ԿԱՐՄԻՐ ՎԱՐԴԸ

Սիրելի բարեկամներ, հետաքրքիր է վարդը՝ կարծես արիւնով ներկուած այս հրաշալի՜ ծաղիկը։ Ինչո՞ւ այսպէս «արիւնով» ներկուած է վարդը։

Փորձենք հարցնել վարդին, թէ ինչո՞ւ այսպէս կարմիր է եւ ընդհանրապէս ծանօթ իր գոյնով։

Պահ մը երեւակայենք վարդին պատասխանը՝ որ խորհրդաւոր հառաչանքով մը կը փոխադարձէ հարցումին։ «Ահա պատմութիւնս քանի մը բառով», ըսելով, վարդը կը պատմէ իր հետաքրքրական կեանքը։

«Ես սերած եմ այն թուփէն՝ որուն վարդերը, երբեմն, դարե՜ր, դարե՜ր առաջ, ասրի՝ սպիտակ ազնիւ բուրդի նման ճերմակ էին։ Իմ նախնիներուս բնակավայրը Հրէաստան էր։ Հո՛ն, Երուսաղէմի մէջ, Պիղատոսի պալատան պարտէզին պարծանքն էր նախնիներէս մէկը, հատընտիր՝ հատ հատ խնամքով ընտրուած թուփ մը, որ ամէն առտու Պիղատոսի կնոջ Օֆէլիայի նազելի մատներուն փայփայանքը կը վայելէր, որուն բողբոջներուն վրայ հանգչած ցօղը անոր ռունգերուն տաք, ջերմ շունչովը կը ցամքէր։

«Օֆէլիայի ննջասենեակին իր օրական տուրքն էին երկու թարմ կոկոններ՝ որոնք անոր յարդարանքի սեղանին ամենէն հմայիչ զարդը կը կազմէին։

«Նոյնիսկ խստադէմ, խոժոռ Պիղատոսէ քաղցր ժպիտ մը կը թռչէր, երբ ակնարկը իյնար իր պարտէզին ծաղիկներուն այդ թագուհիին վրայ։ Ամէն ծաղիկ անոր փառքին շուքին մէջ կը նսեմանար։

«Օր մը սակայն, ո՜հ, չարագուշակ օր մը, յանկարծ եկաւ եւ դէմը ցցուեցաւ հռովմէացի զինուոր մը, իր հսկայ հասակովը եւ սպառազինեալ ոտքին մատնէն մինչեւ գլխուն մազը՝ որ առանց մտածումի եւ վարանումի, սուրը քաշեց պատեանէն եւ մէկ հարուածով անոր ճիւղերէն մէկը իր պորտէն կտրեց եւ պսակաձեւ բոլորելով տարաւ, անհետացաւ։ Աւիշը սրակտոր ճիւղին մէջ բորբոքեցաւ այդ անգութ անխիղճ բռնաբարման դէմ։

«Այդ կտրուած ճիւղն էր, որով պսակեցին սուրբ գլուխը Յիսուս Քրիստոսի։ Այդ պսակին փուշերը ակամայ ծածկեցին Խաչեալ Սուրբին թաւշեայ ճակատը եւ արեան կայլակներով՝ կաթիլներով կարմիր ներկեցին Անոր լուսեղէմ դէմքը։

«Երբ Խաչեալին անշնչացած մարմինը փայտէն վար իջեցուցին եւ իր դամբանը տարին, անոնցմէ մէկը, Մագթաղենացի կին մը՝ Մարիամ, պսակը զգուշութեամբ վերցուց գլխէն, քակեց, ձգտեց՝ պրկեց եւ անէծքով մը գետինը մխրճեց զայն իր սրահատ ծայրէն։

«Շուտով արմատ արձակեց այդ մեղանջական ճիւղը։ Երկնցաւ, ճգնեցաւ եւ արիւնով կենսաւորուած, կրցաւ, երեք օր չանցած, անգամ մըն ալ վարդերով զարդարուիլ։

«Երեք օր վերջ երբ Խաչեալը յարեաւ, արշալոյսին երգեցիկ թռչուններուն հետ ողջունուեցաւ նաեւ այդ թուփէն՝ որուն վարդերը սակայն, շիկնահար, արեամբ ներկուած էին… Յիսուսի ակնարկը ինկաւ անոր վրայ, եւ ժպտեցաւ, հաճեցաւ…։ Ո՜հ փուշ եղած եւ անոր ճակատը արիւնած էր, բայց ցաւատանջ, արիւնաթաթախ.- Մեղայ քեզ, Տէր, մեղայ, ձայներ էր ան…

«Ահաւասիկ, այդ օրէն ասդին մեր փուշերը անյայտացան, բայց մեր գոյնը մնաց արիւն կարմիր…»։

Այսպէս պիտի բացատրէր վարդը իր արիւն կարմիր գոյնը ահաւասիկ։

«Վարդ» բառը, ուշագրաւ է, որ երբեք յիշուած չէ Սուրբ Գիրքին մէջ, թէպէտ այս ծաղիկը Ասորւոց երկրին մէջ շատ ծանօթ է, մանաւանդ մէկ տեսակը՝ որ «Դամասկեան վարդ» կը կոչուի՝ Դամասկոսի անունով։

«Ես Սարօնին ծաղիկն եմ եւ հովիտներուն շուշանը։ Ինչպէս շուշանը փուշերուն մէջ, այնպէս է իմ սիրուհիս աղջիկներուն մէջ». (ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ, Բ 1-2)։ Բնագրին բառը, որ հոս թարգմանուած է «ծաղիկ», երբ իր կազմութեան նայուի, յայտնի կ՚երեւի, թէ կը նշանակէ՝ սոխի նման արմատ կամ կոճղէզ ունեցող «կաղաբոյս» ծաղիկ՝ սոխարմատ ունեցող բոյս եւ հաւանականապէս նարգէսն է կամ նարկիսը՝ որ կը գտնուի բոլոր Ասորւոց երկրին մէջ եւ է շատ գեղեցիկ եւ անուշահոտ ծաղիկ…

Մենք մեր մեղսակից սրտով փշէ պսակ եղանք մեր Փրկչին գլխուն, բայց այդ նոյնը սիրտը նուէր կ՚ուզէ Յիսուս Քրիստոս։

Փուշ էինք, վարդ ըլլանք՝ թէեւ մեղքով կարմրած… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 14, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2026