ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…

Ապրահամ Լինքըն կը շարունակէ ուսուցիչէն խնդրել. «Ան պէտք է գիտնայ, որ մարդիկ արդար չեն, մարդիկ ճշմարիտ չեն»: Այս մէկը կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ ցաւ ի սիրտ, մեր դպրոցներուն ընդհանրապէս կեանքը վարդագոյն կը ներկայացուի աշակերտներուն եւ իրական կեանք դուրս գալէ ետք է, որ անոնք կը հասկնան, որ կեանքը այն չէ՝ ինչ որ է դասագիրքերուն մէջ: 

Կեանքի մէջ կայ իտէալական մը եւ ուսուցիչներ կը փորձեն այդ մէկը սորվեցնել ու ներկայացնել աշակերտին. մենք ալ կ՚ուզէինք, որ մեր կեանքին մէջ իտէալականը ի գործ դրուէր, սակայն, այդ իտէալականը միայն դասագիրքերուն մէջ գոյութիւն ունի եւ ո՛չ իրական կեանքին: Դպրոցը կը սորվեցնէ անմնացորդ սիրել, ծառայել, նուիրուիլ, սակայն չի սորվեցներ, որ միշտ չէ, որ այդ դրական երեւոյթներ իրենց արժանի գնահատանքը կը ստանան: 

Այլ խօսքով, Ապրահամ Լինքըն զաւակը վերացական արժէքներով լեցնելու փոխարէն կը խնդրէ իրական կեանքին պատրաստել իր զաւակը. կ՚ուզէ, որ ուսուցիչը իր զաւակը իրատեսութեամբ եւ իմաստութեամբ օժտէ եւ սորվեցնէ կեանքը՝ այնպէս ինչպէս որ է: 

«Ան պէտք է գիտնայ» արտայայտութիւնը ձեւով մը բացատրութիւնն է այն ճշմարտութեան, որ այսպէս կամ այնպէս, կեանքի փորձով իր զաւակը պիտի հասկնայ, որ ամէն մարդ արդար ու ճշմարիտ չէ՛. սակայն սեփական փորձով այդ մէկը յայտնաբերելը շատ աւելի հոգեբանական խնդիրներ կրնայ յառաջացնել իր զաւակին մէջ, հետեւաբար աւելի լաւ է, որ իր զաւակը ի սկզբանէ ճշմարտութիւնը սորվի, քան սուտ ու երեւակայական աշխարհի մը մէջ կատարեալ աշխարհ տեսնել փորձէ: Մանուկը, որ հասակ կ՚առնէ կարծելով, որ բոլորը բարի ու արդար են, դաժան հիասթափութիւն մը կ՚ապրի, երբ բախուի դաւաճանութեան ու անարդարութեան: 

Աշխարհի դաժան օրէնքը այս է. ամէն մարդ կ՚ապրի իր շահերուն համար եւ այդ շահին համար պատրաստ են խաբել, դաւաճանել, գողնալ ու ամենէն դաժան ձեւով վարուիլ: Այս մէկը ի սկզբանէ սորվիլը կարեւոր է, որովհետեւ այդ դժբախտութեան գիտակցութիւնը կրնայ իր զաւակը պաշտպանել շատ մը հնարաւոր յուսախաբութիւններէ եւ վտանգներէ: Այս բոլորը պիտի օգնեն, որպէսզի աշակերտը իտէալականին եւ իրականութեան միջեւ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծէ. ան լաւապէս պէտք է գիտնայ, որ հաւասարութեամբ գոյութիւն ունին թէ՛ չարը եւ թէ բարին. բարին տեսնելով չարին գոյութիւնը չի՛ մոռնար, իսկ չարը տեսնելով իր յուսահատութեան մէջ բարիին գոյութիւնը պիտի չուրանայ: Պէտք է սորվի, որ շատեր պիտի խոստանան, բայց իրենց խոստումը դրժեն, շատեր բարի պիտի երեւին՝ սակայն չարութիւն գործեն. պիտի սորվի, որ երեւոյթն ու ճշմարտութիւնը շատ անգամ հակառակ կրնան ըլլալ եւ այս բոլորը դաստիարակութեան մաս կը կազմեն: 

Այս հաւասարակշռութիւնը պահելու համար Ապրահամ Լինքըն կը խնդրէ. «Բայց սորվեցուր անոր, որ իւրաքանչիւր սրիկայի դիմաց կայ հերոս մը»: Մանուկը եթէ համոզուի, որ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունի միայն չարը, ապա անոր մէջ պիտի մեռնի բարութիւնը, պիտի մեռնի յոյսը եւ իր վստահութիւնը մարդկութեան հանդէպ. եթէ համոզուի, որ միայն բարին կայ աշխարհին մէջ՝ յուսախաբ պիտի ըլլայ եւ հոգեկան դժուար պայմաններ ապրի. այդ իսկ պատճառով հաւասարակշռութիւնը կարեւոր է: Այդ իսկ պատճառով չարութեան դիմաց հերոսներու գոյութիւնը յուսադրող ազդակ մըն է. մանկական տեսերիզները նոյն բանն է, որ կը փորձեն սորվեցնել մանուկներուն. կայ չարը, սակայն միւս կողմէ կայ հերոսը՝ որ ընդհանրապէս պատմութիւններուն մէջ յաղթանակած դուրս կու գայ. մանուկը իր օրինակը պէտք է վերցնէ հերոսէն եւ ո՛չ միւսէն: Այսօր մանուկին կարելի է խօսիլ չարագործներու մասին, սակայն միւս կողմէ խօսիլ ողորմածներու, սուրբերու եւ հերոսներու մասին. մանկական տարիքին կարեւոր է օրինակ ունենալը եւ հերոսներն են, որ մանուկին օրինակը պիտի դառնան:

Ինչպէս ժողովուրդը կ՚ըսէ, ամէն բանի ծայրայեղութիւնը վատ է. նոյնն է այս պարագային. շատ բարութիւնը որպէս տկարութիւն, իսկ հակառակը՝ որպէս բացասական երեւոյթ կը դիտուի: Այդ իսկ պատճառով բարութեան կողքին պէտք է քայլ պահէ նաեւ արթնութիւնը եւ այս պարագային այդ արթնութիւնը կրթութիւնն է: 

Կեանքը մարդոց ընտրութիւններուն վրայ հիմնուած ճանապարհորդութիւն է: Մանուկին դիմաց պէտք է յստակութեամբ գծել բարի ու չար ճամբան. ցոյց տալ սրիկան ու հերոսը եւ տալ իմաստութիւն, որպէսզի ի՛նք յաջողի ընտրել ճամբան. մենք մեր մանուկներուն դպրոցներուն մէջ ամէն բանէ առաջ պիտի սորվեցնենք որոշում կայացնել. այս մէկը բարի է, իսկ այս մէկը չար ըսելով չի՛ վերջանար։ Մենք պիտի չըսենք ի՛նչը բարի է ի՛նչը չար, այլ պիտի սորվեցնենք, որպէսզի իրենք կարենան համեմատել չարն ու բարին, որովհետեւ այդ չարն ու բարին զանազանելու ունակութիւնը իրենց հետ պիտի ըլլայ ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ մենք հոն ըլլանք թէ ոչ: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մանուկներուն պէ՞տք է սորվեցնել, թէ ամէն ինչ բարի է, թէ պէտք է խօսիլ չարի մասին եւս:

Պատասխան. Մանուկներուն միայն բարին սորվեցնելը կը ստեղծէ անիրական պատկեր մը եւ կը կարծեն, թէ ամէն բան արդար ու բարի է, մինչդեռ իրականութիւնը այդպէս չէ: Ուստի, հարկաւոր է, որ մանուկը հասկնայ նաեւ, որ գոյութիւն ունի նաեւ չար, սուտ եւ անարդար աշխարհ մը: Չարի մասին խօսելու նպատակը վախցնել չէ, այլ զինել մանուկը իր շրջապատը լաւապէս ըմբռնելու եւ առողջ պատասխանատու ընտրութիւններ ընելու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 19, 2025