկնակի նշանակութիւն կը ստանայ։
Եթէ սէրը թագուհին է առաքինութիւններու, մայրերու՝ մայրութեան ալ Թագուհին է Աստուածամայրը. տիպար Մայրը։
Յիսուս՝ Մարիամի միածին որդին է։ Սակայն Մարիամի հոգեւոր մայրութիւնը կը տարածուի բոլոր մարդոց՝ որոնց փրկութեան համար եկաւ Յիսուս. «Մարիամ ծնաւ իր Որդին, զոր Աստուած ըրաւ անդրանիկը բազմաթիւ եղբայրներու մէջ». (ՀՌՈՄ. Ը 29), այսինքն հաւատացեալներու մէջ՝ որոնց ծննդեան եւ դաստիարակութեան ի նպաստ՝ Մարիամ իր մայրական սիրոյն գործակցութիւնը կը բերէ…
Շնորհաւոր ըլլայ Ս. Աստուածածնի վերափոխման յիշատակի տօնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 15, 2025, Իսթանպուլ