ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ
Քրիստոնեայ պաշտամունքը ո՛չ միայն կը վերյիշէ մեզ փրկող իրադարձութիւնները, այլ նաեւ կ՚այժմէագործէ եւ առկայ կը դարձնէ զանոնք։
Քրիստոսի «Զատկական խորհուրդը» մէ՛կ անգամ կը կատարուի եւ չի կրկնուիր. հանդիսութիւններն են, որ կը կրկնուին եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ տեղի կ՚ունենայ զեղումը Սուրբ Հոգիին՝ որ կ՚այժմէագործէ նոյն եւ միակ Խորհուրդը։
Վերակոչումը, այսինքն՝ վրան կոչել բարեխօսութիւնն է, որուն միջոցով քահանան կը խնդրէ Հօր, որ առաքէ Սրբագործ Հոգին, որպէսզի Պատարագի ընծաները դառնան Քրիստոսի մարմինը եւ արիւնը, իսկ հաւատացեալներն ալ զանոնք ընդունելով, դառնան կենդանի ընծաներ Աստուծոյ։
«Վերակոչում»ը՝ Յիշատակումին հետ, սի՛րտն է խորհրդենական իւրաքանչիւր հանդիսակատարումին, աւելի յատուկ կերպով՝ Սուրբ Պատարագի խորհուրդին։
Սուրբ Յովհան Դամասկացի այս մասին կ՚ըսէ. «Կը հարցնեն, թէ ինչպէս հացը կ՚ըլլայ մարմին Քրիստոսի, եւ գինին՝ … Քրիստոսի Արիւն։ Եւ կ՚ըսեմ քեզի. Սուրբ Հոգին ներխուժելով կը կատարէ բան մը՝ որ կը գերազանցէ ամէն խօսք եւ միտք…։ Բաւ է, որ իմանաս, թէ ասիկա Սուրբ Հոգիով եղաւ, ինչպէս որ Տէրը Ինքնիրմով եւ Ինքնիր մէջ մարմին զգեցաւ ե՛ւ Սուրբ Կոյսէն եւ Սուրբ Հոգիով»։
Ծիսակատարումին ատեն Սուրբ Հոգիին «կերպարանափոխիչ զօրութիւն»ը կը փութացնէ Արքայութեան գալուստը եւ փրկչական խորհուրդին լրումը։ Մինչ սպասումին եւ յոյսին մէջ ենք, Սուրբ Հոգին իրապէ՛ս կանխել կու տայ մեզի Ամենասուրբ Երրորդութեան լիակատար հաղորդութիւնը։
Հայրը անսալով Եկեղեցւոյ վերակոչումին, կ՚առաքէ Սուրբ Հոգին որ զԻնք ընդունողներուն կեանք կու տայ եւ անոնց ժառանգութեան. (ԵՓՍ. Ա 14), (Բ ԿՈՐՆԹ. Ա 22) «գրաւականը» այժմէն իսկ անոնց համար կը կայացնէ։
Ամէն ծիսարարքի մէջ Սուրբ Հոգիին առաքելութեան վերջին նպատակն է մեզ հաղորդութեան մէջ դնել Քրիստոսի հետ, կազմելու համար Անոր Մարմինը։ Սուրբ Հոգին, որպէս աւիշ Հօր Որթատունկին, Իր պտուղը կը բերէ ուռերուն (ՅՈՎՀ. ԺԵ 1-17), (ԳԱՂ. Ե 22) միջոցով։ Ծիսակատարումին մէջ կ՚իրականանայ ամենասերտ կազմագործակցութիւնը Սուրբ Հոգիին եւ Եկեղեցւոյ։
Հաղորդութեան Հոգին աննահանջ կերպով ներկա՛յ է Եկեղեցւոյ մէջ, եւ այս պատճառով Եկեղեցին կը հանդիսանայ աստուածային հաղորդութեան այն մեծ Սուրբ Խորհուրդը՝ որ կը համախմբէ Աստուծոյ ցրուեալ զաւակները։ Ծիսակատարումին մէջ Սուրբ Հոգիին պտուղը Ամենասուրբ Երրորդութեան հետ անբաժանելի հաղորդութիւն է, իսկ մարդոց միջեւ եղբայրական հաղորդութիւն. (Ա ՅՈՎՀ. Ա 3-7)։
Վերակոչումը նաեւ աղօթքն է Քրիստոսի խորհուրդին հետ համախմբումին հաղորդութեան ամբողջական արդիւնաւորումին համար։
«Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը Հօր Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը». (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 13) պէտք է միշտ մեզի հետ մնան եւ Սուրբ Պատարագի՝ Գոհութեան խորհուրդին հանդիսակատարումէն անդին պտուղ բերեն։ Եկեղեցին կ՚աղօթէ Հօր, որ առաքէ Սուրբ Հոգին, որպէսզի Ան հաւատացեալներուն կեանքը դարձնէ կենդանի ընծայ մը Աստուծոյ, զայն հոգեպէս կերպարանափոխէ ըստ Քրիստոսի պատկերին, փոյթ ներշնչէ Եկեղեցւոյ միութեան եւ մասնակից դարձնէ անոր առաքելութեան՝ կեանքի վկայութեամբ եւ սիրոյ ծառայութիւնով։
*
Չորս մոմեր կը վառէին, առաջինը՝ խաղաղութիւն, ըսաւ որ այլեւս ոչ ոք զինք կը խորհի եւ մարեցաւ, երկրորդը՝ հաւատք, ըսաւ որ այլեւս ամէն մարդ հեռու է ինձմէ եւ մարեցաւ, երրորդը՝ սէր, ըսաւ որ այլեւս իմ տեղս ատելութիւնը առեր է եւ ան ալ մարեցաւ։ Փոքրիկ տղայ մը եկաւ եւ տեսաւ, որ միայն մէկ մոմ վառած կը մնայ, եւ անմիջապէս այդ մոմով վառեց մարած երեք մոմը՝ խաղաղութիւնը, հաւատքը եւ սէրը… եւ այդ չորրորդ չմարած մոմը՝ յո՛յսն էր…
Եթէ յոյսը չէ մարած՝ խաղաղութիւն ալ կա՛յ՝ հաւատք ալ եւ սէր ալ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 20, 2025, Իսթանպուլ