ԿՈՉՆԱՏԷՐԸ ՄԻՇՏ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ
«Երանի՜ անոր որ Աստուծոյ արքայութեան մէջ ճաշ պիտի ուտէ». (ՂՈՒԿ. ԺԴ 15)։ Փարիսեցիներ՝ Օրէնքին տառացի գործադրութեամբ, խստիւ կը պահէին Օրէնքը։ Իրենք, այս խստապահանջութեամբ մոլեռանդ եւ կրօնամոլ էին եւ այս պատճառով իրենք զիրենք առանձնաշնորհեալ կը համարէին. ինքնահաւան, մեծամիտ եւ հպարտ։ Անոնք համոզուած էին, որ ճշմարտութիւնը միայն իրենք գիտէին։ Իսկ Յիսուս՝ խոնարհ էր, միշտ աղքատներուն, տկարներուն քով, քանի որ Ա՛ն էր ճշմարտութիւնը։ Յիսուս աղքատը եւ տկարը կը պահպանէր եւ կը պաշտպանէր։ Յիսուս սիրով կը մօտենար բոլոր մարդոց՝ հանդուրժող էր եւ միշտ խոնարհ եւ միացնող։
Ահաւասի՛կ, Յիսուս, այս պայմաններու ներքեւ խօսեցաւ «Մեծ խնճոյքին առակը». (ՂՈՒԿ. ԺԴ 15-24), (ՄԱՏԹ. ԻԲ 1-10)։ Այս առակին մէջ կոչնատէրը հրաւէր կ՚ուղղէ իր բարեկամներուն՝ որոնք բոլորն ալ զանազան պատրուակներով կը մերժեն հրաւէրը։ Բոլորին ալ մերժումին պատճառը աշխարհային հաճոյքներ էին, եւ կը նախապատուէին իրենց վայելքները։
Այս առակին մէջ խնճոյքը Աստուծոյ արքայութիւնն է եւ հրաւէրը՝ երկնային արքայութիւնը։
Փարիսեցիները միայն իրենք զիրենք արժանի կը նկատէին երկնային արքայութեան։ Անոնք համոզուած էին, որ միայն իրենք պիտի վայելեն երկնային արքայութիւնը։ Կոչունքը՝ ճաշկերոյթը միայն իրենց համար պատրաստուած կը կարծէին։
Առակը, այսօր եւս կը պատկանի եւ կը համապատասխանէ մերօրեայ փարիսեցիներուն։
Աստուած՝ որպէս կոչնատէր որքա՜ն քաղցր է, որ հրաւիրած է ամբողջ մարդկութիւնը, անխտիր, քանի որ ամէն մարդ Աստուծոյ արարածն է. Աստուած Հա՛յր է եւ մարդը՝ Անոր որդին։ Համայն մարդկութիւնը եւ անխտի՛ր…
Ուստի, հրաւէրը համայնակա՛ն է. բոլորին ուղղուած եւ ընդհանուրին վերաբերեալ։ Երկնային արքայութեան, հացկերոյթին հասնելու համար պէտք է սահմանաւորել եւ չափաւորել աշխարհային զբաղումները, վայելքները եւ հաճոյքները։ Մենք բոլորս անխտիր հրաւիրուած ենք այս խնճոյքին, այլ եւ ընդունիլ կամ մերժել մեր «ազատ կամք»ին հետեւանքը պիտի ըլլայ եւ որուն արդիւնքին պատասխանատուն ալ մենք պիտի ըլլանք՝ առակին մէջ հրաւէրը մերժողներուն պէս։
Արդարեւ, «Աստուծոյ նկատմամբ մանկանալը». (ՄԱՏԹ. ԺԸ 3-4)՝ Արքայութիւն մտնելու նախապայմանն է. առ այս՝ հարկ է խոնարհիլ. (ՄԱՏԹ. ԻԳ 12), մանկանալ, դեռ աւելին՝ հարկ է «ծնիլ ի վերուստ» (ՅՈՎՀ. Գ 7), «ծնիլ Աստուծմէ». (ՅՈՎՀ. Ա 13), ըլլալու համար «որդիներ Աստուծոյ». (ՅՈՎՀ. Ա 12)։ Բոլոր մարդիկը կանչուած-հրաւիրուած են մտնելու Արքայութիւն։ Ան սահմանուած է ընդունելու ամբողջ մարդիկը՝ անխտի՛ր։
Հոն մուտք գործելու համար կը բաւէ լսել եւ ընդունիլ Յիսուսի Խօսքը։ Արդարեւ, Յիսուսի Խօսքը նման է դաշտի մը մէջ ցանուած սերմին. Անոնք, որոնք Խօսքը հաւատքով կ՚ունկնդրեն եւ կը միանան Քրիստոսի «փոքր հօտ»ին, կ՚ընդունին Անոր Արքայութիւնը։ Այնուհետեւ սերմը կ՚աճի իր զօրութեամբ մինչեւ ժամանակը հունձքին։
Արքայութիւնը կը պատկանի «աղքատներ»ուն եւ «մանուկներ»ուն, այսինքն անոնց՝ որոնք զԱյն խոնարհ սրտով կ՚ընդունին։ Յիսուս առաքուեցաւ որպէսզի «աւետարանէ աղքատներուն». (ՂՈՒԿ. Դ 18)։
Յիսուս կը հրաւիրէ նաեւ «մեղաւորներ»ը Արքայութեան սեղանին. «Չեմ եկած կանչելու արդարները, այլ մեղաւորները». (ՄԱՐԿ. Բ 17), (Ա ՏԻՄ. Ա 15), կը հրաւիրէ զանոնք ապաշխարութեան եւ դարձի՝ առանց որոնց կարելի չէ Արքայութիւն մտնել. ապա խօսքով եւ գործով անոնց ցոյց կու տայ Իր Հօր անսահման գթութիւնը անոնց հանդէպ. (ՂՈՒԿ. ԺԵ 11-32), ինչպէս նաեւ երկինքի մէջ անհուն «ուրախութիւնը մէկ մեղաւորի համար, որ կ՚ապաշխարէ». (ՂՈՒԿ. ԺԵ 7)։ Գերագոյն ապացոյց այդ սիրոյն պիտի ըլլայ Իր կեանքին զոհաբերումը «մեղքերուն թողութեան համար». (ՄԱՏԹ. ԻԶ 28)։ Յիսուս Առքայութիւն մտնելու կոչ կ՚ընէ առակներով, եւ ասիկա յատկանիշն է Իր ուսուցումին, (ՄԱՐԿ. Դ 33-34)։ Ան առակներով կը հրաւիրէ Արքայութեան խնճոյքին. (ՄԱՏԹ. ԻԲ 1-14)։
«Մեծ խնճոյքին առակ»ին պատկերը յստակ է եւ ոգին՝ յայտնի՛։ Աստուծոյ կարգաւորութեան հանդէպ մարդոց դիրքորոշումը կը յայտնէ ան։ Չորս խումբով կարելի է դասակարգել հրաւէրը մերժող մարդիկը։
Առաջին խումբը անհետաքրքիրներ են՝ որոնք չեն ուզեր իրենց հանգիստը վրդովել։ Աշխարհասէրներ են անոնք։ Երկրորդ խումբը՝ անոնք, որոնք հետաքրքիր կ՚երեւին, բայց ուրիշ գործերու մէջ մխրճուած են։ Անոնց համար կրօնքը աշխարհային ասելի եւ անասելի հաճոյքներու պաշտամունքն է։ Իսկ երրորդ խումբը հրաւիրուելով եկած է ճաշկերոյթին։ Սակայն այս մարդիկը յարմար եւ պատշաճ հագուստ չեն կրեր, որովհետեւ խնճոյքի համար տունէ չեն ելած, այլ պատահմամբ հրաւիրուած են։ Անոնք արտաքնապէս հանդիսութեան-խնճոյքի հիւրեր են, բայց ներքնապէս՝ հոգեպէս այդ դիրքին եւ պատիւին մարդիկը չե՛ն։ Ասոնք կրնային շուտ մը, աճապարելով տուն երթալ եւ իրենց հագուստը փոխել եւ կոչունքի նպատակին յարմարիլ։ Բայց չեն ըրած այն, ի՛նչ որ պէտք էր ընէին։ Խնճոյքի գացած են հասարակ հագուստով, պարզապէս հրաւիրողը նախատելու համար։
Ասոնք եկեղեցիին մէջ գտնուող այն մարդիկն են՝ որոնք նկատումներով եկած են։ Իրենց աթոռին անյարմար մարդիկ են։ Պօղոս առաքեալի խօսքով՝ ասոնք Քրիստոսը չեն հագած, այլ իրենց ձորձերով կը մնան։
Այս դասակարգը արտաքնապէս եկեղեցիին կը պատկանի, բայց ներքնապէս քրիստոնէական ոգիով չէ լեցուած։ Այս նկարագրով մարդիկ մարմնին մեռած անդամներն են, որոնք կը վնասեն եւ կը տկարացնեն մարմինը։ Անոնք ծառին չորցած ճիւղին կը նմանին, թէեւ ծառին վրայ փակած կը մնան, բայց անաւիշ եւ անպտուղ կը մնան։ Այս խումբը կարելի է կոչել «կիրակնօրեայ քրիստոնեաներ» եւ շաբաթամիջեայ «հեթանոսներ»։
Չորրորդ խումբը շիտակ կերպով հագուած եւ կոչունքին նպատակին համար գացողներն են, որոնք կը վայելեն բոլոր վայելքները…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 17, 2026, Իսթանպուլ