ԼԱՒԱՏԵՍՆ ՈՒ ՅՈՌԵՏԵՍԸ

Հայ գրականութեան մէջ յոռետեսները բազմաթիւ են. յոռետես են անոնք՝ որոնք երբեք չկրցան տեսնել այն Հայաստանն ու հայութիւնը, որուն երազը տասնամեակներ շարունակ հիւսեցին. անոնք յոռետե՞ս ծնան, թէ ոչ յոռետես դարձան։ Հայ մտաւորականներէն Եղիա Տէմիրճիպաշեան 9 մարտ 1893 թուականին գրած իր մէկ յօդուածին մէջ կ՚ըսէ. «յոռետես» եմ, «յոռետես» եղայ»։ Հայ գրականութեան մէջ Տէմիրճիպաշեան յիշուած է իր ինքնասպանութեամբ, սակայն մոռցուած է, որ ան եղած է անձ՝ որ հոգիով ու սիրտով, մինչեւ իսկ իր առողջութեան գնով պայքարած է հայկական դպրոցներուն եւ ի նպաստ այդտեղ տրուող դաստիարակութեան բարելաւման։ Թէ ան ինչո՞ւ համար յոռետես եղաւ, մտաւորականը կը բացատրէ այսպէս. «Ինչ որ կ՚երազէի, ո՛չ իմ անձիս համար, ո՛չ իմ ազգիս համար, այլ ընդհանուր մարդկային ազգին համար, այո՛, երազ մնաց, եւ նախընթացն հետեւորդէն, եթէ կրնայ գուշակուիլ, երազ պիտի մնայ»: 

Շատերու համար յոռետեսութեան ինչութիւնը այդքան ալ յստակ չէ. նոյնիսկ շատ անգամ մտաւորականներ չեն կրցած հասկնալ. նոյնիսկ շատ անգամ մեծ մտաւորականներ լաւապէս չեն կրցած հասկնալ անոր ինչութիւնը. օրինակի համար, Ինտրա իր «Ներաշխարհ» աշխատութեան Բ. բաժնին մէջ կը գրէ. «Ամէն «ուխտեալ» յոռետես ի մէջ ատեցողութիւն կայ ամէն բանէ առաջ, զեղման, ճառագայթման աղքատութիւն, վիրաւորուած՝ հակառակուած անձնականութեան մ՚ատելութիւնն, անկրօն ու վհատ հոգւոց ատեցողութիւնը. անձնիշխանութեան՝ այսինքն ճշմարիտ կեանքին հարկաւոր զօրութեան՝ տատամսման ու շիջման ատեցողութիւնը կեանքին դէմ, քաղաքակրթութեան դէմ՝ որ հոյակապ յայտակերպումն է կեանքին խանդավառութեան, ապրելու հաւաքական ու անգիտակից խանդավառութեանց գործը»: 

Ինտրայի փիլիսոփայական այս տողերը կրնան բարդ թուիլ, այդ իսկ պատճառով պարզ բառերով բացատրենք. Ինտրա յոռետեսութեան եւ մա՛նաւանդ «ուխտեալ» յոռետեսին մէջ կը փորձէ տեսնել հետեւեալ կէտերը.

Ա.- Յոռետեսները չունին ուժ ու կորով պայքարելու.- Վերջերս քննադատութեան անիմաստ ըլլալը պաշտպանող անձնաւորութիւն մը կ՚ըսէր, որ բան մը քննադատելը անիմաստ է. քննադատելու տեղ քննադատողը ի՛նք պէտք է գործէ, որպէսզի այդ քննադատածը սրբագրէ։ Իրականութեան մէջ որոշ ճշդութիւն մը կայ այս մտածումին մէջ, որովհետեւ քննադատողը եթէ ճիշդ սրբագրութեան ձեւը գիտէ՝ ինչի՞ն կը սպասէ: Սակայն, ազգային հարցերու պարագային միշտ չէ՛, որ այդպէս է. այսօր բազմաթիւ մարդիկ կ՚ուզեն «լաւ» գործ առաջ տանիլ գաղութներէն ներս, սակայն նկատի ունենալով, որ կայ ղեկավարութիւն՝ անոնց կամքը իմաստ մը չ՚ունենար: Յոռետեսները ո՛չ թէ ուժ չունին, այլ ունին ուժն ու պատրաստակամութիւնը, սակայն կը սպասեն, որպէսզի առիթ տրուի. հաւատացէ՛ք, որ մեր գաղութներն ինչքան ալ մարդուժի կարիք ունենան, իրականութեան մէջ կ՚ատեն մարդուժը. ո՛չ թէ գաղութը, այլ ղեկավարութիւնն է, որ կ՚ատէ, որովհետեւ մեր մէջ կայ ատելութիւն մը. ատելութիւն ուրիշին յաջողութեան հանդէպ: 

Բ.- Յոռետեսները իրենց հաւատքն ու յոյսը կորսնցուցած մարդիկ են.- Ամէն յոռետես յոյսն ու հաւատքը չէ կորսնցուցած. շատ անգամ մարդոց մօտ յոռետեսութիւնը պաշտպանուելու միջոց է. յոռետես անձը միշտ ինքզինք կը նախապատրաստէ վատագոյնին եւ ապա կը գործէ. այդ մէկը կ՚օգնէ, որ զերծ մնայ յուսախաբութենէն. այդ մէկը յուսահատութենէն, հաւատքի կամ յոյսի պակասէն աւելի կարելի է անուանել իրատեսութիւն. պատճառը այն է, որ անոնք աւելի զգոյշ են իրենց վերլուծականներուն մէջ. անոնք վատագոյնը կը մտածեն՝ որպէսզի անոր լոյսին տակ լուծումներ գտնեն, որ ինքնին յոյսի տարր մըն է: Կը հաւատանք, որ յոռետես անձը շատ աւելիով պատրաստ է ընդունիլ ապագայ հնարաւոր դժբախտութիւնները՝ քան լաւատեսը, որովհետեւ լաւատեսին համար վատագոյն վիճակը կրնայ մահ թուիլ, մինչ յոռետեսը նախապէս մտածած ու անոր լուծումներուն մասին խորհած ըլլալով կրնայ դիմագրաւել: Յոռետես անձը ինքզինք կը պատրաստէ դժուարութիւններուն. այս պարագային որո՞ւ մօտ է աւելի ապրելու, պայքարելու յոյսն ու հաւատքը... թող ընթերցողը մտածէ: 

Գ.- Յոռետեսները կ՚ատեն այն ամէնը, ինչ կապուած է կամքի հետ.- Սեփական ուժին վստահիլը վստահաբար լաւ բան է եւ յաճախ լաւատես մարդիկ վատը մտածելու փոխարէն իրենց ուժին ու յաղթանակներուն մասին կը մտածեն. նոյնն է պարագան կրօնական գետնի վրայ. յաճախ կը յորդորուի, որ չարին մասին մտածելու փոխարէն յոյսը դնել բարիին վրայ եւ վստահ ըլլալ, որ բարին կը յաղթէ չարին. Սակայն, ազգային խնդիրներու պարագային կարելի չէ նոյն մօտեցումը ունենալ, մա՛նաւանդ այն ժամանակ, երբ ազգի շահերէն աւելի սեփական շահերը առաջ կը տարուին. իրականութեան մէջ յոռետեսին կամքն ու ուժը քննադատելը լուրջ խնդիր մըն է. օրինակ՝ շատեր ինքնասպանութեան դիմողները վախկոտներ կը նկատեն, սակայն, Նար-Դոս դիտել կու տայ, որ ինքնասպանը կամաւոր կը դիմէ դէպի մահ՝ որմէ բոլորը կը վախնան. այստեղ լուրջ ձեւով պէտք է մտածել, թէ մահէն վախցո՞ղն է քաջը, թէ քաջաբար դէպի մահ դիմողը: Նոյնն է պարագան յոռետեսութեան, որովհետեւ յոռետեսը չի վախնար վատագոյն պարագաները մտածելէ, մինչ լաւատեսը կը բաւարարուի իր վարդագոյն երազներով:

Յոռետես թէ լաւատես, իրականութեան մէջ նոյն բանը կ՚ուզեն։ Տեսնել հայ ազգը իր լաւագոյն վիճակին մէջ. նպատակը նոյնն է, պարզապէս տարբեր են մօտեցումները, տարբեր ըմբռնումները եւ ազգի մը համար երկուքը անհրաժեշտ են, որովհետեւ յոռետեսը պիտի քննադատէ, լաւատեսը պիտի գովէ եւ միասնաբար լաւը դէպի աւելի լաւի պիտի առաջնորդուի: 

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ են յոռետեսին ու լաւատեսին հասարակաց գիծերը:

Պատասխան. Լաւատեսին ու յոռետեսին մէջ հասարակաց գիծը այն է, որ երկուքն ալ իրենց զգացումներն ու միտքերը կ՚ուղղեն ապագային, սակայն տարբեր ձեւերով: ԹԷ՛ յոռետեսը եւ թէ լաւատեսը կրնան ունենալ խնդիրներ ու դժուարութիւններ, սակայն, ինչպէս կը դիմագրաւեն այդ բոլորը՝ կախուած է անոնց հոգեբանական վիճակէն: Երկուքն ալ կը մտածեն, սակայն լաւատեսը հնարաւորութիւններու մասին կը մտածէ, մինչ յոռետեսը դժուարութիւններուն վրայ կը կեդրոնանայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 20, 2025