ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ՝ ՈՐՈՒՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԵՐԱՆԵԼԻ ԵՆ

Մարի Պէյլարեանի յաջորդ յորդորը տարօրինակ է եւ սպասուածին հակառակ։ Ընդհանրապէս դաստիարակներ կը յորդորեն, որպէսզի մարդ հեռու մնայ փառասիրութենէն, փառքէն, սակայն Մարի կու գայ իր սանուհիներուն ըսելու «Փառքը սիրեցէ՛ք». այսպէս կը կոչուի Մարիի յաջորդ նամակի խորագիրը: Մարրի յորդորը յստակ է. «Կ՚ըսեմ ձեզի, փառասէր եղի՛ք, որովհետեւ առանց փառասիրութեան յառաջդիմութիւն չկա՜յ։ Միայն պէտք է որոշ գիտնալ, թէ ո՞ւր է ճշմարիտ փառքը. ո՞րն է օգտակար եւ ազնիւ փառասիրութիւնը»: 

Կրօնական առումով փառասիրութիւնը մեղք է, որովհետեւ ան ծնունդ կ՚առնէ հպարտութենէն եւ ինչպէս Աստուածաշունչը կ՚ըսէ. «Հպարտութիւնը կործանում կը բերէ» (առակներ 16:18)։ Փառասէր մարդը եսասէր կ՚ըլլայ. սակայն մեր այդ գիտցած ու հասկցած փառասիրութեան մասին չէ, որ կը խօսի Մարի. անոր փառասիրութիւնը «ճշմարիտ»ն է ու իր իսկ բառերով «օգտակար»: 

Տարբերութիւնը Մարիի փառասիրութեան եւ մարդոց այն է, որ մէկը հոգեւոր է, իսկ միւսը մարմնական ու ժամանակաւոր։ Մարի միշտ ալ կ՚ուզէ, որ իր սանուհները հեռու մնան ժամանակաւորէն, հեռու մնան արտաքինէն: «Ազնիւ ու օգտակար փառասիրութիւնը, տղա՛քս, դիրքի եւ ճոխութեան մէջ չէ՛. դիրքը եւ ճոխութիւնը շատ շատ մեր աչքերը կը շլացնեն ժամանակի մը համար եւ անհատին հետ կը մեռնին. դուք հետամուտ եղիք այնպիսի փառքերու, որոնք յաւիտենական կ՚ապրին, անհատին մահէն ետքն ալ անթառամ պսակ բոլորելով անոր յիշատակին շուրջը»: Մարիի փառասիրութիւնը այն է, որ իր աշակերտները հպարտ զգան ո՛չ թէ արտաքինով, ո՛չ թէ հարստութեամբ՝ այլ առաքինութիւններով եւ ծառայութիւններով։ Հազարաւոր դարերու պատմութիւն ունեցող այս աշխարհի մէջ ծնած են այնպիսի՜ գեղեցիկ կիներ, ծնած են այնպիսի՜ մտային կարողութեան տէր մտաւորականներ, այնպիսի՜ հարուստներ... որոնք այսօր տրուած են մոռացութեան եւ անոնք որոնք կը յիշուին՝ մօտիկ ապագայի պատկանողներն են, որոնք օր մը դարձեալ նոյն ճակատագիրին պիտի արժանանան: Այս բոլորը նկատի ունենալով՝ Մարի կ՚ըսէ. «Ձեր անձին արտաքին փայլին, ձեր գեղեցկութեան եւ երիտասարդութեան մէջ փառք մի՛ փնտռէք, որովհետեւ ատոնք անցաւո՜ր են. օր մը կը ծերանաք, կը խամրիք, ձեր գեղեցկութիւնն ալ կը թառամի, եւ ո՛չ ոք օր մը կը յիշէ, թէ դուք երիտասարդ եղաք ու գեղեցիկ»: Առաջին հերթին կ՚ուզէ, որ սանուհիները իրենց արտաքին տուեալներով չհպարտանան կամ այդ մէկը գերագոյն զօրութիւն չնկատեն. ամէ՛ն գարուն իր ետին ունի աշուն մը եւ ժամանակաւորին համար ուրախացողը երբ աշունը հասնի, շատ դժուար վիճակի կը մատնուի: Հետեւաբար, մարմնականը ճշմարիտ փառք չէ. ճշմարիտ փառք չէ նաեւ նիւթականը. «Ցեղի ազնուականութեան, մեծ ու համբաւաւոր ընտանեկան անունի մէջ մի՛ փնտռէք ձեր փառքը, վասն զի ցեղի ազնուականութիւնը ոչինչ է առանց սրտի ազնուութեան, ցեղը ապագայ չունի, որովհետեւ ան ա՛լ ու կամ կանուխ կը մեռնի»: 

Ինչ որ ժամանակաւոր է եւ մարմնական՝ պէտք է մոռնալ. ճշմարիտ փառքը զգացական ու հոգեկան զօրութեան մէջ է. ճշմարիտ փառքը Մարի կ՚առաջարկէ փնտռել այստեղ. «Ճշմարիտ փառքը փնտռեցէք գործունէութեան, ստեղծագործող եւ յաղթական աշխատութեան մէջ: Գործածեցէ՛ք ձեզի շնորհուած կարողութիւններուն չափով, ձեր մտքով, ձեր սիրտով, ձեր հոգիով եւ ձեր գործին մէջ փնտռեցէք ձեր փառքը»: 

Այսօր ամէն մարդ կ՚ուզէ լաւ գումար վաստակիլ եւ անոր միջոցով «հանգիստ» կեանք մը ապրիլ, Իսկ Մարի կը հաւատայ, որ ճշմարիտ հանգստութիւնը հոգիէն կու գայ եւ ո՛չ նիւթականէն. յորդորը յստակ է. «Փայլուն կեանք ապրելու ետեւէ մի՛ ըլլաք. օգտակար կեանք ապրելու ջանացէք: Փայլուն ու ճոխ քաղաքներու մէջ ապրելու հետամուտ մի՛ ըլլաք անպատճառ, եթէ բախտը այնպէս տնօրիներ է, որ դուք ապրիք համեստ անկիւն մը»: Աշխարհագրական դիրքը, նիւթական կարողութիւնը երբեք չգործելու պատճառներ չեն ու չեն կրնար ըլլալ. մարդ ինչ դիրքի վրայ ալ գտնուի, պարտաւոր է զարգացնել իր ստեղծագործական մտածողութիւնը՝ որպէսզի յաջողի յառաջդիմել: 

Ճշմարիտ փառքը՝ որ Մարի կ՚ուզէ ցոյց տալ, հոգիի մէջ եղած գանձն է՝ որ շատ աւելի կարեւոր է իրեն համար, քան աշխարհիկ գանձերը. «Եթէ բախտը ձեզի ժպտի տղաքս եւ հարուստ ըլլաք, ձեր փառքը մի՛ փնտռէք ձեր ժանեակները եւ թաւիշները ցուցադրելու մէջ, այլ ձեր շուրջ վխտացող անհամար թշուառութիւնները տեսնող եղիք եւ ատոնք դարմանելու մէջ փառք փնտռեցէք»: 

Այս բոլորը իրագործելու համար Մարի կը կարեւորէ իւրաքանչիւր աշակերտի կարողութիւնը. Աստուած մէկուն տուած է խօսելու, ուրիշին տուած է գծելու եւ ուրիշի մը երգելու շնորհքը. այո, իւրաքանչիւրին կարողութիւնը տարբեր է, սակայն ամէն մարդ իր կրցածին չափ պարտի յառաջդիմել, պարտի պայքարիլ: 

Մեծագոյն փառքը Մարիի համար այն է, որ իր սանուհիներուն համար ըսեն «բարի», «ազնիւ», «արդար»՝ քան «հարուստ» կամ «գրաւիչ» տիտղոսները: Այս բոլորը արժէքներ են, ինչ որ մերօրեայ ուսուցիչներէն գրեթէ ո՛չ ոք կը յաջողի փոխանցել իր աշակերտներուն. մերօրեայ փառքերը ժամանակաւոր են ու ունայն. Մարի Պէյլէրեան կը փորձէ տալ ճշմարիտը՝ որ ապագայի լաւագոյն մայրեր ու կիներ պիտի ստեղծէ անոնցմէ: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ մարդիկ ժամանակաւորին աւելի կարեւորութիւն կու տան:

Պատասխան. Մարդիկ ժամանակաւորին կարեւորութիւն կու տան, որովհետեւ ան արագ գոհացում կու տայ մարդոց, մինչդեռ մնայունը համբերութիւն եւ գուցէ երկար ժամանակ կը պահանջէ: Երբ մարդ կը գտնուի վախի կամ կարիքի մէջ, անմիջականն ու արագը աւելի կը կարեւորէ, քան անորոշութեան մէջ եղածը եւ հետեւաբար կարճաժամկէտ շահը շատ աւելի գրաւիչ ըլլալ կը թուի: Հասարակութիւնը կը խթանէ ու կը գնահատէ արագ յաջողութիւնները եւ հետեւաբար մարդ կ՚ընտրէ այն, ինչ որ այժմ հաճելի է՝ նոյնիսկ եթէ վաղն դատարկութիւն ըլլայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2025