ԱՆՕԹԻ ՈՒ ԹՇՈՒԱՌ ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԷՆ ՄԻՆ

Դժուարութիւնը, տառապանքը, ցաւը, վիշտն ու տանջանքը վախազդեցիկ զգացումներ են, որոնցմէ ամէ՛ն «իմաստուն» մարդ կը փորձէ խուսափիլ, սակայն, միւս կողմէ, կան «խենթ»եր, որոնք ուժ, կորով եւ զօրութիւն կը ստանան այդ բոլորէն, որուն արդիւնքը կ՚ըլլայ ստեղծագործութիւն մը։ Բացէ՛ք եւ սերտեցէ՛ք մեր հայ գրականութեան տիտաններու կոթողները եւ այդտեղ պիտի տեսնէք ցաւի առկայութիւնը, որ կոփելով միտքն ու հոգին արուեստի գլուխ գործոցներ կրնայ ստեղծել: Սակայն, այդ ցաւը եւս ունի որոշ սահման մը, որմէ անդին արդէն կենդանի գեհենը սկիզբ կ՚առնէ՝ նոյնիսկ մտաւորական-արուեստագէտին համար: 

Այդ տառապանքին ու տագնապին ինչութիւնը հասկնալու համար կը կարդամ սփիւռքահայ մեծագոյն գրողներէն Շահան Շահնուրի նամակները։ Շահնուր հայ ժողովուրդի պատմութեան հեռատես գրողներէն մէկն է. սրտցաւ հայ մը՝ որ տակաւին 1930-1940-ական թուականներուն կը բարձրաձայնէր, թէ ինչպիսի մեծ պատուհաս կրնայ դառնալ նոր սերունդի հայերէն լեզուի մոռացութիւնը, սեփական արժէքներէն հեռանալը. տաղանդաւոր գրող մը՝ որ իրապէս մտահոգուած է իր ազգի ապագայով, հայերէն լեզուի գոյատեւման հրամայականով: Գրեթէ նման մտահոգութիւններ առաւել կամ նուազ չափով արտայայտած են այլ մտաւորականներ եւս, սակայն, Շահնուրի ոճը, լեզուն եղած է հաստատ, խիստ եւ շատ անգամ մինչեւ իսկ վիրաւորող, որովհետեւ իրեն համար չէր կրնար աւելի վիրաւորական բան ըլլալ՝ քան սեփական ազգութենէն, արմատներէն հեռանալը: Շահնուր (գուցէ իր ոճին պատճառով) շատ անգամ քննադատութեան արժանացած է նաեւ իրեն ժամանակակից գրողներու եւ մտաւորականներու կողմէ, սակայն, մնացած է հաստատ իր համոզումներուն, իր կեցուածքին մէջ։ Մինչ այդ, ինչպէս այլոց պարագային, Շահնուրի հանդէպ եւս մեր ազգը չէ կրցած իր երախտագիտութիւնը յայտնել. մեծ մտաւորականին եւ նման ստեղծագործ միտք մը դատապարտած է թշուառութեան, չքաւորութեան եւ խեղճութեան: 

Շահան Շահնուր Գեղամ Ֆէնէրճեանին գրած իր նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Թշուառ կեանքը, իր տառապանքներով կրնայ խթան մը ըլլալ եւ արուեստի երկի մը ծնունդին նպաստել. բայց որքա՞ն ատեն։ Սահմանէ մը անդին երբ շարունակուի այն զզուելի կեանքը, գրողը կ՚ըլլայ դառնացած մը, անէացած մը, բթացած մը»: 

Մտաւորականին նամակներէն պարզ կը դառնայ, որ անոր մեծագոյն ցաւը երկու բաներ են. նիւթական անկարողութիւնն ու առանձնութիւնը։ Ան իր նամակներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Երբեք ինքզինքս այսքան առանձին զգացած չէի» եւ իր վիճակը իր բարեկամին յայտնի դարձնելու համար կը գրէ. «Հիմա վիճակս ողբալի բան է, լալիք բան է եւ անշուշտ ես կու լամ ամէն օր»։ Ի դէպ, յայտնենք, որ Շահնուր իր գրականութեան մէջ երբեք նման դժուարութիւններու մասին չի խօսիր. այս բոլորը անկեղծ նամակագրութիւններ են իր եւ իր բարեկամ Գեղամ Ֆէնէրճեանին միջեւ։ Հաւանաբար, Շահնուր երբեք չէր երեւակայեր, որ օր մը, յետ մահու այդ նամակները ի մի հաւաքուելով հանրութեան դիմաց կը դրուին, որովհետեւ նկարագրով խիզախ, Շահնուր իր այդ դժուարութիւնները ո՛չ ոքի կը յայտնէր: Նամակներէն շատ աւելի յստակ կը դառնայ Շահնուրի եւ Գեղամի բարեկամական մօտիկութիւնը, որովհետեւ Շահնուր կը համարձակի նոյնիսկ գրել. «Բնա՛ւ, բնա՛ւ դրամ չունիմ. այս բառերուս տուր իրենց ամբողջ իմաստը»: 

Շահնուր՝ որ ամբողջ կեանքը նուիրած է գրականութեան, իր դժուարին օրերուն չի գտներ հայ ժողովուրդի աջակցութիւնը. իր նամակներէն դուրս բերուած այս տողերը բաւարար են հասկնալու կացութիւնը. «Բժիշկ բերելու դրամ չունիմ… դեղի պէտք ունիմ, բայց գնել կարելի չէ: Բնա՛ւ, բնա՛ւ դրամ չունիմ. այս բառերուս տուր իրենց ամբողջական իմաստը…»։ Այս տողերէն ետք կու տայ դեղի մը անունը եւ կը խնդրէ անպայմանօրէն այդ դեղը ապահովել, որովհետեւ հիւանդութիւնը, ցաւերը քայքայած են թէ՛ մարմնական եւ թէ հոգեկան վիճակը: 

Անշուշտ, աղքատութենէն ու հիւանդութենէն զատ մեծ մտաւորականին հոգին կը կրծէ ամօթը։ Ան իր ամենէն անհրաժեշտ պէտքերուն դրամը անգամ «մուրացկանի» մը պէս իր քովիններէն կ՚ուզէ… Միւս կողմէ, շատ մը բարեկամներ անպատասխան կը ձգեն իր նամակները. օրինակի համար, Թէլեան եւ Չաքրեան աւելի քան ամիսներ անպատասխան կը ձգեն մեծ մտաւորականին նամակները եւ ամօթէն կ՚որոշէ այլեւս չգրել։ Անոր նամակներուն մէջ կ՚երեւի մինակութեան ցաւը. իր նամակներէն մէկը կը վերջացնէ հետեւեալ տողերով. «Կ՚աղաչեմ, շատ կ՚աղաչեմ գրեցէք ինձ: Նոյնիսկ եթէ չկարենաք նիւթապէս օգնել, գրեցէք»: 

Այնպիսի դժուարին պայմաններ կ՚ապրի Շահնուր, որ 1940 թուականի յունուարի 30-ին Գեղամին կը գրէ. «Սաստիկ կը նեղուիմ նաեւ անօթութենէ (այնպէս որ գիշերը երազիս մէջ միշտ սեղան կը նստիմ)»: Իսկ անօթութենէն աւելի զինք կը տառապեցնէ գրականութեան պակասը, որովհետեւ ո՛չ կրնայ օրուան թերթերը գնել ու կարդալ եւ ոչ ալ նոր հրատարակութիւններու հետեւիլ: Ու այս ամէնուն վրայ կու գայ նոյն ողբը. 

«Վիճակս ողբալի բան է. ո՛չ ոք, ո՛չ ոք չի պատասխաներ գրութիւններուս…»:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Հայ երաժշտութիւնը ոչ միայն տխուր չէ, այլ համակ ուժ ու կենդանութիւն է եւ իր մէջ կը սնուցանէ փիլիսոփայութիւն, ցեղին ոգին, որովհետեւ երաժշտութիւնը ամենէն մաքուր հայելին է ցեղին, ամենէն հարազատն ու կենդանին անոր բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ:

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 18, 2026