ՑՈՐԵՆԸ ԵՒ ՈՐՈՄԸ
Մատթէոսի Աւետարանի ԺԳ. գլուխը 7 առակներ կը պարունակէ՝ Բնութենէն եւ առօրեայ կեանքէ քաղուած եւ բոլորն ալ կենդանի օրինակներ։
Ահաւասիկ, այս առակներէն մին է «Որոմին առակը». (ՄԱՏԹ. ԺԳ 24-30)։ Միւս առակներուն նման, այս առակն ալ կը ներկայացնէ ներկայ կեանքը։ Արդարեւ, սերմը ցորենի հատիկն է, որ երեք հանգրուաններէ անցնելով մարդուն օգտակար կը դառնայ՝ սերմ, հասկ եւ պտուղ։ Ցորենի հատիկները՝ հունտեր այս երեք հանգրուաններէն վերջ կը պտղաբերին եւ մարդոց օգտակար տարր մը կ՚ըլլան։ Եւ ասոր համար պէտք է համբերել։ Ուստի, համբերատարութիւնը առաքինութիւն մըն է, որ յաջողութիւն կը բերէ։
Այս պարագան՝ քրիստոնեայ մարդուն կը սորվեցնէ նախ եւ առաջ հաւատքի կեանքի մէջ հաստատ ըլլալ, յետոյ՝ բարի Աստուածը հոգեպէս կրելու, իւրացնելու եւ վստահելու գիտակցութիւնը ունենալ, ինչ որ համբերութիւն կը պահանջէ, եւ վերջապէս ուշադիր ըլլալ կեանքի մէջ՝ գիտնալով, որ շուրջը յաճախ կրնան գտնուիլ «որոմ»ներ։ Ուստի, քրիստոնեան, ինք որքան բարի ըլլայ, իր շուրջ պիտի գտնուի «չար»ը եւ պարտաւոր է զգոյշ ըլլալ եւ ըստ այնմ վարուիլ։
Առակը, այս կէտին մեզի կը սորվեցնէ չաճապարել չարը անմիջապէս կորսնցնելու մէջ, այլ համբերել եւ պատշաճ ժամանակին սպասել։
Կեանքի մէջ ցորենը եւ որոմը՝ բարին եւ չարը միասին կ՚աճին։ Աստուած չարին առիթ եւ ժամանակ կու տայ, որպէսզի անդրադառնայ թերեւս իր սխալին եւ բարին գործէ, բարին կատարէ եւ չարը բարի ըլլայ։ Արդարեւ, էականը բարին է եւ չարը բարիին վատասերած վիճակն է եւ թերեւս կրնայ իր բնական վիճակին վերածուիլ, եթէ իրեն առիթ ընծայուի։ Նոյնպէս, Աստուած բարիին ալ ժամանակ կու տայ, որպէսզի բարութիւնը գործի վերածէ։ Ուստի, չի բաւեր «բարի ըլլալ», այլ պէտք է «բարեգո՛րծ» ըլլալ։
Ահաւասիկ, այս երկու պարագաներուն, կարեւոր դեր կը խաղայ համբերութիւնը, քանի որ ո՛չ ցորենը, ո՛չ որոմը անմիջապէս պտղաբեր չեն ըլլար, անոնց համար որոշ շրջան մը, ժամանակ մը անհրաժեշտ է՝ որուն պէտք է համբերութեամբ հպատակիլ։
Հոգեւոր կեանքի մէջ կը գտնուին բազմաթիւ օրինակներ՝ ուր «որոմ»ը «ցորեն»ի վերածուած է. չարը բարի եղած եւ բարի պտղաբերած է։
Պօղոս առաքեալ այս օրինակներէն մին է, թէ ինչպէս հակաքրիստոս մըն էր եւ դարձաւ Քրիստոսի առաքեալ։ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսն ալ կ՚ըսէ, թէ՝ որոմներ կը փոխուին ցորենի համբերութեամբ, եւ իր իսկ կեանքով կը փաստէ այս ճշմարտութիւնը։
Հրէական Թալմուտը կ՚ըսէ, թէ որոմը այլասերած ցորենն է։ Պաղեստինի գիւղացիները կը հաւատան եւ կը հաստատեն, թէ որոմը եւ ցորենը նոյն սերմէն՝ նոյն հունտէն կը յառաջանան։ Երբ որ եղանակը շատ խոնաւ ըլլայ, ցորենը որոմի կը վերածուի։ Հետեւաբար, երբ անձրեւը նպաստաւոր է որոմին՝ ցորենը կ՚անէանայ եւ ասիկա վաւերացուած է բազմաթիւ բուսագէտներու կողմէ։ Եւ ուրեմն, գիտականօրէն ալ՝ չարը բարիին այլասերած վիճակն է։
Յիսուս այս առակով տեսաւ Պետրոս առաքեալի ուրացումը, Յուդայի մատնութիւնը, Անանիային խաբեբայութիւնը, առաքեալներու անհամաձայնութիւնը, Եկեղեցիին բաժանումները եւ վերջապէս մարդոց անմիաբանութիւնը։ Ուստի, «Որոմին առակ»ին մէջ կը ցոլանայ ամբողջ ապագա՛ն…
Առակին մէջ ուշագրաւ է «թշնամի»ին գործած ժամանակը, այսինքն ցորենին որոմի վերածուելու ատենը։ Արդարեւ, «թշնամի»ն գիշերը՝ մութին կը գործէ. ցորենը մութին որոմի կը վերածուի։ Մութ է այն, ինչ որ մարդ չի տեսներ. մարդ կը տեսնէ լոյսի մէջ եւ խաւարը՝ մութը արգելք կ՚ըլլայ ճշմարտութիւնը տեսնելու։ Եւ այս պատճառով չարը կը գործէ միշտ մութին մէջ եւ կը սնանի, կ՚աճի խաւարով։
Յիսուս, այս առակին մէջ «թշնամի» կը կոչէ ան՝ որ ցորենը որոմի կը վերածէ, կամ որոմ կը ցանէ. արդարեւ, «որոմ ցանել» եւ «ցորենը որոմի վերածել» մերձիմաստ են, քանի որ որոմը ցորենին այլասերած՝ վատասերած վիճակն է։ «Չար»ը՝ Սատանան է եւ Սատանան սկիզբէն հրեշտակ էր։ Հրեշտակը վատասերեցաւ եւ Սատանայ եղաւ, ուրիշ խօսքով՝ բարին փոխուեցաւ «չար»ի։ Եւ քանի որ չարը գոյացաւ աշխարհի վրայ, ապա ուրեմն բարին եւ չարը պիտի ապրին կողք կողքի։ Սակայն ուշ կամ կանուխ Դատաստանը պիտի վճռէ իւրաքանչիւրին նկարագիրը եւ յատկութիւնը, բարիին տառապանքը ժամանակաւոր, սակայն չարին տանջանքը՝ մշտնջենակա՛ն։
Համբերութի՜ւն, սիրելիներ, Տէրը եւ Սէրը ձեզի հետ ըլլայ եւ միշտ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 17, 2025, Իսթապուլ