ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՕՐՈՒԱՆ ՍԿՍԻԼ
Բնութեան հետ եւ բնութեան մէջ սկսիլ օրուան որքա՜ն օգտակար է եւ կազդուրիչ է մարդուս թէ՛ մարմնապէս եւ թէ՛ հոգեպէս։ Բնութիւնը, արդարեւ, ինքնին ոգեւորիչ է եւ սրտապնդիչ, քանի որ բնութեան մէջ աղօթքը շատ կանուխ կը սկսի, նոյնիսկ եկեղեցւոյ զանգակի ղօղանջէ առաջ, խորհրդաւոր լռութեան մէջ։ Մարդ երբ տակաւին չէ սկսած իր առօրեայ աղօթքը դէպի Աստուած բարձրացնել, բնութիւնը արդէն սկսած է աղօթել…
Մարդ պարտի այս դիւթական եւ խորհրդաւոր պահուն կանգնիլ՝ մասնակից ըլլալու եւ ձայնակցելու համար այն աղօթքին, որ սկսած է արդէն բնութեան մէջ։ Ուստի, բնութեան հետ եւ բնութեան մէջ աղօթել՝ մարդը աւելի եւս կը մօտեցնէ Աստուծոյ՝ առանձին եւ մեկուսի՛։
Բնութեան հետ եւ բնութեան մէջ աղօթքը կը սկսի լուռ եւ անձայն աղօթքով, բխած՝ ուղղակի սրտէն։ Բնութեան մէջ աղօթքին կը միանայ քաղցր երաժշտութիւն մը՝ ուր կը յայտնուի Աստուած եւ այն, որ կը մասնակցի այս աղօթքին, կը զգայ Աստուծոյ ներկայութիւնը իր հոգւոյն մէջ եւ կը տեսնէ ճշմարտութիւնը իր հոգեւոր աչքերով։ Աղօթողը Աստուծոյ Հոգիին հետ հաղորդակցութեան կապ մը կը ստեղծէ լռութեամբ, յետոյ՝ կը փառաբանէ զԱյն, շնորհակալութիւն կը յայտնէ։ Արդարեւ, ամէն աղօթք պէտք է սկսի երախտագիտութեան արտայայտութեամբ, քանի որ աղօթելու համար Ա՛ն է, որ տուած է կարողութիւն թէ՛ մարմնապէս, թէ՛ հոգեպէս եւ թէ մտապէս։ Յետոյ հարկ է ներողութիւն խնդրել գործուած բոլոր մեղքերու համար, որպէսզի մաքուր սրտով եւ մաքուր լեզուով կարելի ըլլայ աղօթել։ Ուստի, աղտոտ սրտով եւ բերանով աղօթել կը նմանի կեղտոտ պնակով ուտելիք տալ մէկու մը։ Աղօթքը պէտք է մատուցուի մաքուր սրտով։
Բնութեան մէջ աղօթքը միշտ նոյն ընթացքը ունի։
Բայց մարդը, յաճախ կը խափանէ այս ընթացքը։ Մարդը կը սկսի աղօթել անհաճ աղմուկով, թոհով դոփիւնով, մտացիր ու անմտադիր, եւ երբեմն ալ կեղտոտ սիրտով։ Եւ այս բոլորը պատճառ կ՚ըլլան՝ որ Աստուած հեռանայ մեզմէ, մինչ կ՚ուզէինք այնքան մօտենալ Իրեն։ Կանգնած, վերանորոգուած, մաքրուած երբ կը միանանք բնութեան, ինչե՜ր կը տեսնենք. հոգեւոր աչքեր կը վկայեն բնութեան խորհուրդներուն։ Հոն, ահաւասիկ, մթութեան, խաւարի վարագոյրը թեթեւ մը մէկ կողմ կը քաշուի եւ կը յայտնուին բարութիւններ մարմնացած, անտեսանելիներ՝ տեսանելի դարձած։ Թռչուն մը՝ ժամկոչի պէս կը հրաւիրէ մեզ. «Ելէ՛ք, մօտեցէ՛ք եւ բացէ՛ք ձեր բերանները՝ որպէսզի սկսիք փառաբանել զԱստուած»։ Ասիկա կը ծաւալի ծառէ ծառ, թուփէ թուփ, մինչեւ որ երկնային հրեշտակները բնութեան «տաճար»ը լեցնեն իրենց հմայական երաժշտութեամբ։ Անոնք կը փառաբանեն եւ կ՚երգեն Աստուծոյ փառքը մեծ ոգեւորութեամբ։
Ինչպէս բնութեան մէջ Աստուած կը յայտնուի աղօթքով, նոյնպէս մարդուն հոգիին մէջ կը յայտնուի եւ կը ներկայանայ Աստուած։ Կեանքը աղօթք է, նաեւ կեանքը ուրախութիւն է, երաժշտութիւն է։ Երբ Աստուած կը ներկայանայ, կը յայտնուի եւ կը բնակի մարդուս մէջ՝ հո՛ն խաղաղութիւն, հաշտութիւն, խոնարհութիւն, գոհունակութիւն եւ երանութիւն կը տիրեն, Աստուած ալ մեր կեանքին մէջ Իր ճշմարտութեամբ, պայծառութեամբ կը յայտնուի բնութեան մէջ Իր լոյսով եւ երաժշտութեամբ։
Մարդ յաճախ կը մոլորի իր յուսահատ փնտռտուքին մէջ՝ կեանքի լռութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը։ Ան կը մտածէ, թէ եթէ նիւթական հանգստութիւն գտնէ՝ Աստուած իր ճամբուն վրայ կը յայտնուի։
Դէպի Աստուած «ծաղկալից ճամբայ» չկա՛յ։
Ճամբան աղօթքն է. Աստուծոյ ներկայութիւնը կարելի է վալելել աղօթքով։ «Նախ փնտռե՛լ Աստուծոյ Արքայութիւնը»։ Աղօթքը մարդուս կեանքին, ձգտումներուն, որոնումներուն եւ ընդհանրապէս, կարելի է ըսել, «օրուան սկիզբը» պէ՛տք է ըլլայ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 15, 2025, Իսթանպուլ