ՕՏԵԱՆ Կ՚ԱՏԷ՞ ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆԸ
Պէտք է ընդունիլ, որ կեանքի մէջ «բախտ»ը որոշ տեղ մը ունի՝ մանաւանդ գրականութեան պարագային, որովհետեւ շատ անգամ գրողը իր մտաւոր կարողութենէն աւելի «բախտ»ն է, որ կենդանի կը պահէ. գուցէ մահն ու հիւանդութիւնը եւս տեղ մը «բախտաւորութիւն» կարելի է նկատել։ Վերջապէս Աւետարանն է ըսողը՝ որ պէտք է մեռնի՝ որ յարութիւն առնէ եւ նոյն ճակատագիրին արժանացած են մեր արժէքներէն շատեր: Օրինակի համար, արդար ըլլալու համար պէտք է ըսենք, որ հայ ժողովուրդի կողմէ Հրանդ Տինք իր սպանութենէն ետք շատ աւելի ժողովրդականութիւն ունեցաւ՝ քան իր կենդանութեան. այս է մեր ազգի օրէնքը՝ պէտք է մեռնիս՝ որպէսզի ապրիս:
Անոնցմէ մէկն է վստահաբար Պետրոս Դուրեան, որ հակառակ իր երիտասարդ տարիքին, մի քանի տասնեակ բանաստեղծութիւններով կենդանի եղած ժամանակ թէեւ անտեսուած, սակայն, յետ մահու ապրեցաւ: Կենդանութեան աղքատութեան մէջ ապրող Դուրեան յետ մահու տարօրինակ ձեւով արժէք մը ստացաւ եւ շատեր փութացին անոր մասին աշխատութիւններ հրատարակել. շատեր փորձեցին անոր կեանքը հատորի մը մէջ ամփոփել, սակայն այդ բոլորը դիւրին չէր ընելը։ Դուրեանի գրութիւններէն շատերը թերթերու մէջ հրատարակուած չէին եւ ամբողջական տետրակ մը գոյութիւն չունէր։ Դուրեան իր բանաստեղծութիւնները նամակի ճամբով ղրկած էր զանազան անձերու եւ լուրջ աշխատանք կը պահանջէր այդ նամակներն ու բանաստեղծութիւնները մէկտեղելը։ Անշուշտ, հարազատներ ու ընտանիքի անդամներ ամէն ջանք ի գործ կը դնէին աջէն ձախէն անոր գրութիւնները հաւաքելու եւ Դուրեանի գիրքը խմբագրողներուն յանձնելու, սակայն, միշտ չէր յաջողուէր ձեռք բերել անոր գրութիւնները:
Շատեր կը փորձէին Պետրոս Դուրեանի մասին երկար կենսագրական պատմութիւններ հիւսել, սակայն նկատի ունենալով, որ երիտասարդ բանաստեղծը մահացած է քսան տարեկան հասակին, այնքան ալ հնարաւոր չէր եւ այս մէկը բնականաբար քննադատութեան առարկայ էր, մանաւանդ ժամանակակից մտաւորականներու մօտ. այս երեւոյթը քննադատողներէն առաջիններէն էր Երուանդ Օտեանը, որ երգիծական քննադատութիւն մը կը հրատարակէ օրին՝ «Դուրեանի երկրորդ մահը» խորագիրով:
Երուանդ Օտեան Դուրեանը որպէս բանաստեղծ ու արժէք կը նկատէր թէ ոչ՝ ընթերցողը կարդալով Օտեանի տողերը թող ինք որոշէ. իր գրութեան առաջին բաժնին մէջ Օտեան կը ծաղրէ «բանաստեղծ»ները՝ ըսելով. «Փա՜ռք քեզ, Տէր, որ զիս բանաստեղծ չես ստեղծած: Գիտեմ, ամենակարող ես, կրնայիր, եթէ ուզէիր, ըսել՝ «Եղիցի բանաստեղծ» եւ բանաստեղծ պիտի ըլլայի ու պիտի տեսնէիր որ «ո՛չ է բարի»: Այո՛, գոհ եմ բանաստեղծ չըլլալուս, ...անոր համար որ բանաստեղծին օրհնեալ է անունը՝ անիծեալ է կեանքը» եւ շարունակելով իր խօսքը կ՚ըսէ. «արդէն բանաստեղծներու խօսքերուն շատ ականջ չեմ դներ»:
Օտեան տարօրինակ կը գտնէ, թէ ինչո՞ւ համար մարդիկ կը փորձեն երկար ու իրականութեան չհամապատասխանող կենսագրական գիծեր գտնել Դուրեանի մասին, որովհետեւ Դուրեան մահացած էր քսան տարեկան հասակին։ Եթէ նկատի ունենանք, որ սկսած է գրել 14-15 տարեկանին, ապա հինգ տարուան մէջ ինչպիսի՞ արկածախնդրական կամ գործունէութեամբ լեցուն կեանք մը կարելի էր ակնկալել. այս մասին Օտեան իր մտահոգութիւնը այսպէս կը յայտնէ. «Քսան տարեկան հասակին մէջ մեռած բանաստեղծի մը կեանքը պատմել կարծեմ անհեթեթ ձեռնարկութիւն մըն է: Բանաստեղծ մը, աւելի ճիշդը հայ բանաստեղծ մը արդէն հազիւ թէ կ՚ապրի. իր կեանքը գրութիւններն են»:
Ըստ երեւոյթին Օտեան այնքան ալ դրական չէ բանաստեղծներու եւ բանաստեղծութիւններու հանդէպ։ Դուրեանն ու անոր գրութիւնները ընդհանուր աչքի առջեւ ունենալով կ՚ըսէ. «Օդային երազներու մէջ տարուբեր՝ լուսնին, գիշերուան, եթերին, հովին, կապոյտին եւ անոնց նման բաներու հետ ժամանակ կ՚անցնէ եւ եթէ ուզենք անպատճառ իր բուն ապրած կեանքը պատմել, բնաւ շահեկան բան մը չենք կրնար գտնել ըսելու եւ երկու տարի անդադար տքնելէ ետք անճոռնի գրուածք մը մէջտեղ կը հանենք»:
Արդեօք Օտեան Դուրեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ «շահեկան» բան մը չէ՞ր գտներ. իրականութեան մէջ չենք ուզեր հաւատալ այս երեւոյթին, որովհետեւ Օտեանի հիմնական ջղայնութիւնն ու քննադատութիւնը ուղղուած է ո՛չ թէ Դուրեանին, այլ՝ Դուրեանի կենսագրութիւնը գրել փորձողներուն, որովհետեւ անոնք լայն աղբիւր չունենալով երկար էջեր նուիրած են Դուրեանի մեծ հօր, ապա հօրն ու մօր, անոնց ապրած տան, պատերուն, պատուհաններուն մասին՝ պարզապէս Դուրեանի մասին երկար կենսագրական մը հրապարակ հանելու համար:
Օտեան կ՚առաջարկէր, որ երկու տարուան այդ երկար ուսումնասիրութիւններուն փոխարէն ուսումնասիրողներ զբաղէին գետնախնձորի մշակութեամբ՝ հաւատալով, որ այդ մէկը շատ աւելի լաւ արդիւնք պիտի տար, քան Դուրեանի մասին կենսագրութիւն գրելու գործը:
Պէտք է ըսել, թէեւ բանաստեղծները չի սիրեր Օտեան, սակայն դէմ է նաեւ այն համոզումին, որ կենսագրութիւնը հաւաքողներ կը պատկերացնեն. անոնք Դուրեանը կը ներկայացնեն որպէս ծափահարութեան մուրացկան:
Իր գրութիւնը Օտեան կ՚եզրակացնէ հետեւեալ տողերով. «Բարեբախտաբար Դուրեան իր տաղերուն մէջ կ՚ապրի եւ անոնց մէջ կը պատմէ արդէն մեզի պէտք եղածին չափ, իր կեանքը, այնքա՜ն կենդանի եւ հոգեյոյզ գոյներով ,որ մեր վրայ իր թողած տպաւորութիւնը երբեք չ՚աղարտիր այդ տեսակ կենսագրականներու շնորհիւ»:
Ի դէպ այսօր՝ 20 մայիս, հին տոմարով ծննդեան օրն է եղերաբախտ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանին:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ով ուզէ կրնա՞յ բանաստեղծ դառնալ:
Պատասխան. Այո, ով ուզէ կրնայ բանաստեղծ դառնալ, որովհետեւ բանաստեղծութիւնը միայն տաղանդի հարց չէ, այլ հոգիի խորքին մէջ ապրուած զգացումներու ազնիւ արտայայտութիւններն են: Ճիշդ է, որ որոշ մարդիկ ունին բնածին լեզուական հմտութիւն, բայց բանաստեղծ դառնալու ամենէն կարեւոր պայմանը ներքին զգայական աշխարհն է, դիտելու ունակութիւնն է, ապրումները բառերու միջոցով արտայայտելու ցանկութիւնն ու կարողութիւնն է: Սորվելով, կարդալով եւ շարունակ գրելով ոեւէ մարդ կրնայ ձեւաւորել իր ոճը եւ դառնալ բանաստեղծ, որ իր զգացումները կը յաջողի փոխանցել ուրիշներուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան