ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՓՈԽԷ ԿԵԱՆՔԸ
«Այդ միջոցին Յիսուսի բերին անդամալոյծ մը, որ չորս հոգիներ շալկած էին։ Երբ բազմութեան պատճառով չկրցան զայն Յիսուսի մօտ բերել, քակեցին տունին տանիքը եւ առաստաղը բանալով՝ անդամալոյծը մահիճով վար իջեցուցին։ Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, ըսաւ անդամալոյծին.- Որդեա՜կ, մեղքերդ ներուած ըլլան քեզի». (ՄԱՐԿ. Բ 3-5)։
Յիսուս՝ մարմնացեալ եւ մարդացեալ Աստուած աշխարհ եկաւ մարդուս կեանքը փոխելո՛ւ։
Վերոյիշեալ աւետարանական հատուածին մէջ կը տեսնենք, որ բազմութեան մէջ ո՛չ մէկը խորհեցաւ եւ փորձեց անդամալոյծին ճամբայ բանալ, որպէսզի զայն մօտենայ Յիսուս Քրիստոսի եւ բժշկուի։ Բայց անդամալոյծին ընկերները չվհատեցան, ետ չկեցան արգելքներու դէմ. հաւատացին եւ յաջողցան անդմալոյծը մօտեցնել Յիսուսի։
Եթէ հաւատք կայ, ապա ուրեմն Յիսուս Քրիստոսի մօտենալու համար որեւէ արգելք չկա՛յ։
Յիսուս՝ այդ չորս հաւատարիմ եւ հաւատաւոր բարեկամներու համագործակցութիւնը, հաստատամտութիւնը տեսնելով բժշկեց անդամալոյծը։ Ուստի, Յիսուսի մօտենալու արգելք չեն մեղքերն ալ, որոնք աւելի եւս բժշկութեան կարիքը ունին։
Իրենց անդամալոյծ բարեկամը շալկող չորսը, արդարեւ, կը ներկայացնեն՝ հաւատքը, յոյսը, սէրը եւ զղջումի տրամադրութիւնը՝ հոգեկան վիճակը։ Ուրեմն, եթէ միանան այս չորս արժէքները՝ անոնց համար որեւէ արգելք չկա՛յ։ Պէտք չէ՛ վհատիլ, պէտք չէ՛ յուսալքուիլ, եթէ համերաշխ, խաղաղ եւ հաշտ մթնոլորտի մը մէջ միացած են հաւատքի, յոյսի, սիրոյ եւ զղջումի հոգեվիճակի մէջ։ Անդամալոյծին չորս ընկերը այս ճշմարտութեան փաստերը եւ տիպարներն են։
Մարդուս պարտքը եւ պարտաւորութիւնն է՝ կատարել այն ամէնը, որ կարելի՛ է։ Արդարեւ, մարդուն առաջնակարգ կոչումն է իրերօգնութիւնը, քանի որ մարդ ստեղծուած է մարդո՛ւ համար, իր նմանին, «ուրիշ»ին համար եւ ո՛չ թէ իրեն համար։
Ուստի, առանց ձանձրանալու, առանց յոգնելու՝ անխոնջ պէտք է ամէն միջոցի դիմել օգնելու համար իր նմանին, ուրիշին, քանի որ ան յանձնուած է մեր խնամքին։ Օրինաւոր եւ արդարացի միջոցներ մեզ պիտի հասցնեն մեր նպատակին եւ պիտի մօտեցնեն Յիսուս Քրիստոսի։
Եւ անպայման ճամբայ մը կայ մօտենալու Յիսուսի, քանի որ ուրիշ ճամբայ գոյութիւն չունի, եթէ ոչ՝ հաւատքի, յոյսի, սիրոյ եւ զղջումի ճամբաներէն։ Եւ մարդ, երբ անդրադառնայ իր կարիքներուն, պիտի անդրադառնայ նաեւ, թէ իր կարիքները ապահովելու միակ միջոցը Յիսուսն է, ինչպէս ցոյց տուին անդամալոյծին բարեկամները։ Եւ հաստատ հաւատքը, մինչեւ իսկ կրնայ տանիք ելլել եւ բանալ առաստաղը։
Մարդիկ յաճախ կը գանգատին, կը տրտնջան, թէ պատասխան չեն ստանար իրենց աղօթքներուն։
Աստուած երբեք անպատասխան չի թողուր մարդուն աղօթքը, բաւ է, որ ան կատարուի հաստատ եւ աներկբայ հաւատքով։ Հարցական եւ տարակուսական հաւատքը համազօր է անհաւատութեան, քանի որ Յիսուս իրմէ բժշկութիւն խնդրողներու յաճախ կը հարցնէ. «Կը հաւատա՞ս…»։
Անդամալոյծը բժշկուելու համար Յիսուսի մօտեցնող չորս բարեկամը հաստատ հաւատք ունէին այս մասին, քանի որ հաւատքը վստահութիւն կ՚ենթադրէ։ Ուստի, անոնք վստահեցան եւ պատասխան ստացան իրենց աղօթքին։
Մարդ կը կարծէ, թէ անպատասխան է մնացած իր պահանջքը, բայց պէտք է համբերէ։ Կարեւորը՝ չարէն ազատուելու հաստատամտութիւնն է, քանի որ արտաքինը ձեւական է եւ ժամանակաւոր, իսկ ներքինը՝ բովանդակալից է եւ անժամանակ։ Էականը հոգեւորն է։
Ուստի, Յիսուսը միայն մենք մեզի համար չպահենք, այլ զԱյն տարածենք համայն մարդկութեան։
Սա պէտք է խոստովանինք, որ ամէն մէկս բարոյապէս «անդամալոյծներ» ենք եւ կարիքը ունինք բարեկամներու՝ ճշմարիտ, անկեղծ եւ աննենգ բարեկամներու, որոնք առանց որեւէ ակնկալութեան, առանց փոխադարձութեան շալկեն, վերցնեն մեզ եւ օգտագարծեն ամէն օրինաւոր միջոց, ամէն արդարացի ճամբայ՝ մեզ մօտեցնելու համար Փրկչի՝ Յիսուս Քրիստոսի։
Ընտանիքներ իրենց իւրաքանչիւր անդամին պէտք է տէր կանգնին, հոգատար եւ խնամատար ըլլան անոնց։ Եւ մանաւանդ ծնողներ իրենց զաւակներուն կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցին նեցուկ կանգնին։
Աշխարհի վրայ միշտ նեղութիւններ պիտի ըլլան, բայց պէտք է վստահինք Քրիստոսի փրկարար ամենազօրութեան։
Բայց մեր «մահիճ»ը՝ անկողինը պէտք է մե՛նք շալկենք եւ ուրիշներու չթողունք միայն։ Մեր կեանքին տէրը եւ վարիչը պէտք է մենք ըլլանք մեր յօժար կամքով, քանի որ այդ է հաճելին Տէրոջ։ Եւ երբ շալկենք մեր մահիճը եւ երբեք չմոռնանք Յիսուսի փրկարար զօրութիւնը՝ երթանք, բայց չմոռնա՛նք։ Արգելքները յաղթահարելու համար վստահինք Յիսուսի, աղօթենք առանց ձանձրանալու՝ յարատեւ բայց ո՛չ շատախօսութեամբ եւ դատարկաբանութեամբ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 19, 2025, Իսթանպուլ