ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…
Հաւատքէն եւ սիրոյ ուսուցումէն ետք աշակերտին անհրաժեշտ է քաջութիւն եւ ուժ՝ յաղթահարելու համար դէպի առջեւ երթալու ճամբուն իր դիմաց ցցուած ցանկացած խոչընդոտ: Աշակերտական տարիներէն քաջութիւն ունենալը կարեւոր է, որովհետեւ այդ քաջութիւնը ո՛չ միայն աշակերտական տարիներուն, այլ ամբողջ կեանքի մը ընթացքը կրնայ փոխել. կը նկատենք, որ այսօր շատ մը աշակերտներ չունին քաջութիւնը հարցում հարցնելու. չունին քաջութիւնը իրենց չհասկցած մասերը դարձեալ հարցնելու՝ վախնալով, որ այդ մէկը կրնայ ուսուցիչին դիտողութեան արժանանալ: Քաջութիւնը կ՚օգնէ, որ աշակերտը մտապէս զարգանայ եւ կ՚ուզենք յստակ ըլլայ, որ քաջութիւն ըսելով վստահաբար նկատի չունինք մարմնական ուժը։ Մտապէս առողջ աշակերտի մը համար քաջութիւնը ո՛չ թէ մարմնական, այլ մտային ու հոգեկան քաջութիւնն է, որու շնորհիւ պիտի յաջողի յաղթահարել որեւէ դժուարութիւն:
Այնպէս ինչպէս մարդկային կեանքին մէջ, նոյնպէս դպրոցին մէջ մանուկը յաճախ կը տեսնէ անարդարութիւն եւ եթէ չունենայ քաջութիւնը, ինքնաբերաբար զոհը կը դառնայ այդ անարդարութեան։ Յայտենք, որ ցաւ ի սիրտ շատ անգամ մանուկներ նոյնիսկ իրենց ծնողներուն չեն պատմեր որոշ անարդարութիւններու մասին եւ այդ մէկը քաջութեան պակասի հետեւանք է։ Ուսուցիչը պէտք է աշակերտին սորվեցնէ քաջութիւնը, որպէսզի վստահի թէ՛ ծնողքին եւ թէ ուսուցիչներուն։ Իսկ եթէ հարցնելու ըլլաք, թէ այդ քաջութիւնը ինչպէ՞ս կը փոխանցուի, պատասխանը պարզ է: Ուսուցիչ մը պէտք է իր օրինակով փոխանցէ շատ մը բաներ. օրինակի համար՝ աշակերտը համարձակութիւնը ունեցաւ բան մը ըսելու, սակայն անոր արդիւնքը չկրցաւ տեսնել ուսուցիչէն՝ միւս անգամ կը զգուշանայ նման բան մը ըսելու՝ որովհետեւ այդ մէկը արդէն իսկ կը նկատէ ապարդիւն: Աշակերտը պէտք է ունենայ քաջութիւն՝ արտայայտելու համար իր կարծիքը, բարձրաձայնելու ճշմարտութիւնն ու մեղադրելու անարդարութիւնը, պէտք է ունենայ քաջութիւն՝ իր սեփական «դատ»ը պաշտպանելու՝ նոյնիսկ եթէ այս բոլորը սխալ են, որովհետեւ աշակերտներու, ինչպէս նաեւ ընդհանուր մարդկութեան համար սխալիլը սխալ չէ՝ մանաւանդ երբ սխալը դէպի սրբագրութիւն ու կատարելագործութիւն կը տանի:
Ինչպէս նախապէս ըսինք, որոշ արժէքներ ո՛չ միայն դպրոցին մէջ, այլ ամբողջ կեանք մը աշակերտին հետ պիտի ըլլան եւ հետեւաբար քաջութիւնը աշակերտին մէջ պիտի ամրացնէ ինքնավստահութիւնը. պիտի զօրացնէ զինք՝ որպէսզի ձախողութեանց դիմաց չյուսահատի եւ յաջողի ձախողութիւնները եւս յաղթանակի վերածել: Այսպէս է, որ պիտի աճի ու զարգանայ աշակերտը, այդ իսկ պատճառով Լինքըն ուսուցիչէն երեքը՝ սէրը, հաւատքը եւ քաջութիւնը կը խնդրէ սորվեցնել:
Ապրահամ Լինքըն շարունակելով իր նամակը կ՚ըսէ. «Սիրելի ուսուցիչ, կ՚աղաչեմ բռնեցէք անոր ձեռքը եւ սորվեցուցէք, որ իւրաքանչիւր թշնամիի դիմաց կայ մի բարեկամ»:
Լինքըն կը խնդրէ, որ ուսուցիչը յաջողի իր զաւակին մէջ սերմանել այն գաղափարը, որ այո՛, աշխարհի մէջ գոյութիւն ունի չարը, սակայն այդ չարին դիմաց գոյութիւն ունի նաեւ բարին եւ մարդ ի՛նք կ՚որոշէ տեսնել չա՞րը թէ բարին: Աշխարհի վրայ կայ մարդ, որ իր կեանքը կը տրամադրէ «թշնամի»ներուն դէմ պայքարելու, իսկ անդին կայ մարդ, որ թշնամիները մէկ կողմ ձգած իր լաւ ու բարի շրջանակը կը կազմէ՝ որ ինքնաբերաբար զինք կը պաշտպանեն այդ թշնամական միջավայրէն: Այս մէկը պարզապէս գիտակցութիւնն է այն ճշմարտութեան, որ այո՛, կան չար մարդիկ, սակայն կան նաեւ բարիներ եւ մարդ ի՛նք պէտք է գտնէ եւ գնահատէ այդ բարին: Աշակերտը պէտք է հասկնայ, որ միշտ թշնամիներ ու դժուարութիւններ պիտի չըլլան. կեանքի մէջ կրնայ ըլլալ նաեւ բարի մարդիկ, որոնք պատրաստ են իրեն աջակցիլ ամենէն դժուար ու անլուծելի կարծուած մէկ պահուն:
Բարիի եւ չարի դասը աշակերտին համար հաւասարակշռութեան դաս է. աշակերտը պէտք է հասկնայ, որ աշխարհի վրայ մի՛շտ ալ կայ բարին եւ կայ վատը։ Մարդ կայ կը գողնայ, իսկ մարդ կայ ողորմութիւն կ՚ընէ, մարդ կայ կը սպաննէ, իսկ մարդ կայ մարդասիրութեամբ կը զբաղի: Աշակերտին այս մէկը չար, այս մէկը բարի է ըսելու փոխարէն պէտք է անոր մէջ զարգացնել չարը բարիէն զանգանելու շնորհքը։ Աշակերտը ի՛նք պէտք է նկատէ անոնց տարբերութիւնները, որովհետեւ ո՛չ ծնողքը եւ ո՛չ ալ ուսուցիչը յաւիտեան իր քով պիտի ըլլան: Աշակերտը դպրոցին մէջ պէտք է սորվի փնտռել դրականը եւ խուսափիլ բացասականէն: Մարդը դէպի անդունդ առաջնորդող մեծագոյն վտանգը ընկերական կապերն են եւ դպրոցական տարիքէն պէտք է սորվեցնել աշակերտին, որպէսզի յաջողի լաւ ընկերը զանազանել վատէն: Բացէ՛ք եւ կարդացէք թմրամոլներու կեանքը. մեծամասնութիւնը յայտնուած են այդ դժբախտութեան մէջ ընկերի մը պատճառով։ Այդ իսկ պատճառով աշակերտը պէտք է ունենայ առողջ դատողութիւն:
Այլ խօսքով՝ Ապրահամ Լիքըն կը խնդրէ ուսուցիչէն, որ իր զաւկին փոխանցէ լայնախոհութիւն, որպէսզի ան կարենայ տեսնել, վերլուծել եւ զանազանութիւն դնել բարիին եւ չարին միջեւ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչն է աշակերտներուն մեծագոյն թշնամին:
Պատասխան. Աշակերտներուն մեծագոյն թշնամին ինքնավստահութեան պակասն է: Երբ աշակերտը չի հաւատար իր կարողութիւններուն, երբ յուսախաբ է ձախողութենէն, կը սկսի հեռանալ ուսումէն՝ մտածելով, որ ինք ունի պակասութիւն եւ յաջողելու համար անբաւարար են իր ուժերը: Այսպիսի մտածելակերպ մը կը կրճատէ անոր յառաջդիմութեան հորիզոնը եւ կը խոչընդոտէ ստեղծագործ ընթացքը: Ուսուցիչին եւ ծնողին դերը կարեւոր է աշակերտը ներշնչելու, ոգեւորելու եւ վստահութիւն ներշնչելու, որպէսզի ըմբռնէ, որ իւրաքանչիւր մարդ ունի իր ընթացքը եւ յատկութիւնները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան