ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

«Երախտագիտութիւն»ը՝ եղած բարիքի մը փոխարէն շնորհակալութեան զգացումն է։ Ուստի, երախտագիտութիւնը առաքինութիւն մը չէ, քանի որ ան բնական զգացումն է, այն՝ ի՛նչ որ պէտք է զգայ մարդ։ Բայց ապերախտութիւնը վատասրտութիւն է, քանի որ անբնական զգացում մըն է։

Ղուկաս իր Աւետարանին մէջ դէպք մը կը պատմէ՝ որ երախտագիտութեան եւ ապերախտութեան ցայտուն օրինակ մըն է՝ թէ մարդիկ ընդհանրապէս մեծամասնութեամբ զուրկ են երախտագիտութեան զգացումէն եւ ապերախտ են իրենց բարեգործներուն հանդէպ։ Եւ ահաւասիկ, Աւետարանի այդ հատուածը։

«Երբ Յիսուս Երուսաղէմ կ՚երթար, Սամարիայի եւ Գալիլիայի մէջտեղէն անցաւ։ Երբ գիւղ մը պիտի մտնէր, տասը բորոտ մարդիկ հանդիպեցան անոր, որոնք հեռուն կայնեցան։ Ձայներնին վերցուցին եւ ըսին.- Յիսո՛ւս վարդապետ, ողորմէ մեզի։ Տեսնելով՝ անոնց ըսաւ.- Գացէք դուք ձեզ քահանաներուն ցուցուցէք։ Երբ կ՚երթային, մաքրուեցան։ Անոնցմէ մէկը, երբ տեսաւ թէ բժշկուեցաւ, ետ դարձաւ եւ մեծ ձայնով փառք կու տար Աստուծոյ եւ երեսի վրայ անոր ոտքը իյնալով՝ շնորհակալ կ՚ըլլար անոր։ Ինք Սամարացի էր։ Յիսուս ըսաւ.- Չէ՞ որ տասն ալ մաքրուեցան, իսկ այն ինը ո՞ւր են։ Այս օտարազգիէն զատ ուրիշներ չգտնուեցա՞ն՝ որ դառնալով Աստուծոյ փառք տային։ Եւ ըսաւ անոր.- Ելի՛ր, գնա՛, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց». (ՂՈՒԿ. ԺԷ 11-19)։

Եւ այսօր ալ, երախտագէտները կը կազմեն աւելի քիչ մաս մը՝ քան ապերախտները։

Հին ուխտին մէջ, երկրիս երախայրիք եղող հացը եւ գինին Արարչին «զոհ» մատուցուած են ի նշան երախտագիտութեան։ Իսկ Սուրբ Պատարագի խորհուրդը Հօր մատուցուած գոհաբանութեան զոհակատարում մըն է, օրհնաբանութիւն մը՝ որով Եկեղեցին Աստուծոյ իր երախտագիտութիւնը կ՚արտայայտէ այն բոլոր բարիքներուն եւ այն ամէն ինչին համար, զորս Ան իրագործեց Իր արարչագործութեամբ, փրկչագործութեամբ եւ սրբացումով։ Քանի որ նոյնինքն Քրիստոս խորանին խորհուրդին մէջ ներկայ է, հարկ է մեծարել զԻնք երկրպագութեան պաշտամունքով։ Ամենասուրբ Խորհուրդին այցելութիւնը երախտագիտութեան ապացոյց մըն է, նշան մըն է սիրոյ եւ երկրպագութեան պարտականութիւն մը Քրիստոսի՝ մեր Տիրոջ հանդէպ։

Արդարեւ, երախտագիտութեան զգացումի արտայայտութիւնը ենթագիտակցօրէն կը նպաստէ մարդուս տրամադրութեան վրայ, ինչպէս՝ հատուցուած պարտք մը կը հանգստացնէ պարտականը։ Բարոյական գոյութիւնը պատասխա՛ն է Տիրոջ սիրազեղ նախաձեռնութեան։ Ան «երախտագիտութիւն» է, մեծարանք է Աստուծոյ եւ պաշտամունք՝ գոհաբանութեան։ Ան համագործակցութիւն է այն ծրագրին հետ, զոր Աստուած կը հետապնդէ պատմութեան մէջ։

Երախտագիտութիւնը, արդարեւ, աղօթքի լրացուցիչն է, քանի որ ամէն շնորհ, ամէն պարգեւ, ամէն բարիք պէտք է փոխարինուի երախտագիտութեամբ, եւ այն ատեն աղօթքը կը հասնի իր նպատակին։

Արդար է «զոհ»եր մատուցանել Աստուծոյ ի նշան երկրպագութեան եւ երախտագիտութեան, պաղատանքի եւ հաղորդութեան. ուստի Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Իսկական զոհ է ամէն արարք, որ կը կատարուի Սուրբ Հաղորդութեամբ Աստուծոյ փարելու եւ երջանկանալու համար»։

Մարդ կրնայ Աստուծոյ սիրոյն դէմ զանազան կերպերով մեղանչել եւ այդ կերպերուն առաջնակարգն է ապերախտութիւնը։

Արդարեւ, երախտագիտութիւնը եւ ապերախտութիւնը գոյութիւն ունի հոն՝ ուր մարդ կայ, այս երկուքն ալ անպայման պիտի ըլլայ եւ մարդիկ պիտի շարունակեն երախտագէտ կամ ապերախտ ըլլալ, ինչպէս՝ չար եւ բարի։ Եւ հետաքրքիր է, որ երախտագիտութիւնը աւելի քիչ է, ինչպէս բարին այս աշխարհի վրայ։ Երանի՜ աւելի ըլլար…

Երջանկայիշատակ Շահան Սրբազան Սվաճեան կը պատմէր, թէ երբ տարիներ առաջ Սկիւտար, Սուրբ Խաչ եկեղեցին ամէն առաւօտ ժամերգութիւն կը կատարէր, ամէն օր երիտասարդ կին մը ներկայ կ՚ըլլար, յետոյ, միջոց մը վերջ սկսաւ բացակայիլ այդ երիտասարդուհին։ Եւ օր մը փողոցը հանդիպեր է անոր եւ հարցուցեր, թէ ինչո՞ւ ժամերգութիւններուն այլեւս ներկայ չի գտնուիր։

Երիտասարդ կինը միամտօրէն կը պատասխանէ. «Ամուսինս հիւանդ էր, կու գայի աղօթելու իրեն համար Աստուծոյ, որ բժշկուի։ Եւ հիմա բժշկուեցաւ, եւ ես ալ այդ պատճառով այլեւս եկեղեցի չեմ գար, քանի որ փափաքս իրականացաւ ինչո՞ւ գամ եկեղեցի…»։

Մինչեւ այսօր կը խորհիմ, թէ այդ կինը իրապէս «ապերախտ» մըն էր, թէ երախտագիտութեան գիտակցութիւնը չունեցող «պարզամիտ» մը…

Բայց լաւ օրինակ մըն էր Սրբազանին պատմած այս դէպքը, թէ՝ Աստուծոյ հանդէպ երախտագիտութեան հարցին թերութիւններ ունինք եւ պէ՛տք է լրացնենք զայն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 16, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 17, 2025