ՄՈԳԱԿԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ

Գիտութիւնը կը բարձրաձայնէ, թէ գուշակութիւնները, երազի մեկնութիւններն ու կանխատեսումները գիտական ո՛չ մէկ հիմք ունին, որովհետեւ երազը ինքնին անորոշութիւն մըն է՝ պատահական պատկերներ եւ հետեւաբար անոնց ճշմարտութիւնը գիտականօրէն փաստել կարելի չէ: Շատեր կը հաւատան, որ անոնց իրականացումը սոսկ պատահականութեան արդիւնք է. օրինակ՝ մէկը երազին մէջ «յաջողութիւն» կը տեսնէ եւ մի քանի օրեր ետք որոշ յաջողութիւն մը ձեռք կը ձգէ եւ ինքնաբերաբար այդ յաջողութիւնը կը վերագրէ այդ երազին. նոյնը նաեւ բացասական երեւոյթներու պարագային: 

Վստահաբար թաղման մը ներկայ եղած ժամանակ լսած էք. «Ես երազիս մէջ տեսայ» արտայայտութիւնը։ Մարդիկ սովոր են իրենց առօրեայ եղելութիւնները վերագրել երազներուն. նոյնը կը վերաբերի նաեւ սուրճի գաւաթ նայողներուն, ինչ որ երազ մեկնելէ տարբեր բան մը չէ իրականութեան մէջ: Սակայն, հետաքրքրական է, թէ ինչո՞ւ համար մարդիկ այսքան մտահոգուած են ապագայով. ինչո՞ւ համար նախապէս կ՚ուզեն գիտնալ, թէ ի՞նչ պիտի պատահի ապագային: Պատճառները մէկէ աւելի են.

Ա.- ՎԱԽ.- Մարդ արարածին մօտ անորոշութիւնը միշտ ալ վախ յառաջացուցած է. սակայն, կեանքի անորոշութիւնը՝ որուն մէջ մեծ տեղ եւ դեր ունի մահը, շատ աւելիով կը մտահոգէ մարդ արարածը: Մարդը իր մէջ ունի պաշտպանուելու բնազդը եւ այդ պաշտպանութիւնը որոշ պատրաստութիւն կը պահանջէ, սակայն, այդ անորոշութեան բերելիքներուն անծանօթ ըլլալով կ՚ուզէ իր կարճ միտքով գուշակել զանոնք՝ երազներու, նախագուշակութեան եւ այլ միջոցներով: Եթէ հետեւինք համաշխարհային մամուլին, պիտի տեսնենք, որ ամէն երկրի մէջ գոյութիւն ունին այդ մարդկային տկար մտածումը շահագործողներ: Զանոնք սիրաշահիլը դիւրին է. անոնք իրենց մէջ ունին ապագայի նկատմամբ վախ մը եւ կատարուած սխալ կամ ճիշդ գուշակութիւն մը անգամ զանոնք կը հանգստացնէ: Անոնց սխալ կամ ճիշդ ըլլալուն չի կեդրոնանար մարդ արարած. Պարզապէս ներքին վահան մը կը ստեղծէ անոնց նկատմամբ՝ երբ լսէ, թէ գործերու յաջողութիւն պիտի ունենայ, կ՚ուզէ ամէն գնով կապուիլ այդ երազին կամ գուշակութեան, որովհետեւ ձախողութիւնը ինքնին մարդկային մեծագոյն վախերէն մէկն է: Նոյն այդ վախի արտայայտութիւններէն մէկն է աղօթքը։ Այո՛, մենք կը կարծենք ու կը հաւատանք, որ աղօթքը հաւատքի արտայայտութիւն է, սակայն, իրականութեան մէջ մեծամասնութեան մօտ վախի հետեւանք է։ Լսեցէ՛ք անոնց աղօթքները եւ շատ աւելի յստակ կ՚ըլլայ պատկերը.- գործերու յաջողութիւն, առողջութիւն, երկար կեանք, ապահովութիւն, խաղաղութիւն եւ այլն: 

Սակայն մարդկութիւնը այս նիւթին մէջ պէտք է բաժնել երկուքի. կան մարդիկ, որոնք այդ բոլորը կ՚ուզեն լսել, կ՚ուզեն գիտանալ, սակայն այդ բոլորը «սուտ» ու «ժամանց» կը նկատեն, իսկ կան ուրիշներ, որոնք կոյր վստահութեամբ կը հաւատան եւ անոր հիման վրայ որոշումներ կը կայացնեն: 

Բ.- ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ.- Մարդոց մօտ ամէն բան գիտնալու, ամէն բան հասկնալու եւ տեղեակ ըլլալու բնազդը գոյութիւն ունի. այս երեւոյթը բնազդ կը կոչենք, որովհետեւ մարդու կամքէ անկախ անոր մէջ ի բնէ գոյութիւն ունի այդ մէկը։ Ադամական մեղքը եթէ ուսումնասիրենք, անհնազանդութեան կողքին հետաքրքրութիւնը եւս տեղ ու դեր ունէր: Օրինակ վերցուցէք Ղովտի կինը, որ ետեւ դարձաւ, որպէսզի այրուող քաղաքը տեսնէ: Շատեր հետաքրքրութիւնը բացասական երեւոյթ որպէս կը դիտեն, սակայն մարդու տրուած մեծագոյն յատկութիւններէն մէկը հետաքրքրութիւնն է, որովհետեւ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւն հետաքրքրութեան մը արդիւնքն է: Մարդու բնազդներէն մէկն է հետաքրքրուիլը, որովհետեւ հետաքրքրուելով է, որ մարդ կը վերլուծէ ու կը հասկնայ եւ նոր բաներ կը սորվի: Երազի պարագան ալ տարբեր չէ. մարդ միշտ ուզած է հասկնալ անորոշը եւ քանի որ երազը անորոշութեան մէկ մասնիկն է, հետեւաբար հետաքրքրական է: 

Գ.- ՅՈՅՍ կամ ՍՊԱՍՈՒՄ.- Մարդ արարած մի՛շտ յոյսով մը կ՚ապրի. անոր նպատակները, իղձերը միշտ իրականութիւն դառնալու ցանկութիւնը ունին եւ հետեւաբար մարդիկ այդ նպատակները իրականութիւն դարձնելու ճամբուն մէջ կ՚ուզեն հաւատալ, որ երազները դրական ազդեցութիւն կրնան ունենալ. շատեր կը յայտնեն, թէ շատ մը անլուծելի խնդիրներ լուծում գտած են երազներու մէջ. շատեր իրենց յաջողութեան բանալին կ՚ուզեն իրենց երազներուն մէջ գտնել, որովհետեւ կը հաւատան, որ երբ մարդ կը քնանայ իր բոլոր զգայարանքները հանգիստի կը մտնեն եւ ուղեղը յաւելեալ ժամանակ ու առիթ կ՚ունենայ աւելի հանգիստ մտածելու: 

Անշուշտ, տակաւին կարելի է շարքը երկարել, որովհետեւ մարդ արարած մի՛շտ ալ պիտի ուզէ գիտնալ: Երազներու մասին ուսումնասիրութիւնները վերջ պիտի չգտնեն եւ գուցէ յաւիտեան անլուծելի եւ անհասկնալի երեւոյթներէն մէկը շարունակէ մնալ երազը. կան երեւոյթներ, որոնք հազարամեակներ առաջ ապրող փիլիսոփաներէն մինչեւ մեր օրերը վերջնական պատասխան մը չեն ունեցած եւ գուցէ չունենան: Անոնցմէ մէկն է նաեւ երազը:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդիկ ինչո՞ւ իրենց քունին մէջ կը քալե՞ն:

Պատասխան. Մարդիկ երբեմն իրենց քունին մէջ կը քալեն, որովհետեւ ունին քունի խանգարում, որ գիտութեան մէջ ունի իր յատուկ տեղն ու բացատրութիւնը: Այդ վիճակը սովորաբար տեղի կ՚ունենայ քունի ամենէն խոր փուլին: Անձը կրնայ դուրս գալ անկողինէն, քալել եւ նոյնիսկ կատարել պարզ գործողութիւններ՝ առանց զանոնք ընելու գիտակցութիւնը ունենալու: Այս երեւոյթը աւելիով կը տեսնուի երեխաներուն եւ պատանիներուն մօտ, սակայն, մեծահասակներ եւս կրնան նոյն վիճակին մէջ յայտնուիլ՝ նեղութեան, քունի պակասի եւ այլ ազդեցութիւններու պատճառով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025