ՄԱՀԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Օրհնութիւնը՝ աստուածային կենսաբուխ արարք մըն է՝ որուն աղբիւրն է Հայրը։ Հօր օրհնութիւնը միանգամայն «խօսք» է եւ պարգեւ։ Մարդուն նկատմամբ «օրհնութիւն» բառը պիտի նշանակէ «երկրպագել Արարչին եւ Անոր յանձնուիլ՝ զԱյն գոհաբանելով եւ փառաբանելով»։

Սկիզբէն մինչեւ ժամանակներուն վերջը, Աստուծոյ ամբողջ կատարածը «օրհնութիւն» է։

Մարգարէաշունչ հեղինակները, սկսեալ առաջին արարչագործութեան ծիսական տաղերգութենէն մինչեւ երկնային Երուսաղէմի օրհներգը, կ՚աւետեն «փրկութեան ծրագիր»ը իբր աստուածային անսահման օրհնութիւն մը։ Ուստի, Աստուած սկիզբէն կ՚օրհնէ բոլոր կենդանի էակները եւ յատկապէս՝ մա՛րդը։

Աստուածային օրհնութիւնները երեւան կու գան զարմանահրաշ, անիմանալի եւ փրկաւէտ իրադարձութիւններով։ Եւ այդ օրհնութիւնները ամէն օր կը կատարուին մեր իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ, որոնց մենք չենք անդրադառնար շատ անգամ, տարուելով մեր աշխարհային զբաղումներուն եւ հոգերուն հոսանքին պատճառած տրամադրութեան։ Բայց Աստուած մի՛շտ ներկայ էր իր օրհնութեան արարքներով։ Եւ կարծելի է, որ հաւատաւոր եւ անհաւատ ըլլալու եզրը այս անդրադարձումին կամ անտարբերութեան վրայ կը յայտնուի։

Աստուածային օրհնութիւնը (bénédiction) լիովին յայտնուած է եւ հաղորդուած Եկեղեցւոյ ծիսակատարումին մէջ։ Այսպէս՝ քրիստոնեայ ծիսակատարումին կրկնակի տարողութիւնը կ՚ըմբռնենք իբրեւ հաւատքի եւ սիրոյ պատասխան այն «հոգեւոր օրհնութիւններ»ուն՝ զորս Հայրը կը շնորհէ մեզի։ Եւ մա՛հն ալ օրհնութիւն մըն է, ինչպէս ծնունդը, քանի որ երկուքն ալ Աստուծմէ սահմանուած կեանքին անհրաժեշտ մեկնակէտը եւ վերջակէտն են։ Կեանքին՝ որ անցք մըն է յաւիտենականութեա՛ն։ Արդարեւ, անմահանալու համար նախ պէտք է կեանք մը ունենալ, այսինքն՝ նախ ծնիլ եւ յետոյ մեռնի՛լ։ Առանց կեանքի անմահութիւն գոյութիւն չ՚ունենար, եւ կեանք ըլլալու համար ալ անհրաժեշտ է ծնունդը եւ մահը…

Յառնելու համար Քրիստոսի հետ, հա՛րկ է մեռնիլ Քրիստոսի հետ, հա՛րկ է. «Թողուլ այս մարմինը եւ երթալ բնակիլ Տիրոջ մօտ», ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (Բ ԿՈՐՆԹ. Ե 8)։ Այս «մեկնումով». (ՓԻԼ. Ա 23), որ մա՛հն է, հոգին կը բաժնուի մարմինէն՝ մահ=մարմին առանց հոգիի։ Ան պիտի վերամիանայ իր մարմինին՝ մեռեալներուն յարութեան օրը։ Մահուան դիմաց՝ մարդկային գոյութեան առեղծուածը կը հասնի իր գագաթնակէտին։ Մարմնական մահը որոշ իմաստով բնական երեւոյթ է, սակայն հաւատքի աչքով՝ ան իրականին մէջ «Մեղքին թոշակն է». (ՀՌՈՎՄ. Զ 23), (ԾՆՆԴ. Բ 17)։

Իսկ Քրիստոսի շնորհքին մէջ մեռնողներուն, այսինքն՝ հանգուցեալներուն համար մահը մասնակցութիւն մըն է Տիրոջ մահուան, այսպէս մասնակցելու համար նաեւ Անոր Յարութեան. (ՀՌՈՎՄ. Զ 3-9), (ՓԻԼ. Գ 10-11)։

Մեր իւրաքանչիւրին կեանքը սահմանաւորուած է ժամանակի չափով, որուն ընթացքին կը կրենք մարմնական եւ մտային փոփոխութիւններ, բայց հոգին կը մնայ անփոփոխ, քանի որ ան չի ծերանար, չի փոխուիր եւ միշտ նոյն հոգին կը մնայ։ Եւ մարդուն մարմնական եւ մտային փոփոխութիւններուն բնական վերջաւորութիւնը՝ մա՛հը կը ներկայանայ։

«Յիշէ՛ Արարիչդ պատանեկութեանդ օրերուն. փոշին հողին՝ շունչն ալ զայն տուող Աստուծոյ տակաւին չվերադարձած». (ԺՈՂ. ԺԲ 1-7)։

Այսպէս՝ մահը կերպարանափոխուած է Քրիստոսով։ Յիսուս, Աստուծոյ Որդին՝ Աստուած, Ինքն ալ կրեց մարդկային վիճակը բնորոշող մահը։ Բայց հակառակ Իր մահուան դիմաց զգացած սոսկումին, որպէս կատարեալ մարդ. (ՄԱՐԿ. ԺԴ 33-34), (ԵԲՐ. Ե 7-8), զայն յանձն առաւ՝ Իր Հօր Աստուծոյ կամքին ամբողջական եւ ազատ հնազանդութեամբ. «Անցո՛ զբաժակս զայս յինէն. բայց ոչ որպէս ես կամիմ, այլ որպէս Դու կամիս»։

Եւ Յիսուսի հնազանդութիւնը մահը եւ մահուան անէծքը փոխակերպեց օրհնութեան. (ՀՌՈՎՄ. Ե 19-20)։

Քանի որ քրիստոնէական ըմբռնումով մահը օրհնութիւն է, այլապէս հասկնալի չի թուիր մեզի, երբ յաճախ մահացածներու համար կը գործածուի «ողբացեալ» մակդիրը, փոխանակ «հանգուցեալ»ի։

Օրհնութեան արժանացած մէկու մը համար «ողբացեալ» ըսել հակասութիւն չէ՞…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 19, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2025