ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՎԻՇՏԻ ԴԷՄ
Եթէ հարցնեն, թէ կեանքի մէջ ամենէն դիւրին բանը ի՞նչ է, անիկա՝ ուրիշին խրատ տալն է։ Արդարեւ, դիւրին է աժան խրատ տալ անոնց՝ որոնք վիշտի մէջ են։ Կեանքի փիլիսոփայութիւնը, սակայն, մեզ կ՚առաջնորդէ յաղթանակ տանելու վիշտի դէմ՝ բոլոր պարագաներու տակ, եւ քաղելու բարերար արդիւնքներ։
Իրականութեան մէջ, վիշտի դէմ յաղթանակ տանելու առաջին պայմանն է՝ յուսահատութիւնը մոռնա՛լ բոլորովին։ Ուստի, թէեւ դժուար, բայց, կարելի է վիշտը, ցաւը եւ ձախողութիւններ ժպիտով դիմաւորել եւ դիմագրաւել զանոնք այնպիսի ձեւով մը՝ որպէսզի անոնք նպաստ բերեն խաղաղութեան եւ յաջողութեան։ Ուստի, հաւատքը վստահութիւն կը ներշնչէ, եւ վստահութիւնը՝ ներքին խաղաղութի՛ւն։
Հաւատացեալը չի կարծեր, որ իր վիշտը եզական է։ Ընդհանրապէս, վշտահար մը կը կարծէ, թէ իր վիշտը միա՛յն իրեն յատուկ է եւ ամենէն ծանր վիշտը իր վիշտն է։ Բայց, վիշտը անպատճառ մեզ պիտի գտնէ տարբեր ձեւերով աշխարհի մէջ։ Զոր օրինակ, մահը. կարելի՞ է երեւակայել, թէ մահը գոյութիւն չունենար։ Սերունդ մը կ՚երթայ՝ տեղը կը պատրաստէ յաջորդ սերունդի մը։ Մահը եզական՝ տարասովոր երեւոյթ մը չէ՛, ան ամէն մարդու կը պատահի անխուսափելիօրէն ժամանակի ընթացքին։
Եւ վիշտի ուրիշ տեսակներ՝ առողջութեան կորուստ, զանազան ձախողութիւններ, ընտանեկան ապերջանկութիւն, մինակութիւն, եւ այլն. այս բոլորը տեղի կ՚ունենան մասամբ մարդոց տմարդութիւններու պատճառաւ, մասամբ այն պատճառով, թէ մարդ անկատար աշխարհի մը վրայ կ՚ապրի։ Ուստի, մարդ անկատար տէրն է անկատար աշխարհի մը։ Եւ այսպիսի անկատար աշխարհի մը վրայ՝ կասկած չկայ, որ նեղութիւններ, վիշտեր, ձախողութիւններ տեղի պիտի ունենան։ Արդարեւ, կարեւորը անոնց պատահիլը չէ՛, այլ անոնց թողած ազդեցութիւնը ենթակային վրայ։ Անոնք կրնան կերտել կամ քայքայել ենթական, եւ ասիկա կախում ունի անոնց հանդէպ անոր բռնած դիրքէն, յո՞յս թէ յուսահատութիւն…
Վշտահարը պէտք է խղճայ իր վրայ, քանի որ ան կը մղէ ներհայեցողութեան՝ որ պիտի բորբոքէ վիշտը։
Հոգեբանական իրողութիւն մըն է, թէ եթէ վէրք մը զերծ է ինքնախղճացումէ, շուտ կը բուժուի։ Ինքնախղճացումը առիթ կու տայ, որ ուրիշներ եւս խղճան վշտահարին վրայ, եւ այդ՝ պարտութեան ճամբան է։ Ինքն իր վրայ խղճացող մարդը խղճալի մարդ է։
Շատեր իրենք զիրենք մեծ ցաւերու կը մխրճեր, ինչ որ սխա՛լ է։ Ասիկա անձնականութեան քայքայումն է։ Իրական մարդասիրութեան արտայայտութիւնն է՝ ինքնավստահ կեցուածք մը…
Ցաւերու, վիշտերու եւ նեղութիւններու մասին անկեղծ բարեկամի մը հետ, ինչ որ դժբախտաբար հազուագիւտ է, խորհրդակցիլ։ Բայց պէտք չէ տարածել ցաւերը, քանի որ շատերու կեղծ վարմունքով եւ անտարբերութեամբ ցաւեր պիտի աւելնան եւ վէրքեր բորբոքին։ Աւելի նախընտրելի է անկեղծ թշնամին, քան կեղծ բարեկամը։ Մարդիկ երբ կը մտածեն մէկու մը մասին, ո՛չ թէ անոր վիշտերուն մասին մտածելու են, այլ իր վիշտերուն վրայ յաղթութիւն տանող անձի մը մասին։
Ցաւերը, վիշտերը յայտնող մէկը պէտք չէ՛ ըլլայ «ձանձրացուցիչ մարդ», որուն պէտք է ուշադրութիւն ընել։
Յոյս ունենալ, թէ՝ վիշտը երկար պիտի շարունակէ։ Ուստի, ժամանակը ճարտար բժիշկ մըն է այս մասին։
Երբ վիշտ ունենայ մարդ, պէտք է ինքն իրեն ըսէ. «Վաղը այս ժամանակ ցաւս, վիշտս բնականաբար աւելի՛ պակաս պիտի ըլլայ»։
Նեղութեան հանդէպ ուղղակի պէտք չէ կռուիլ, քանի որ նեղութեան մը դէմ ուղղակի՛ կռուիլ, ենթակային ուշադրութիւնը անոր վրայ կեդրոնացնել կը նշանակէ, եւ մտքի օրէնքը այն է, որ ի՛նչ որ ուշադրութիւնը կը գրաւէ, ուստի ուշադրութիւնը ցաւերէն հեռո՛ւ պահելու լաւագոյն կերպը՝ ուրիշներու շինարար ծառայութիւն մատուցանել է։ Ասիկա ցաւերը կեանքի կեդրոնէն հեռո՜ւները կը տանի։
Մարդ երբ կռուփը՝ բռունցքը սեղմած պատերազմի նեղութիւններու, վիշտերու դէմ՝ մարմինը եւ հոգին պրկուած կ՚ըլլան, եւ Աստուծոյ մխիթարիչ, բուժող, խաղարարար զօրութիւնը չի կրնար մարդուս օգնել։ Ան մարդս կրնայ բուժել եւ խաղաղացնել հանդարտ վիճակի մէջ։
Վիշտի մէջ գանգատիլ՝ կ՚աւելցնէ վիշտը, քանի որ մարդ երբ գանգատի, միտքը պատճառներ պիտի փնտռէ գանգատները արդարացնելու համար, եւ երբ պատճառներ չգտնէ, պիտի յերիւրէ, եւ այդ բոլորը ցաւերը եւ վիշտերը պիտի չափազանցեն եւ այդ կերպով ցաւերը եւ վիշտերը պիտի աւելնան, ծանրանան։ Մարդ որքան որ գանգատի, ա՛յնքան պիտի բարդուին պատճառները։
Վերջապէս, վիշտեր, ցաւեր եւ նեղութիւններ օգտակար կողմ մըն ալ ունին, քանի որ անոնք մարդս Աստուծոյ կը մօտեցնեն, հաւատքը կը զօրացնեն։ Մարդ վիշտերու մէջ կ՚անդրադառնայ որ զինք խնամող, հոգացող Հայր մը ունի, ապաւէն մը՝ բացարձակապէս վստահելի՛…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 17, 2025, Իսթանպուլ