ԶԱՒԱԿ-ԽՈՀԱՆՈՑ-ԵԿԵՂԵՑԻ

Պէտք է մտածել, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կինը յայտնուած է այս վիճակին. ամէն երեւոյթ անպայմանօրէն իր պատճառն ու ենթահողը կ՚ունենայ եւ կնոջ ստրկութեան պարագան կը կարծենք հիմք ունի Աստուածաշունչը։ Այսպէս, օձը Եւան մոլորեցուց այն ժամանակ՝ երբ Ադամ հեռու էր Եւայէն. կինը խաբուեցաւ, երբ առանձնութեան մէջ էր: Այս երեւոյթը շատ մը մշակոյթներու մէջ տուած է այն համոզումը, որ կինը առանց տղամարդու տկար է եւ ենթակայ ամէն տեսակ մոլորութեանց ու խաբէութեանց. կինը իր ամուսինէն հեռու գտնուած ժամանակ հետաքրքրուեցաւ եւ ցանկութիւնը ունեցաւ արգիլուած պտուղը փորձելու եւ գայթակղելով սայթաքեցաւ:

Եթէ Ադամ Եւայի հետ ըլլար, կրնայ ըլլալ նման սայթաքում մը տեղի չունենար եւ այս համոզումով է, որ մարդոց մէջ յառաջացած է տղամարդուն կնոջ գլուխը ըլլալու համոզումը։ Ա. Կորնթացիներուն մէջ եւս կը տեսնենք, թէ առաքեալը կնոջ գլուխը կը նկատէ ամուսինը եւ ամուսինը կը նմանեցնէ Քրիստոսի: 

Սակայն, այսօրուան մեր յօդուածով կ՚ուզենք համաշխարհայինէն անցնիլ հայկականին եւ հասկնալ, թէ հայ ժողովուրդը ինչ մօտեցում ունեցած է իր կանանց նկատմամբ:

Մեր հայրապետներէն Խրիմեան Հայրիկ իր «Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան մէջ կնոջ դերը հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ. «Աստուած Եւան ստեղծեց Ադամին ոսկորէն, որովհետեւ օտար ստեղծագործութիւն մը տղամարդուն ընկեր չէր կրնար ըլլալ»։ Կինը կողակից էր եւ ընկեր՝ որովհետեւ նոյն ոսկորը ունէր իր մէջ, նոյն բնութիւնը կը կրէր. այդ իսկ պատճառով Խրիմեան Հայրիկ կինը ամուսինէն աւելի նուազ մակարդակի մը վրայ չի դներ. անոր համար երկուքը հաւասար են։ Աւելին, Խրիմեան Հայրիկ կը հաւատայ, որ մայրը ընտանիքի մը հիմնաքարերէն մէկն է. ան հայրը կը ներկայացնէ որպէս տան «թագաւոր», սակայն անմիջապէս կ՚աւելցնէ «եւ մայրն իբրեւ թագուհի» արտայայտութիւնը, մօրը եւս բարձր ու պատուաբեր աստիճան տալով: Այո, թագաւորին խօսքը օրէնք է, սակայն նուազ յարգանքի արժանի չէ թագուհին: Խրիմեան, սակայն, թագաւորէն աւելի կը կարեւորէ թագուհին, որովհետեւ կը հաւատայ, որ ընտանիքի մէջ կը ձեւաւորուի մարդկութիւնը, մշակոյթը, բարոյական կեանքը եւ այդ բոլորին մէջ թագաւորէն աւելի նպաստ ունի թագուհին: 

Մարդկային մեր կեանքին մէջ կնոջ ունեցած դերակատարութիւնը շեշտելու համար Խրիմեան կը համեմատէ պատմութեան մէջ երկու կարեւոր կիները.- Եւան՝ որուն անհնազանդութեան պատճառով մահը ծնաւ, եւ Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ որուն պատճառով հին մահը կեանքի փոխուեցաւ:

Եւ ահաւասիկ, Խրիմեանի լուսամիտ գաղափարները՝ մա՛նաւանդ այն ժամանակաշրջանին, երբ կինը կը շարունակէր թէեւ ոչ-բացայայտ «ստրկութեան» մէջ ապրիլ. «Վասն զի հարսն ստրուկ չէ, այլ իբրեւ ազատ ընկեր իւր փեսային, նոյն հաւասար իրաւունքն ունի, որ իւր ազատակամ հաւանութիւնը նա եւս նուիրէ փեսային»։ Այս տողով Խրիմեան յստակ կը նշէ, որ հարսն ու փեսան ունին հաւասար իրաւունքներ եւ այնպէս ինչպէս փեսան իրաւունք ունի իր կողակիցը ընտրելու եւ հաւանութիւն տալու, նոյն իրաւունքը ունի նաեւ կինը: Խրիմեան նոյնիսկ կը դատապարտէ «օժիտ»ի պարտաւորութիւնն ու ամուսնութեան համար որպէս «գին» աղջկան ընտանիքին տրուած գումարը, այդ բոլորը համարելով «ստրկութիւն» եւ «նուաստ միջոց»:

Ինչպէս հին օրէնքներուն մէջ տեսանք, կինը ունէր որոշ պարտաւորութիւններ. օրինակի համար, տան տնտեսութիւն, դաստիարակութիւն եւ այլն… Խրիմեան Հայրիկ այդ բոլորը որպէս օրէնք ու պարտաւորութիւն ներկայացնելու փոխարէն կը ներկայացնէ որպէս կնոջ մեծագոյն զարդերը՝ շնորհները: Կը դատապարտէ զարդարանքի եւ պճնասիրութեամբ զբաղող կիները եւ դիտել կու տայ, որ կնոջ համար մեծագոյն զարդարանքը իր համեստութիւնն է, անկեղծ ամուսնասիրութիւնը, հաւատարմութիւնը, հնազանդութիւնը, երկիւղածութիւնը, զաւակներու դաստիարակութիւնը, տնտեսվարութիւնն ու խնայողութիւնը. այս բոլորը ո՛չ թէ որպէս պարտաւորութիւն, այլ որպէս կնոջ ունեցած մեծագոյն արժանիքը կը ներկայացնէ: Շարունակելով որոշ օրէնքներու մասին խօսիլ՝ Խրիմեան կը նշէ, որ ընտանիքի մէջ միայն կնոջ համար օրէնքներ գոյութիւն չունին. այդ օրէնքներուն ենթակայ է նաեւ փեսան. Խրիմեան կ՚ըսէ. «Այս պարտիք փոխադարձական է, ո՛չ միայն հարսին համար, եւ փեսային», այսպիսով շեշտելով անոնց հաւասարութիւնը, որովհետեւ օրէնքը եթէ միայն հարսին համար ի զօրու ըլլայ՝ ապա փեսան ինքզինք աւելի «բարձր» զգալով՝ կրնայ վտանգել կնոջ ազատութիւնը: 

Իր ազատամիտ միտքերը աւելի լաւ արտայայտելու համար Խրիմեան Հայրիկ կը յիշէ մարդ ու կին մէկ մարմին ըլլալու պարագան. դիտել կու տայ, որ Աստուածաշունչին մէջ ո՛չ կինը եւ ո՛չ մարդը որպէս մէկ, որպէս կատարեալ չի ներկայացուիր. կինը կէսն է, իսկ տղամարդը միւս կէսը, որով միանալով մէկ կը դառնան. այս «կէս»ի պարագան նոյնիսկ դիտել կու տայ, որ մարդը աւելի չէ կինէն եւ ո՛չ ալ կինը պակաս է ամուսինէն։ Անոնք հաւասար կէսեր են՝ որոնք միանալով մէկ ամբողջութիւն կը դառնան:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է կնոջ մեծագոյն կոչումը:

Պատասխան. Կնոջ մեծագոյն կոչումը մայրութիւնն է, որովհետեւ միայն կինը կրնայ լոյս աշխարհ բերել նոր կեանք: Մայր ըլլալ կը նշանակէ ստեղծել, պահել, դաստիարակել ամբողջ սերունդ մը, անոր մէջ սերմանելով սէր, հոգատարութիւն եւ սրբազան արժէքներ, որոնք կը պահպանեն մարդկային բարութիւնն ու հոգեւոր զարգացումը: Մայրութիւնը կնոջ կու տայ ամենէն մեծ իմաստը՝ դարձնելով ընտանիքը հասարակութեան հիմք եւ նոր սերունդի սկզբնաղբիւր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2025