ԼԱՒԱՏԵՍՆ ՈՒ ՅՈՌԵՏԵՍԸ

Մենք ալ կ՚ուզէինք մտաւորականին պէս լաւատեսութեամբ նայիլ մեր հայկական սփիւռքին. մենք ալ կ՚ուզէինք եւ հազա՜ր երանի կու տայինք, որ ունենանք նոր սերունդ մը, որ իրապէս շատ աւելի հայրենասէր է քան նախկին սերունդները, սակայն պատկերը այդ մէկը չի ներկայացներ: 

Մտաւորականը կը հաւատար, որ եթէ տեղ մը գաղութ մը պարպուի եւ տկարանայ, ապա ուրիշ տեղ այլ գաղութ մը կը հարստանայ. կը հաւատայ, երբ գաղութի մը մէջ դպրոց մը փակուի, ապա ուրիշ տեղ նորը կը բացուի: Եթէ իրապէս կան նման լաւատես անձեր, կ՚ուզեմ ներկայացնել հետեւեալ առաջադրանքը. տուէ՛ք վերջին տասնամեակին բացուող հինգ դպրոցի անուններ եւ ես ձեզի տամ աւելի քան տասը փակուող դպրոցի անուններ. տուէ՛ք վերջին տասնամեակին ծնունդ առած հինգ թերթերու անուններ եւ ես ձեզի տամ տասը, քսան անուններ՝ որոնք վերջ տուած են իրենց գոյութեան: Շատեր կը կարծեն յոռետես ըլլալը ազգին թշնամի ըլլալ կը նշանակէ, սակայն, միւս կողմէ, անտեղի լաւատեսութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր կը նկատենք քան յոռետեսութիւնը. անտեղի լաւատեսութիւնը ծնունդ կու տայ անտարբերութեան, սակայն, յոռետեսութիւնը մտահոգութիւն կը ստեղծէ եւ այդ մտահոգութիւնը վառ կը պահէ գիտակցութիւնը:

Յոռետես ըլլալը պէտք չէ շփոթել ազգի կորուստը ցանկանալուն հետ, որովհետեւ յոռետեսը երբ կ՚ըսէ դէպի կորուստ կ՚երթանք, այդ մէկը ցաւով կ՚ըսէ, որովհետեւ կ՚ուզէ վերջ տալ այդ ընթացքին. կը հաւատանք, որ մեր ազգին ամէն ժամանակէ աւելի այսօր պէտք են յոռետեսները, որոնք փոքր լաւերուն վրայ կեդրոնանալու փոխարէն կը յաջողին տեսնել: 

Կ՚ուզենք այստեղ յիշել մի քանի երեւոյթներ մեր լաւատեսներուն համար, որպէսզի լրջօրէն սկսին մտածել. ձեր աչքին առջեւ ունեցէք հնդկահայ գաղութը, որ պատմութեան մէջ ունեցած է իր լուրջ դերը եւ տեղը. գաղութ՝ որ հաստատ-ւած է 16-17-րդ դարերու ընթացքին եւ ունեցած է մեծ թիւով համայնք։ Հայկական առաջին մամուլը նոյնիսկ լոյս տեսած է այդտեղ եւ այդ մէկը ինքնին ցոյց կու տայ այդ գաղութին կարեւորութիւնը։ Վիճակագրական տեղեկութիւններու համաձայն, այսօր այդ հսկայական գաղութէն մնացած են հազիւ 150 հայեր, որոնք մեծաւ մասամբ կը բնակին Կալկաթայի մէջ, ուր կան մի քանի հայկական եկեղեցիներ. ինչպէս օրինակ՝ Սուրբ Նազարէթը, հայկական ծերանոցը, Մարդասիրական ճեմարանը եւ այլն: Այդ գաղութը կը հաւատար, որ հայութիւնն ու հայու դիմագիծը այդտեղ երբեք պիտի չմեռնի, սակայն, ժամանակը անկարելին կարելի կը դարձնէ. այսօր այդ հսկայական գաղութէն մնացած է մնացորդներ. անոնցմէ քանի՞ն պահած է իր հայութիւնը՝ չենք գիտեր: 

Եթէ Հնդկաստանը որպէս օրինակ չի բաւեր, վերցուցէք Եգիպտոսը, որ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբըին ունէր աւելի քան 30 հազար հայեր: Վիճակագրական տեղեկութիւններ կը փոխանցեն, որ այսօր Եգիպտոսի մէջ կ՚ապրին 1000-1500 հայեր:  Օրինակ վերցուցէք Լիբանանը, օրինակ վերցուցէք Սուրիան, օրինակ վերցուցէք Պոլիսը եւ օրինակ վերցուցէք հո՛ն, ուր կ՚ուզէք: Վերջերս արհեստական բանականութիւնը կը յայտնէր, որ ազգի մը կորսուելուն համար պէտք են մօտաւորապէս 200-էն 300 տարի։ Մենք ահաւասիկ ցեղասպանութեան հարիւր տարին գրեթէ նոր բոլորած ենք եւ ունինք նման դժբախտ իրականութիւն մը. եթէ պահ մը հաւատանք արհեստական բանականութեան, ապա մտածեցէք, թէ ի՛նչ վիճակ կրնայ ունենալ հայութիւնը մեր թուականէն մօտաւորապէս 200 տարիներ ետք: 

Այո, կայ լաւատես երեւոյթ մը, որ կարգ մը հայ երիտասարդներ լուրջ փափաքը ունին եւ փորձը կ՚ընեն իրենց արմատներուն վերադառնալու, սակայն վերադարձողները գացողներուն քով կաթիլ մըն են հսկայական ծովուն մէջ: 

Հաւատացէ՛ք, որ գրեթէ բոլոր հայկական գաղութները անցնող մի քանի տասնամեակներուն միայն ու միայն տկարացած են. նոյնը պիտի ըսեն ձեզի Կիպրոսի գաղութի հայորդիները, նոյնը պիտի ըսեն երուսաղէմացի հայերը, ֆրանսահայերը եւ գրեթէ բոլոր աշխարհը: Լաւատես մտաւորականը իր լաւատեսութիւնը կ՚ուզէր հաստատել այն փաստով՝ որ տեսած է, թէ ինչպէս հայկական դպրոց չեղած շրջանի մը մէջ ընտանիք մը իր զաւակին հայերէն խօսիլ, գրել ու կարդալ կը սորվեցնէ. Վստահաբար, այդ մէկը մեզի համար ալ լաւատես է, սակայն հարցումը կը մնայ միշտ նոյնը. ե՞տքը... Ի՞նչ է ապագան. նոյնիսկ եթէ այսօր այդ մանուկը հայերէն սորվի, ինչքանո՞վ երաշխաւորուած է: Պէտք է նկատի ունենալ, որ յոռետեսը իր ներկայէն աւելի կը մտածէ ապագային մասին. այսօր կրնայ դրական երեւոյթ մը տեղի ունենայ մեր հասարակութենէն ներս, սակայն, պէտք է լրջօրէն մտածել, թէ այդ մէկը ինչքանո՞վ կ՚ապահովէ ապագան: Օրինակի համար, շատեր դրական կը տեսնեն սուրիահայերու եւ լիբանանահայերու Գանատա եւ Ամերիկա գաղթելը, ըսելով որ եկեղեցիները կը լեցնեն, հայերէն կը խօսին, գաղութի կեանքով կը զբաղին. սակայն հարցը կը շարունակէ մնալ նոյնը. անոնց զաւակները, կամ թոռները ինչքանո՞վ պիտի կարենան պահպանել այդ հայութիւնը։ Նոյնիսկ եթէ հրաշքով մը կրցան պահել՝ անոնց ծոռները պիտի յաջողի՞ն: Պատասխանը թող տայ լաւատես ընթերցողը:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Սերունդները իրարմէ ինչո՞վ կը տարբերին:

Պատասխան. Առաջին հերթին սերունդները կը տարբերին իրենց մտածելակերպով, արժէքներով եւ համաշխարհային զարգացման մէջ ունեցած իրենց վերաբերմունքով: Իւրաքանչիւր սերունդ կը ձեւաւորէ իր ժամանակի հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային ըմբռնումը, որոնք կ՚ազդեն անոնց աշխարհընկալումին եւ ապրելակերպին վրայ: Օրինակ, աւագ սերունդները յաճախ աւելի պահպանողական են, մինչդեռ երիտասարդները հակուած են փոփոխութիւններու, նորարարութիւններու եւ զարգացման: Տարբեր սերունդներու միջեւ կրնայ յառաջանալ արժէքային հակասութիւններ, սակայն, այդ մէկը պէտք է տեսնել որպէս հնարաւորութիւն հաղորդակցելու եւ փոխըմբռնումի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 19, 2025