ԱՅՍ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ, ՈՒՐ ՈՐ ԱԼ ԵՐԹԱՅ, ԱՆԴԱԴԱՐ Կ՚ԱՇԽԱՏԻ
Արաբ փիլիսոփայ, գրող եւ բանաստեղծ Սայիտ Աքըլ մեր թուականէն 62 տարիներ առաջ՝ 1964 թուականին, Լիբանանի հեռատեսիլէն խօսք առնելով կը սկսի խօսիլ հայ ժողովուրդին մասին։ Արաբ այս բանաստեղծը եղած է Վահան Թէքէեանի, Միքայէլ Կիւրճեանի եւ այլ հայ գրողներու բարեկամը եւ անոնց ճամբով ճանչցած էր հայ ազգն ու Հայաստանը։ Անշուշտ, հայ ժողովուրդին համար հպարտութիւն էր տեսնել ու լսել արաբ անուանի բանաստեղծի մը հայ ժողովուրդին մասին խօսիլը։ Այդ ելոյթին ժապաւէնը կարելի՞ է գտնել թէ ոչ՝ չենք գիտեր, սակայն, բախտաւորութիւնը ունեցած ենք, որ օրուան թէ՛ հայկական եւ թէ արաբական մամուլը կարեւորելով Սայիտ Աքըլի այս ելոյթը, ամբողջ ճառը հրատարակած է:
Իր խօսքին մէջ արաբ բանաստեղծը խօսելով Հայաստանի մասին՝ կ՚ըսէ. «Հայաստա՜ն, Հայաստան, որ կը քալէ արիւնի վրայ, տիեզերքի սրտին վրայ: Հայաստան այնքա՛ն գեղեցիկ, այնքա՜ն սիրելի, սկսած եմ շատ բան սորվիլ քու մասիդ: Ան որ կը փորձէ ճանչնալ քեզ, կը վախնայ, կը կապուի քեզի, ու կը սկսի քեզ սիրել ինչպէս իր հայրենիքը, կ՚ուզէ ըլլալ միջնադարեան ասպետ մը՝ պայքարելու համար քու մարդոցդ հետ, դուն՝ տարօրինակ երկիր, հերոս, վեհանձն եւ լուսաւոր երկիր»:
Արաբ բանաստեղծը հայ ժողովուրդի մասին ի՞նչ լսած էր՝ չենք կրնար գուշակել, սակայն, իր տողերէն կարելի է հետեւցնել հետեւեալները. ան սիրահարած էր հայ ժողովուրդի պատմութեամբ, որովհետեւ գուցէ դժուար ըլլայ աշխարհի երեսին գտնել գոյատեւող ազգ մը՝ որ այնքան պատերազմներ, գերութիւն ու թշուառութիւն ապրած ըլլայ՝ ինչքան հայ ժողովուրդը. արիւնի վրայ քալելու արտայայտութիւնը սքանչացումն է այն իրողութեան, որ այսքա՜ն նահատակներ ու զոհեր ունեցած, այսքա՜ն դժուարութիւններ տեսած ազգ մը իր մեռելութենէն դուրս գալով ինչպէ՞ս կրցած է գոյատեւել, ապրիլ ու ապրեցնել, պահելով լեզու, մշակոյթ ու կրօն: Արաբ բանաստեղծին «ան որ կը փորձէ ճանչնալ քեզ, կը վախնայ». այս արտայայտութեան մէջ «վախ»ը պէտք է թարգմանել որպէս հիացում ու զարմանք։ Արաբ բանաստեղծը այս զգացումները կ՚ունենայ, որովհետեւ ինչքա՛ն աւելի մօտենայ հայ ժողովուրդին, ինչքա՛ն աւելի լսէ ու կարդայ անոր պատմութիւնը՝ այնքան աւելի կը հասկնայ, թէ ինչ ըսել է աշխարհի երեսին հայ ըլլալ։ Արաբ բանաստեղծին տողերէն յստակ է, որ ան խոր յարգանք ունի հայ ժողովուրդի պայքարելու ոգիին հանդէպ. անոր աչքին հայ ժողովուրդը «վեհանձն» ու «հերոս» է:
Արաբ բանաստեղծը իր խօսքը կը շարունակէ խօսելով հայ ժողովուրդի աշխատասիրութեան մասին եւ գուցէ անոր մէջ կը տեսնէ գոյատեւելու եւ պայքարելու ուժը, որովհետեւ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան բոլոր շրջաններուն երբեք չի՛ յուսահատեցաւ եւ ամենէն դժուար պայմաններուն մէջ եւս շարունակեց արարել, ստեղծագործել ու աշխատիլ. օտարը քանդեց՝ սակայն ի՛նք կառուցեց. «հայերը, հոն ուր գաղթեցին, հոն ուր ոտք դրին, անդադար հողը մշակեցին: Իրենց երկրին մէջ թէ՛ դուրսը, եղան գործունեայ եւ արտադրող, տաղանդով ու ճաշակով»: Ծանօթ է այն միտքը, թէ վարձկան մշակը ինչքան ալ մշակէ՝ իր սեփական հողին պէս չի դառնար. սակայն ի տարբերութեան այս համոզումին, հայ ժողովուրդը օտարութեան մէջ եւս գործեց ու ստեղծագործեց այնպէս՝ ինչպէս պիտի ընէր իր սեփական հողին վրայ։ Այսօր եթէ լաւապէս սերտենք Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ անոր զարգացման մէջ մեծ տեղ ու դեր ունի հայ ժողովուրդը. օրինակի համար, Թուրքիոյ պարագային թատրոնն ու երաժշտութիւնը առաջին անգամ սկսած է զարգանալ հայ արուեստագէտներու կողմէ. մինչեւ իսկ գիր-գրականութեան մէջ անոնք եղած են առաջատար ներկայացուցիչներ:
Արաբ բանաստեղծը կը զարմանայ, որ այդքան դժուարութիւններէ ետք հայ ժողովուրդը դարձեալ շինելու, դարձեալ վերականգնելու ուժն ու կորովը ուրկէ՞ կը ստանայ. ան իր ճառին մէջ կ՚ըսէ. «Հայաստանի այդ փառապանծ էջը կ՚ըսէ.- հայ ժողովուրդը նոյնիսկ գերեզման կ՚իջնէ, ժպտուն, ողջ եւ գլուխը բարձր»:
«Ամենէն նախանձելին այն է, որ այս ժողովուրդը, ուր որ ալ երթայ, անդադար կ՚աշխատի, կ՚աւելցնէ աշխարհի բարիքները, կ՚աւելցնէ աշխարհի լոյսը»: Սփիւռքի մէջ ապրող առաջին մի քանի սերունդներուն համար այս տողերը աւելի քան իրաւացի են, որովհետեւ շատ կարճ ժամանակի մէջ հայեր յաջողեցան Լիբանանի, Սուրիոյ մէջ արհեստներ զարգացնել, մշակել, կառուցել եւ օտարի կողմէ նման արտայայտութիւն, վստահաբար կը շոյէ մեր հայրենասիրութիւնը, սակայն, միւս կողմէ մտածել կու տայ հետեւեալին մասին. աշխարհը ի՞նչ կը մտածէ մերօրեայ հայուն մասին։ Մօտաւորապէս կէս դար առաջ մտաւորականը կը բարձրաձայնէր. «Հայ ժողովուրդը մեզի աշխատիլ սորվեցուց». իսկ հիմա՞… ինչո՞վ հանդէս գալ. մեր ներքին կռիւներո՞վ, թէ եկեղեցին հալածելու մեր սեփական ամօթով. արտագաղթո՞վ, թէ սրբազան արժէքները մոռնալով. սփիւռքի մէջ արդէն իսկ մայրենի լեզուն մոռցող նոր սերունդո՞վ… թէ ոչ այն նահանջով, որ ազգովին կ՚ապրինք։ Դարերու պատերազմները մեր ազգը չկրցաւ կործանել… սակայն ներքին թոյնը շատ աւելի վատ է՝ քան Լենկթիմուրը:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ամէն փոփոխութիւն յառաջդիմութիւն չի նշանակեր. երբեմն յառաջդիմութեան անունով, աւերներ, ոճիրներ կը գործուին:
ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան