ՔՐԻՍՏՈՍ ՄԻՇՏ ՆՈ՛ՅՆՆ Է
«Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ եւ այսօր եւ յաւիտեան». (ԵԲՐ. ԺԳ 8)։
Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին մէջ փոփոխութիւնները կը վկայեն եւ կը փաստեն Անոր անփոփոխութիւնը. մշտավառ ապացոյցներն են Իր անփոփոխելիութեան։ Արդարեւ, Յարութեան արշալոյսին շողերը թափանցած է Իր մէջ եւ Իր աստուածային բնութիւնը կը ցոլացնեն Իր անփոփոխելիութիւնը, ինչ որ կը վկայէ Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներու գրած նամակին մէջ։ Յարութեան զարմանահրաշ կերպով յաղթեց լոյսը։ Արդարեւ, Քրիստոս ցոյց տուաւ, որ առանց չարչարանքի, առանց տանջանքի, առանց խաչելութեամբ եւ առանց մահուամբ Յարութիւն չկա՛յ։
Արդարեւ, Յարութեան տանող ճամբան, երկրային կեանքը պայքա՛ր մըն է եւ այս իմաստով, իւրաքանչիւր հաւատացեալ ունի իր սեփական խաչը եւ Յարութիւնը։ Մարդկային կեանքի թշնամին՝ Սատանան, այսինքն չարը չէ քնացած, ան միշտ պատրա՛ստ է զգետնելու մարդը, ապա ուրեմն պէտք է միշտ արթուն մնալ եւ միշտ խիստ պայքարի մէջ ըլլալ…
Երբ Յարութեան լուսաւոր շողերը թափանցած են մեր մէջ, անկարելի է, որ յաղթական չելլենք այդ պայքարէն։ Յարութեան մշտավառ եւ փայլող լուսատու փարոսը կը լուսաւորէ մարդուս յաղթանակի ճամբաները, քանի որ Յիսուս, միշտ եւ յաւիտեան նո՛յն եւ անփոփոխ Լոյսը երբեք չի լքեր Իրեն հաւատացողները եւ վստահողները։
Եւ այս տրուպ գրիչը՝ իր երկար տարիներու կեանքի փորձառութիւններով կը վկայէ եւ կը հաստատէ այն անփոփոխ վստահելի ճշմարտութեան, թէ Տէր Յիսուս Քրիստոս միշտ ներկայ է մեր կեանքերուն մէջ եւ պատրա՛ստ մեզ օգնելու ամէն նեղութեան մէջ՝ անկարելին կարելի ընելու, յուսահատութիւնը, յուսալքութիւնը յոյսի վերածելու եւ ամէն յոյս իրականացնելու, մեզի համար «հրաշք» ամէն իրողութիւնը ներկայացնելու, քանի որ ամէն ինչ կարելի է Անոր համար, ամէն ինչ դիւրին, ամէն ինչ բնական. բաւ է, որ մենք մօտենանք Իրեն՝ հաւատքով եւ վստահութեամբ, քանի որ Ա՛ն է ամենազօր եւ ամենակրող Աստուածը։ Զգա՛նք Անոր ներկայութիւնը՝ Ան, որ միշտ նոյնն է յաւիտեան։ Եւ այս պարագային աւելի դժուար կը թուի չհաւատալ, քան՝ հաւատալ։ Եւ այս տրուպ գրիչը, դարձեալ կը դժուարանայ հասկնալու, թէ ոմանք տակաւին թերահաւատ են այսքան յստակ Ճշմարտութեան հանդէպ։ Եւ երբ մարդ զգայ Քրիստոսի ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ, անկարելի՛ է, որ չհաւատայ…
Տեսնենք ճշմարտութիւնը, հասկնանք եւ հաւատա՛նք, քանի որ Ան միշտ նոյնը՝ կանգնած է մեր քով ու կը գործէ միշտ մեր բարիքին համար։ Եւ քանի որ Ան «անփոփոխ» է, կարելի է եւ վստահիլ, ապա ուրեմն ժամանակաւոր եւ փոփոխական բաներէ պէտք չէ տարուիլ եւ խաբուիլ, աշխարհիկ բաներու եւ իրադարձութիւններու գերին դառնալ։ Ան ծանր սիրտերու խաղաղութիւն կը պարգեւէ, եւ Ան փակ դռներ կը բանայ։ Ճշմարտութեան ամուր պէտք է կախուինք եւ այն ատեն Քրիստոս մեր կեանքին կենդանութիւն պիտի տայ։ Եթէ երբեմն կը կարծենք, թէ Ան հեռու է մեզմէ, Ան չէ հեռացած մեզմէ, այլ՝ մենք հեռացած ենք Իրմէ։ Սովորութիւններ, մշակոյթներ կը փոխուին, բայց Յիսուս մի՛շտ նոյնն է, անփոփոխ է Ան յաւիտեա՛ն։ Բայց առանց հաւատքի կարել չէ մօտենալ Անոր, քանի որ առանց հաւատքի կարելի չէ յաղթահարել կեանքը։
Կեանքի թշնամին՝ «Չար»ը միշտ ծուղակներ կը լարէ, որուն դէմ մարդ պէտք է պաշտպանուի. Յիսուս՝ որ միշտ ներկայ է, պատրա՛ստ է պաշտպանելու, օգնելու մեզի, ինչպէս հայր մը միշտ պատրաստ է պաշտպանելու իր որդիները։
Եւ Եկեղեցին՝ եկեղեցականներով եւ ժողովուրդով, եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, խրատներով, քարոզներով եւ որոշ պաշտամունքներով ուղղութիւն կու տայ մեզի պայքարելու եւ յաղթահարելու կեանքին եւ հասնելու ամէն մէկս իր անձնական եւ սեփական Յարութեան։
Այս բոլորին առաջնորդն է Յիսուս Քրիստոս, որ կենդանի է եւ միշտ ներկայ՝ նոյն եւ անփոփոխ միշտ եւ յաւիտեան։
Անվարան հաւատանք եւ պիտի ստանանք այն ամէն ինչ՝ որ համաձայն է Աստուծոյ կամքին եւ բարի, օգտակար մեզի համար…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 16, 2026, Իսթանպուլ