Ա՛Լ ԱՍԿԷ ՎԵՐՋ՝ ՀԱՅ ՉԵՄ
Հայ ազգագրագէտ ու բանահաւաք Երուանդ Լալայեան իր «Վասպուրական. Ազգագրութիւն» աշխատութեան մէջ խօսելով Վանի, Տոսպի եւ Հայոց Ձորի մէջ ապրող հայ ժողովուրդին մասին, կը գրէ. «Օտարազգիների հետ ամուսնութիւն շատ հազուադէպ է եւ միշտ ահագին դժուարութիւնների հետ կապուած»։ Սակայն, ժամանակը այդ «հազուադէպ»ը վերածեց յաճախակիի։ Շատեր կը կարծեն, որ օտար ամուսնութիւնները միայն վերջին մի քանի տասնամեակին աճ արձանագրեց մեր իրականութեան մէջ, սակայն, իրողութիւնը այդպէս չէ. աւելի քան դար մը առաջ սկիզբ առաւ այդ մէկը՝ մանաւանդ երբ գաղթական սերունդին առաջին սերունդը սկսաւ լոյս աշխարհ գալ օտարութեան մէջ։ Եւ այս դժբախտ իրողութեան որպէս փաստ կ՚ուզենք յիշել «Սիոն» ամսագիրին 1941 Նոյեմբեր-դեկտեմբեր թիւի (թիւ 11-12) խմբագրականին մէջ յիշուած հետեւեալ տողը. «Ընտանիքը կազմալուծող խոշոր ազդակներ են նաեւ օտար կրթութիւնը, օտար ամուսնութիւնները, օտար բարքերը, որոնց հետ այնքան դիւրին հաշտուելու զգայարանքները տակաւ կը զօրանան մեր մէջ»։ 1941 թուականին կը զօրանային, իսկ այսօր արդէն իսկ զօրացած ու անդիմադրելի վիճակ մը ստացած է: Լաւապէս գիտենք, որ միայն հայ ժողովուրդը չէ, որ օտար ամուսնութեան այս հարցէ կը տառապի. գրեթէ բոլոր ազգութիւնները այսօր այս հարցը կը դիմագրաւեն, սակայն, ի տարբերութիւն միւսներուն, հայ ազգը ունի հետեւեալ հարցը.
Անցեալին կար հետեւեալ համոզումը. իգական սեռի ներկայացուցիչը, որ օտար ամուսնութիւն կը կնքէ՝ կ՚օտարանայ. այլ խօսքով՝ տան մէջ կ՚իշխէ ամուսնոյն մշակոյթը, լեզուն ու բարքերը. օրինակի համար, երբ հայ երիտասարդուհի մը որպէս հարս օտարազգի տղամարդու մը տունը կ՚երթայ, բնականաբար, պիտի արտայայտուի օտարին լեզուով՝ ամուսնոյն ընտանիքին հասկնալի դառնալու համար։ Այնպէս ինչպէս իգական սեռը իր մականունը կը փոխէ՝ նոյնպէս լեզուն զիջողը կ՚ըլլայ կինը, սակայն, ցաւ ի սիրտ, հայ ժողովուրդի պարագային նոյն վիճակը ունի նաեւ տղամարդու օտար ամուսնութիւնը։ Զարմանալի ձեւով, երբ հայ երիտասարդ տղամարդը ամուսնութիւն կնքէ օտարազգի օրիորդի հետ, կինը հայացնելու փոխարէն՝ դարձեալ ինք կ՚ըլլայ օտարացողը։ Այլ խօսքով՝ օտար ամուսնութիւնը հայ տղամարդն ալ ըլլայ, հայ կինն ալ ըլլայ՝ վախճանը նոյնն է. օտարանալ:
Այս դժբախտ երեւոյթը ներկայացնելու համար Սարուխան աւելի քան կէս դար առաջ կը նկարէ ծաղրանկար մը, որուն տակ կը գրէ. «Թէ՛ հայ երիտասարդը եւ թէ հայ կինը՝ երբ օտարի հետ կ՚ամուսնանան՝ կը նոյնանան ՕՏԱՐԻՆ հետ»: Անշուշտ, այս մէկը «ծաղրանկար» կոչել այդքան ալ խելամիտ բան չէ, որովհետեւ այդտեղ ծիծաղ պատճառով ո՛չ մէկ երեւոյթ գոյութիւն ունի. ամբողջութեամբ հայ ժողովուրդի անցեալը, ինչպէս նաեւ ներկան ներկայացնող արիւնող երեւոյթ մըն է պարզապէս։ Կար ժամանակ, որ հայը իր գացած տեղը Հայաստան կը դարձնէր. այսօր վիճակը ամբողջութեամբ հակառակն է. օտարանալու աննկարագրելի ցանկութիւն ունեցողներ կան մեր ազգին մէջ։ Երբ կը խօսինք օտար ամուսնութեան մասին, ակամայ կը յիշեմ 1800-ական թուականներուն Պոլսոյ թերթերէն մէկուն մէջ հրատարակուած այն հաղորդագրութիւնը, ուր Պատրիարքը կը միջամտէ, որպէսզի հայ օրիորդ մը օտար ամուսնութիւն չկնքէ՝ որովհետեւ այդ թուականներուն մարդոց համար անկարելի էր նման որոշում կայացնել։ Ժամանակը կամաց կամաց մեր մօտ եւս սովորական դարձուց բոլոր այն երեւոյթները, որոնք սովորական դարձած էին «զարգացած» քաղաքակրթութիւններու մօտ:
Ի դէպ, արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ միշտ չէ, որ հայը կ՚օտարանայ։ Անձնապէս կը ճանչնանք ընտանիքներ, ուր օտար կին կամ ամուսին ըլլալով հանդերձ՝ ընտանիքը յաջողած է հայ մնալ ու որպէս հայ ապրիլ, սակայն, լաւապէս գիտենք, որ փոքրամասնութիւն են։ Մօտէն կը ճանչնանք լիբանանահայ մը, որ չինացի կին ունենալով հանդերձ՝ երկու դուստրերը հայկական դպրոց, հայկական ակումբ յաճախած են. անոնցմէ մին ընտիր ասմունքող մըն է այսօր։ Նոյնպէս մօտէն կը ճանչնանք ընտանիք մը, որուն ամուսինը օտար է, սակայն, կինը յաջողած է օտարանալու փոխարէն՝ ամուսինը հայացնել. անոնց անդրանիկ զաւակը Հրանդ անունը կը կրէ:
Այս բոլորով հանդերձ՝ յաճախ շատեր հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ դէմ ենք օտար ամուսնութեան. պատճառը հասկնալը այնքան ալ մեծ փիլիսոփայութիւն չի պահանջեր։ Թորոս Թորանեան իր աշխատութիւններէն մէկուն՝ «Երկիրներ եւ մարդեր» աշխատութեան մէջ կը խօսի օտար ամուսնութիւն կնքած հայորդիի մը մասին եւ կ՚ըսէ. «Օտար ամուսնութիւնը իր տունէն դուրս սահեցուց մայրենի լեզուն»։ Օտար ամուսնութեամբ ո՛չ միայն լեզուն, այլ ազգային գիտակցութիւնը, պատկանելիութիւնը, աւանդութիւններն ու բարքերը դուրս պիտի սահին. այդ տան մէջ հասակ առնող մանուկը ո՛չ ամբողջական օտար եւ ո՛չ ալ ամբողջական հայ պիտի յաջողի ըլլալ. այդ մանուկը մասամբ բախտաւոր պիտի նկատուի, եթէ մայրն ու հայրը նոյն կրօնը ունին. այլապէս այդ մանուկը ո՛չ ամբողջական քրիստոնեայ եւ ո՛չ ալ ամբողջական այլակրօն պիտի յաջողի ըլլալ։
Օտար ամուսնութեան պատճառով այսօր բազմաթի՜ւ սերունդներ զոհեցինք որպէս հայ ժողովուրդ։ 1940-ական թուականներուն օտար ամուսնութիւն կնքող հայորդիները յաջորդող սերունդներուն մեծամասնութիւնը (եթէ ոչ ամբողջութիւնը) այսօր հայերէն չի՛ գիտեր. ունին օտար անուններ (գուցէ նաեւ մականուններ) եւ հազի՜ւ գիտեն, որ ունեցած են հայու արմատներ:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ուսուցիչն
է մատղաշ կեանքերու մշակը եւ ուսուցիչի ձեռքերուն է յանձնուած նոր սերունդի ապագան:
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան