ԷՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲՆՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի կ՚ըսէ, թէ էութիւնը եւ բնութիւնը մէկ են, ինչպէս՝ մարդկութիւնը։ Սակայն «էութիւնը» երբեմն «անձ»ը ցոյց կու տայ, որ ա՛յստեղ է եւ ա՛յժմ, իսկ բնութիւնը՝ ո՛չ։ «Գոյացութիւն»ը բնութեան կը պատկանի կամ ենթակայ է բնութեան, ինչպէս՝ մարդը։ Իսկ «անձ»ը բացորոշ յատկութեամբ ինքն իրմով չզանազանուածն է, ինչպէս՝ «ոմն» մարդը։ Իսկ անձը բացորոշ յատկութեամբ հանդերձ զանազանուածն է, ինչպէս՝ Պետրոսը։ Եւ «անձ» կ՚ըսուի միայն ի պատիւ բանական բնութեան։
Պարզորոշ է, որ եզակի եւ անհատ մարդը կը զանազանուի իր յատուկ որակով։
Անհատը կը ճանչցուի քանակով եւ որակով, որովհետեւ անոնցմով կ՚երեւի «անհատ» գոյացութիւնը։ Այս ուղղութեամբ մարմինը ընդգրկող հինգ իրողութիւն կայ. այսինքն՝ քանակը՝ որ չափն է, որակը՝ որ գոյնն է, ձեւը, տեղը, բաժանուածութիւնը։
Տեղը մարմինը ընդգրկողն է. քանի որ ամէն մարմին «տեղ»ով կ՚ընդգրկուի։ Եւ իւրաքանչիւր տեղ պատահական սեռէն է. տարբեր է մարմնի բաղկացական տեղը եւ պատահական տեղը։ Բաղկացականն այն է, որ մարմնի մասերէն կը գոյանայ, ներսը, դուրսը, վերինը, վարինը եւ շուրջբոլորը։ Որովհետեւ իւրաքանչիւր մաս տեղի մէջ իր դիրքը ունի՝ որմէ բաղկացած է ամբողջը։
Իսկ պատահական «տեղ»ը ա՛յն է, ուր նստած մէկը կարող է թողուլ զայն եւ ուրիշ տեղ ըլլալ, ինչպէս, զոր օրինակ, վերը կամ վարը։ Իսկ եւ անմարմնի համար մարմնական տեղ չկայ, ինչպէս՝ Աստուծոյ, կամ հրեշտակներու, կամ հոգիներու համար, քանի որ անընդգրկելի են։ Նախ պատահական տեղ չունին, թէպէտ որպէս նշան պատուի «երկինք» կ՚ըսուի, այլ ո՛չ թէ որպէս մարմնական տեղ։
Նկատի առնուելու է ասոնց տարբերութիւնը, քանի որ հոգին պատուած եւ սահմանաւորուած է մարմնով, բայց ընդգրկուած չէ, իսկ հրեշտակը պատուած չէ մարմնով եւ ո՛չ ալ ընդգրկուած, այլ՝ սահմանաւորուա՛ծ։
Մինչդեռ Աստուած տարբեր է ասոնցմէ, որովհետեւ ո՛չ սահմանաւորուած, ո՛չ ընդգրկուած, ո՛չ պատուած է որեւէ բանով, ո՛չ ալ իմացութեամբ, ո՛չ տեղով կամ մարմնով…
*
Մարմնացած Բանի ծայրագոյն միաւորութիւնը չորս կերպով կը տեսնուի։
Նախ՝ հրա՛շքով, որուն սահմանը անիմանալի, անհասկնալի է եւ բնութենէն վեր՝ գերբնակա՛ն։
Երկրորդ՝ քանի որ անեղի միաւորութիւնն է եւ եղականի հետ։
Երրորդ՝ որովհետեւ միաւորութիւնը անփոփոխ է։
Չորրորդ՝ քանի որ անբաժանելի՛ է։
Միաւորութիւնը սեռաբար երեքի կը բաժանուի՝ անշաղկապի, շաղկապուածի եւ շարադրուածի։ Արդ՝ անշաղկապ միաւորութիւնը կը բաժանուի երեք տեսակի, որովհետեւ էութիւնը էութեան հետ կը միաւորուի կամ՝ պատահումը (պարագան) պատահման հետ, կամ ալ՝ էութիւնը պատահման հետ, որովհետեւ էութիւնը պատահման հետ միշտ անշփոթ կը միաւորուի, ինչպէս՝ որակը եւ քանակը գոյացութեան մէջ, քանի որ անբաժանելի զատուածներ են։ Իսկ պատահումը պատահման հետ միշտ շփոթմամբ կը միաւորուի, ինչպէս՝ գորշը սեւէն եւ սպիտակէն կը գոյանայ։ Եւ անոնք, որոնք միաւորուած են էութիւնը էութեամբ, կ՚ըլլան շփոթմամբ միաւորուած, ինչպէս՝ ջուրը գինիի հետ եւ չորս տարրերը, եւ կ՚ըլլան, որ անշփոթ միաւորուած են, ինչպէս՝ կրակը եւ երկաթը, հոգին եւ մարմինը, սեռը՝ տեսակի մէջ եւ տեսակը՝ անհատի հետ…
Իսկ միաւորութիւնը, որ շաղկապով է՝ երեքի կը բաժանուի, քանի որ միաւորուածները էութիւններ են, եւ շաղկապը պատահումը (պարագայ) է, ինչպէս՝ երկու իրերէ անջատ անձեր սիրոյ պատահմամբ շաղկապուած են։
Եւ կ՚ըլլայ, որ պատահմունք են եւ էութեամբ կը շաղկապուին, ինչպէս՝ բոլորակ ձեւը եւ գոյնը, ենթական՝ նիւթով։ Քնարի զանազան ձայները մէկ ենթակայ ոգիով կը միաւորուին։ Եւ կան, որ էութիւններ են եւ էութեամբ կը շաղկապուին, ինչպէս երկու նիւթ՝ սոսինձով փակցնող նիւթով եւ երկաթով…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 17, 2026, Իսթանպուլ