ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՄԱՆ ԱՌԹԻՒ

Եկեղեցին ունի բազմաթիւ զանազան սովորութիւններ, վարժութիւններ՝ որոնք անդրադարձման առիթներ կը ներկայացնեն հաւատացեալներու, ուշադրութիւն դարձնելու սովորական աշխարհային կեանքէն՝ դէպի հոգեւոր ճշմարտութիւններու։

Արդարեւ, կան «գլխադիր սովորութիւններ»՝ որոնք աւանդուած են մեզի, անմիջականօրէն Յիսուսէ եւ առաքեալներէ։ Իսկ կան «պարզ սովորութիւններ»՝ որոնք հաստատուած եւ աւանդուած են Եկեղեցւոյ հայրերու եւ հայրապետներու կողմէ։ Եւ ներկայ Մեծ պահքն ալ այս երկրորդ աւանդութիւններէն մին է, որ կը պարունակէ կիրակիներ՝ իրարու կապուած խորհուրդներու՝ օղակուած, շղթայուած ամբողջութիւն մը, որ կը ներկայացնէ դէպքերու շարք մը՝ ստեղծագործութենէն մինչեւ Յիսուսի երկրորդ Գալուստը։ Եւ ինչպէս յայտնի է, իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ խորհուրդը, որմէ պէտք է դասեր քաղել…

Ահաւասիկ, «Անառակի կիրակին» եւ կամ ոմանց անուանումով. «Կորուստներու կիրակին» ալ այս օղակներէն մին է եւ երրորդը։

«Անառակ» իր ամենալայն իմաստով, կը նշանակէ՝ շեղած, սխալած, մոլորումի մէջ ըլլալ։ Եւ այս իմաստով, կը նշանակէ՝ զեղխութեամբ, շռայլութեամբ, աղատանքով ապրուած կեանք մը, որմէ պէտք է վերադարձուի՝ մաքուր, հոգեւոր եւ աստուածահաճոյ, աստուածամերձ կեանքի մը։

Աստուծմէ հեռու ըլլալ, մեղքի մէջ ապրիլ կը նշանակէ։ Ասիկա, նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ ապրիլ կը նշանակէ, եւ երբ մենք դժուարութիւններու մէջ կ՚ապրինք, զԱստուած կը փնտռենք։ Երբեմն ալ «կը մեղադրենք» զԱյն, ըսելով, թէ ինչո՞ւ մեզ այդ վիճակին մատնեց։

Բայց նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ այս աշխարհի վրայ անխուսափելի՛ են մարդուս համար։ Եւ անոնք ո՛չ թէ Աստուծմէ կու գան, այլ՝ մեր սխալ որոշումներուն, մեր արարքներուն պատճառով, քանի որ մենք կը շարժինք մեր ազատ կամքով եւ պէտք է մե՛նք պատասխանատու ըլլանք մեր արարքներէն եւ այդպէս ընդունինք անոնց հետեւանքները։

Բայց Աստուած ներո՛ղ է եւ միշտ կը սպասէ մեր վերադարձին։ Եւ վերադարձը կը սկսի, անդրադարձումով եւ զղջումով։ Ասոր համար պէտք է յիշենք, թէ ո՞ւր կը գտնուինք։

Հայրեր միշտ պատրա՛ստ են ներելու իրենց որդիները…

Որդիներ կրնան սխալիլ, կրնան շեղիլ, բայց հայրեր միշտ անոնց կը ներեն եւ ուղիղ ճամբան ցոյց կու տան։ Եւ մարդուն Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնն ալ այս հիման վրայ հաստատուած է. Աստուած միշտ եւ անհամբեր կը սպասէ մեր վերադարձին դէպի Իրեն։ Ան, ամէն պարագայի պատրա՛ստ է մեզ գրկել, ողջագուրել։ Եւ երբ մենք բազկատարած կ՚աղօթենք՝ այդ ողջագրումին ահաւասիկ պատասխան կու տանք։ Որովհետեւ, Աստուած ողորմած է եւ հոգատար. Ան Աստուած է, քանի որ կը սիրէ մեզ՝ Իր որդիները եւ միշտ հաւատարիմ է Իր հայրութեան եւ սիրոյն։

Աստուած կը համբերէ եւ յաճախ առիթներ կու տայ, որպէսզի Իրմէ հեռացած Իր որդիները անդրադառնան իրենց սխալներուն եւ վերադառնան իրենց հարազատ տունը։

Ահաւասիկ, Մեծ պահքի շրջանը այս առիթը կը ներկայացնէ մեզի. թէեւ սնունդի պահեցողութեան կը կեդրոնացնենք մեր ուշադրութիւնները, սակայն «առիթ» եզրն ալ պէտք չէ անտեսենք այս մասին. ո՛չ թէ ձեւականութեան, այլ բուն իմաստին պէտք է կեդրոնացնենք մեր միտքը։ Մեծ պահքի կիզակէտը՝ անդրադառնալ եւ վերադառնալու հարցը ըլլալու է։ Մանրամասնութիւններէ տարուելով, էականը պէտք չէ անտեսուի, վերջապէս։

Արդարեւ, «Անառակի կիրակի»ն կամ «Կորուստներու կիրակի»ն ալ մեր բոլորին կիրակին պէտք է ըլլայ. անիկա յիշեցում մըն է նաեւ իրարու օգնութեան՝ մեր նեղութիւններուն մէջ։

Ուստի, բազկատարած աղօթենք, որ Աստուած ընդունի մեզ Իր գրկին մէջ, ուրախանայ մեր վերադարձով, վերանորոգէ մեզ, վերադարձնէ մեզ մեր մաքուր հագուստները՝ զօրացնէ մեզ աստուածային զօրութիւնով եւ կարողութիւն տայ՝ տոկալու չարին չարիքներուն։

Հանգիստ եւ խաղաղ կեանքի համար անհրաժեշտ պայման է՝ վերադառնալ հօրենական տուն՝ ուր մեզ պիտի դիմաւորեն հարազատներ։ Հո՛ն է, որ պիտի գտնենք զԱստուած եւ պիտի գովաբանենք, փառաբանենք զԱյն։

Ուստի, եւ Մեծ պահքի առիթը օգտագործենք ո՛չ թէ ձեւակերպութիւններու մէջ, այլ էականին մէջ՝ խորանալով անոր թէ՛ անհատական, թէ՛ ընկերային, թէ՛ մարմնական, թէ՛ հոգեկան եւ թէ մտային իմաստին եւ նպատակին, միշտ փառաբանելով զԱստուած Իր ամբողջ շնորհներուն համար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 19, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 20, 2025