ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ՝ ԺԷ. ԴԱՐՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄ

ԺԷ. դարուն նիւթական եւ բարոյական, մտաւոր թշուառութիւն կը տիրէր հայ ժողովուրդի մէջ եւ վարք ու բարքի խորթութիւնը եւ մտաւորական խաւարը ո՛չ միայն աշխարհականներու մէջ միայն կը տարածուէր, այլեւ հոգեւոր դասի մէջ՝ որ կոչուած էր ժողովուրդի մտաւոր եւ բարոյական զարգացման առաջնորդ հանդիսանալու։

Բարոյական եւ մտաւոր այս թանձրութիւնը առաւել խստացաւ ԺԷ. դարու առաջին մասին, երբ Հայրապետական Աթոռը միաժամանակ մի քանի փառամոլ անձի ձեռքը կը գտնուէր, երբ Մելքիսեդեկի նման անձնաւորութիւն մը կաթողիկոս էր, որ անփոյթ եւ անտարբեր դէպի եկեղեցի հոգեւոր եւ բարոյական կոչումը միայն եւ միայն փողի մասին կը մտածէր։

ԺԷ. դարու ականատես պատմագիր Առաքել Դաւրիժեցին սրտի խոր ցաւով ու վշտով իր ժամանակի կեանքը կը ներկայացնէ։ Հայ ժողովուրդը տգիտութեամբ խոպանացած եւ կորդացած՝ անմշակ մնացած էր։ Քահանաները տգէտ, անուս եւ միայն անձնական ապրուստի վրայ մտածող. անոնք իրենց քահանայական կոչումը թողած՝ «մելիքութիւն» կ՚ընէին կամ տանտէրութիւն. անոնցմէ ոմանք այլազգի իշխաններու ձեռքին գործիք դարձած էին՝ եւ նոյնիսկ քրիստոնեաներ կը մատնէին։

Ժամասացութիւն գիւղերու մէջ բնաւ չէր կատարուեր, որովհետեւ քահանաները այսպիսի գործերով կը զբաղուէին եւ քահանայագործութիւն ալ կ՚ընէին՝ լոկ շահու ակնկալութեամբ։

Վանական կեանքը ի սպառ վերջացած, վերացած էր. մինչեւ իսկ վանական տարազը մոռացութեան մատնուած էր։ Վանականներէն իւրաքանչիւրը իր սեփական տունը եւ տեղը, իր այգին եւ մառանը ունէր։ Վանքերու եկամուտը անոնք հաւասարապէս իրենց մէջ կը բաժնէին եւ վանքերը իրենց սիրելիներուն եւ ազգակիցներուն բնակարան կը դարձնէին։ Անոնք թանկագին զգեստներ կը հագնէին եւ դուրսը առանց վեղարի եւ փիլոնի կը շրջէին, եւ այս բոլորի վրայ՝ սաստիկ տգէտ եւ անուս եւս էին։ Գիտութիւն, ուսում եւ գիրք ի սպառ արհամարհուած էին, եւ միայն լկտի, դատարկ զրոյցներ զարգացան։ Եպիսկոպոսները, վանականները եւ քահանաները՝ բոլորն ալ կաշառքով իրենց պաշտօնը ստացած եւ միայն եւեթ փողի՝ դրամի մասին կը խորհէին։

Հոգեւորականութեան անկումը բնականօրէն պէտք է ազդէր նաեւ հայ ժողովուրդին վրայ։

Այս նիւթական եւ հոգեւոր աւերածութեան ժամանակ դուրս եկան մի քանի անձեր՝ որոնք իրենց օրինակով եւ խօսքով վերանորոգութիւն քարոզեցին հայ ժողովուրդի եւ հոգեւորականութեան մէջ եւ չնայելով իրենց կրած հալածանքին՝ յաջողութիւն ունեցան եւ հետեւողներ շահեցան։

Այսպիսի անձերէն մէկն էր Վարագեցի Պօղոս վարդապետը՝ որ առաջինը հրապարակ ելաւ ժողովուրդին քարոզելու, եկեղեցիներ եւ դպրոցներ շինելու։ Իր ժամանակի պճնասէր եւ արծաթասէր վանականներուն հակառակ՝ ան քրձազգեստ՝ մազէ զգեստ հագած եւ անընչասէր անձն էր, ինչ որ ժողովուրդէն ստացած էր, նոյնը կարօտեալներու պէտքերուն եւ եկեղեցիներու շինութեան կը ծախսուէր, եւ այս պատճառով ալ ժողովուրդի մէջէն շատ համակրողներ ունեցաւ։ Եւ շարժումը հետզհետէ կը տարածուէր…

Պօղոս վարդապետի այս յաջողութիւնը մնացեալ եկեղեցականներու եւ Մելքիսեդեկ կաթողիկոսի նախանձը գրգռեցին՝ որոնք ամէն կերպ միջոց փորձեցին, աշխատեցան անոր գործունէութեան առջեւ արգելքներ ստեղծել եւ մարմնաւոր իշխանութեան ձեռքով հեռացնել զայն։

Սակայն Պօղոս վարդապետ չնայելով Մելքիսեդեկ կաթողիկոսի սպառնալիքներուն եւ մատնութիւններուն, անյողդողդ շարունակեց եկեղեցիներ շինել վայելուչ բարեզարդութեամբ, գիւղերու մէջ դպրոցներ բանալ եւ իր շուրջը աշակերտներ հաւաքել եւ ուսուցանել։

Բայց եւ այնպէս, վերջ ի վերջոյ Մելքիսեդեկ եւ Սահակ կաթողիկոսները աշխարհական իշխանութեան ձեռքով արգիլեցին անոր քարոզել եւ անոր ձեռքէն ալ ստորագրութիւն առին, որ այլեւս պիտի չքարոզէ։

Վշտահար սրտով Պօղոս վարդապետը 1622 թուականին Սիւնեաց նորահաստատ Մեծ Անապատը քաշուեցաւ եւ այստեղ ալ վախճանեցաւ 1631 թուականին։

Հայ Եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականութեան վերանորոգութեան մէջ առաւել մեծ նշանակութիւն ունեցաւ Սիւնեաց Մեծ Անապատը՝ որ հաստատուեցաւ 1610 թուականին։ ԺԷ. դարու առաջին կէսին Արեւմուտքի մէջ եւս վանականութիւնը նոր կենդանութիւն ստացաւ եւ այս շրջանին նոր վանական կարգեր հաստատուեցան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 16, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 18, 2025