ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
Աստուածային բոլոր ստորոգելիներէն միայն Աստուծոյ Ամենակալութիւնը յիշուած է «Հաւատոյ Հանգանակ»ին՝ Հաւատամքին մէջ։ Մենք կը հաւատանք, թէ ամենակալութիւնը համընդհանուր է, որովհետեւ Աստուած, որ ամէն ինչի ստեղծիչն է, ամէն ինչ կը կառավարէ եւ ամէն բանի կարող է. սիրող ամենակալութիւն է, որովհետեւ Աստուած մեր Հայրն է. խորհրդաւոր ամենակալութիւն է, որովհետեւ միայն հաւատքը կրնայ տեսնել զայն. «երբ ան կը կատարուի մեր տկարութեան մէջ». (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 9)։
Ուստի, զայն դաւանիլը մեծ տարուղութիւն ունի մեր կեանքին մէջ։
Սուրբ Գիրքը բազմաթիւ անգամներ կը դաւանի Աստուծոյ ընդհանրական զօրութիւնը։ Ան կոչուած է «Յակոբի Հզօր Աստուածը», «Տէր զօրութիւններու», «Հզօրը, Քաջարին»։ Աստուած ամենազօր է. «Երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ». (ՍԱՂՄ. ՃԼԵ 6). «բայց մեր Աստուածը երկինքն է. Անիկա Իր բոլոր ուզածը կ՚ընէ». (ՍԱՂՄ. ՃԺԵ 3), որովհետեւ Ի՛նք ստեղծեց զանոնք։ Ուրեմն, Անոր համար ո՛չ մէկ բան անկարելի է եւ Իր գործը ըստ Իր կամքին կը տնօրինէ։ Ինքն է Տէրը տիեզերքին, Ինք հաստատեց անոր կարգաւորութիւնը, եւ ան Անոր բոլորին ենթակայ եւ տրամադրելի կը մնայ։ Ան Տէրն է պատմութեան. Ինք կը կառավարէ սիրտերը եւ դէպքերը, ըստ Իր կամքին. «Քու մեծ զօրութիւնդ միշտ Քու տրամադրութեանդ տակ է, ո՞վ կարող է ընդդիմանալ Քու բազուկիդ զօրութեան». (ԻՄԱՍՏ. ԺԱ 21)։
Աստուած Ամենակալ Հայրն է։ Անոր հայրութիւնը եւ զօրութիւնը փոխադարձաբար զիրար կը լուսաւորեն։ Արդարեւ, Ան ցոյց կու տայ Իր հայրական ամենազօրութիւնը հոգալով իր կարիքները. (ՄԱՏԹ. Զ 32), մեզի տալով որդեգրութիւնը. «Ես պիտի ըլլամ ձեզի հայր եւ դուք պիտի ըլլաք Ինծի համար տղաներ եւ աղջիներ, կ՚ըսէ Ամենակալ Տէրը». (Բ ԿՈՐՆԹ. Զ 18), եւ վերջապէս զայն ցոյց կու տայ Իր անհո՜ւն ողորմութեամբ, քանի որ գերագոյն չափով կը յայտնէ իր զօրութիւնը, երբ ազատակամ կը ներէ մեղքերը եւ կը բժշկէ հիւանդութիւններ։
Աստուածային Ամենազօրութիւնը ամենեւին կամայական չէ՛. «Աստուծոյ զօրութիւնը եւ էութիւնը, կամքը եւ իմացականութիւնը, իմաստութիւնը եւ արդարութիւնը նոյնն են, այնպէս որ ինչ որ կայ աստուածային զօրութեան մէջ, ըլլալու է Աստուծոյ արդար կամքին կամ Անոր իմաստուն իմացակաութեան մէջ». (Սուրբ Թովմաս Աքուինացի)։
Ամենակալ եւ Ամենազօր Հօր Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւաքտը կրնայ ենթարկուիլ փորձութեան, ի դիմաց չարին եւ չարչարանքին։ Երբեմն կրնայ թուիլ, թէ Աստուած բացակայ է մեր շուրջ եւ անկարող՝ խափանելու չարը։
Սակայն Հայր Աստուած Իր Ամենազօրութիւնը յայտնեց ամենախորհրդաւոր կերպով՝ Իր Որդիին կամովին ունայնացումով եւ Յարութեամբ, որոնց միջոցով Ան յաղթե՛ց չարին։
Այսպէս, խաչեալն Քրիստոս Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնն է. «Որովհետեւ Աստուծոյ յիմարը աւելի իմաստուն է քան մարդիկ, Աստուծոյ տկարը աւելի հզօր է քան մարդիկ». (Ա ԿՈՐՆԹ. Ա 25)։
Քրիստոսի Յարութեամբ եւ Անոր փառաւորութեամբ է, որ Հայրը «ծաւալեց սաստկութիւնը Իր ուժին» եւ յայտնեց, թէ «մեզի՝ հաւատացեալներուս համար Իր զօրութիւնը ի՞նչպիսի արտակարգ մեծութիւն կը զգենու». (ԵՓՍ. Ա 19-22)։
Միայն հաւատքը կրնայ մօտենալ Աստուծոյ Ամենազօրութեան խորհրդաւոր ուղիներուն։ Այս հաւատքը կը պարծենայ իր տկարութիւններով՝ Քրիստոսի զօրութիւնը. (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 9), (ՓԻԼ. Դ 13) իրեն քաշելու համար։ Այսպիսի հաւատքին գերագոյն տիպարն է Կոյս Մարիամը՝ որ հաւատաց, թէ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ». (ՂՈՒԿ. Ա 37) եւ կրցաւ մեծացուցանել Տէրը. «որովհետեւ Հզօրն սքանչելիքներ ըրաւ ինծի եւ սուրբ է Անոր անունը». (ՂՈՒԿ. Ա 49)։
Հետեւաբար ոչինչ աւելի ատակ է ամրացնելու մեր հաւատքը եւ մեր յոյսը՝ քան մեր հոգիներուն մէջ խորապէս դրոշմուած այն համոզումը, թէ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ։
Որովհետեւ ամէն ինչ որ յետոյ Հաւատամքը պիտի առաջարկէ մեզի հաւատալ, ըլլա՛ն ամենամեծ, ըլլա՛ն ամենէն անիմանալիները, ըլլա՛ն նաեւ բնութեան սովորական օրէնքներէն աւելի՛ վեր բաները, մեր միտքը հազիւ թէ աստուածային Ամենազօրութեան գաղափարը ունենայ, դիւրութեամբ եւ առանց ո՛չ մէկ վարանումի պիտի ընդունի զանոնք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 16, 2025, Իսթանպուլ