ԱՒԱՆԴԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ
Անպէտ, անիմաստ եւ անհիմն աւանդութիւններուն կառչած մնալու ջանքերը մարդիկը կը տանին նախապաշարումի։ Նախապաշարեալ մարդիկ կը յաւակնին ինքնավստահ ցոյց տալ իրենց գիտցածը եւ շրջանակին։ Արդարեւ, ինքնավստահութեան յաւակնիլ՝ ինքնահաւանութի՛ւն է։ Սակայն անոնց «վստահութեան ջուր»ը իրենց անձին ակէն չի բխիր։ Ինքնահաւանի հովեր առնել՝ անոնք վստահելի չ՚ըներ։ Աշխարհի ամբողջ բնակչութիւնը եթէ նկատի առնուի՝ քիչեր ունին կատարեալ համոզում իրենց պաշտպանած տեսութեան, կրօնքին, հաւատքին, գիտութեան անսխալ ըլլալուն. քանի որ իրենք անձնապէս փնտռեր, համոզուեր, հաւատացեր եւ ուրիշներուն վարդապետեր են։
Իսկ մնացեալ մարդիկը այսպէս եւ այնպէս կը հաւատան, քանի որ ուրիշներ այսպէս եւ այնպէս կը հաւատան։
Ասիկա իրականութիւն է բոլոր մարզերու եւ շրջանակներու մէջ, անոնք ըլլան քաղաքական, կրօնական, գիտական, ընկերային եւ այլն։
Ընդհանրապէս հաւատքը եւ համոզումը կը հիմնուի սա խօսքերուն վրայ. «Այսպէս կը հաւատամ, քանի որ հայրս, վարժապետս, խելացի ընկերս, այս, այն այսպէս կը հաւատան»։ Ասիկա հաւատք չէ եւ ոչ ալ համոզում, քանի որ կոյր հպատակութիւն է. ո՛չ թէ աւանդապահութիւն, այլ՝ պարզապէս աւանդապաշտութի՛ւն։ Քանի որ ըստ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի. «Հաւատալով հասկնալ եւ հասկնալով հաւատա՛լ»։
Արդարեւ, հաւատքը՝ հրամայականոն դրութիւն մը չէ՛, այլ բանականութեամբ եւ գիտակցաբար ստացուած հաստատ համոզում մը։ Ուստի, կոյր հաւատքը եւ անոր պտուղը՝ նախապաշարումը աշխարհի աղէտներէն մին է։
Կոյր հաւատքը մարդս կ՚առաջնորդէ կրօնամոլութեան, որ վտանգաւոր է մարդկութեան համար թէ՛ անհատապէս, թէ՛ հաւաքապէս։
Մարդիկ ամէն օր եւ ամէնուրեք իրար սպաննելու աստիճան իրար կ՚ատեն՝ ուրիշներու համոզումներուն հոսանքին տարուելով։
Նախապաշարումը՝ ըստ էութեան հիմ չ՚ունենար, թէեւ ինքնավստահ ըլլալու յաւակնութիւնը կ՚ունենայ։ Ատոր ակը եւ արմատը տգիտութեան ծառին արմատները երկարելով կը ջրէ զայն։ Նախապաշարումը ամբարտաւան է, ինքը գիտէ, երբեք չի սխալիր, ինքը ինչ բանի որ համոզուեր եւ հաւատացեր է, միայն ա՛յդ է շիտակը, ճշմարիտը, եթէ իր համոզումը կամ հաւատքը փոխելու ըլլայ, ատկէ առաջ սխալած կը նկատուի, այդ իրեն նախատի՛նք է՝ տգէտի տեղ դրուած կ՚ըլլայ։
Մարդը հպա՛րտ է. ինչպէ՞ս կրնայ սխալած ըլլալ. ո՛չ երբեք, դիմացինն է սխալողը։ Նախապաշարումը յամառ է, իր խօսքէն չի շեղիր, անգութ է, եթէ կարելի ըլլայ կը պարտադրէ, կը սպառնայ, որպէսզի դիմացինն ալ իրեն նման համոզուի եւ հաւատայ։
Նախապաշարումները միայն կրօնական կամ բնազանցական հաւատալիքներ եւ համոզումներ չեն, ինչպէս եւ ընդհանրապէս կը կարծուին։ Նախապաշարումը կանխակալութեան հետեւանք կրնայ ըլլալ, մարդիկ կը նախապաշարուին իրենց տեսածներով, լսածներով, կարդացած եւ սորվածներով, երեւակայութիւններով, ենթադրութիւններով, սովորութիւններով եւ այն ամէն երեւոյթներով, որոնք զիրենք կը տպաւորեն։
Զոր օրինակ՝ գովազդներ ընդհանրապէս հիմնուած են տպաւորելու եւ հաստատ համոզում մը ստեղծելու սկզբունքին վրայ։ Մարդոց փորձառութիւններն ալ երբեմն այսպիսի անխախտ համոզում մը կը ստեղծեն ենթակային վրայ։ Ասոնց մէջ կ՚իյնայ ամենաէականը, հաւատալիքը։ Մարդոց բոլոր աւանդութիւններով նախապաշարումները եթէ սխալ ըլլան, անոնց կռթնողները ի վերջոյ շատ բան չեն կորսնցներ, բայց եթէ հաւատքը սխալ ըլլայ, ներկայ, մանաւանդ ապառնի ամէն ինչ, անմահ հոգին ալ կորսուած կ՚ըլլայ։
Ա՛յս է շատ սիրուած, անտեղիտալի, միշտ պաշտպանուած, ամուր կերպով անոր կառչուած «աւանդութիւն» կոչուած անէծքին ահաւոր «վարձատրութիւնը»։
Կրօնական նախապաշարումը իր ծիլերը կ՚արձակէ եւ հասակ կը նետէ ընտանիքին մէջ։ Թէեւ կրօնքով աշխարհ եկող մանուկ չկայ, մանուկը կը դաստիարակուի, որպէսզի կրօնք ընդունի, երբեմն ալ ընկերային շրջանակին ազդեցութեան ներքեւ մարդիկ կրօնք՝ հաւատք կ՚ընդունին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 18, 2025, Իսթանպուլ