ԱՅՍ Է ՈՒՍՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆԸ

Վերջերս ականատես եղայ այն դժբախտութեան, թէ ինչպէս ուսուցիչ դառնալու բոլոր չափանիշներէն հեռու անհատ մը, պարզապէս անգործ ըլլալուն պատճառով ստանձնեց այդ սրբազան պաշտօնը՝ իր այս կամ այն ծանօթին միջնորդութեամբ եւ այս պատճառ դարձաւ, որպէսզի դարձեալ մտածենք, թէ ո՛վ է ուսուցիչը: Շատեր կը կարծեն, որ ուսուցիչ դառնալու մեծագոյն չափանիշը գիտելիքն է, սակայն, ուսուցիչը գիտելիքէն անդին մարդու տիպարն է՝ իր վարքով, հրահրելու կարողութեամբ, իր մօտեցումով ու մանկավարժական սկզբունքներով: Այսօր մեր դպրոցներէն ներս պաշտօնավարող ուսուցիչներէն քանի՞ն լիովին կը պահեն այդ չափանիշները՝ չենք գիտեր, սակայն այսօր կու գանք խօսելու ուսուցիչի ունեցած պարտաւորութիւններուն ու առաջնահերթութիւններուն մասին:

Ա.- ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ ՈՍՏԻԿԱՆ ՉԷ.- Այս տողը կը գրենք, որովհետեւ ուսուցիչի մը հիմնական պարտականութիւնը աշակերտներուն սխալը բռնելը չէ (թէեւ ոստիկանին հիմնական պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն ալ այդ չէ)։ Մեր դպրոցներէն ներս այսօր գոյութիւն ունի դասատու եւ գոյութիւն ունի ուսուցիչ. այս երկուքին միջեւ տարբերութիւնը շատ մեծ է. մեր դասատուներէն շատեր դաս տալը շփոթելով ուսուցչութեան հետ կը կարծեն, որ անոնց պարտաւորութիւնը շատ պարզ ու հասարակ է. դասը տալ, մի քանի անգամ կրկնել, գրաւորի ճամբով նիշ մը տալ ու անցնիլ միւս դասին... մինչեւ որ գիրքը աւարտի եւ տարին վերջ գտնէ: Նման մօտեցում ունեցող ուսուցիչներն են, որ դպրոցէն ներս «ոստիկան»ի դեր կը ստանձնեն։ Նոյնիսկ եթէ դասը մի քանի տասնեակ անգամ կրկնուած ըլլայ, աշակերտը իրաւունք ունի սխալելու, որովհետեւ ուսուցիչի մը իսկական պարտաւորութիւնը ո՛չ թէ աշակերտին սխալները բռնելուն մէջ կը կայանայ, այլ սորվեցնելուն մէջ՝ թէ ան ինչպէս պէտք է խոյս տայ սխալելէ, լաւապէս հասկնալով, որ սխալիլը մարդկային է. այս մէկը կը կարեւորենք, որովհետեւ սխալելէ վախցող աշակերտը միայն լաւ նիշ մը ապահովելու կ՚աշխատի եւ իրականութեան մէջ նիշը՝ նոյնիսկ իր բարձրագոյն վիճակին մէջ իմաստ մը չունի, որովհետեւ ճշմարիտ գիտութիւնը ո՛չ թէ նիշով, այլ կեանքի ընթացքով կը չափուի։ Աշակերտը ինչքա՞ն կրնայ այդ գիտելիքը իւրացնել: Պէտք է ուսուցիչը աշակերտներուն ներշնչէ այն գաղափարը, որ անոնք պարզապէս վերջաւորութեան «քննութիւն» մը յանձնելու եւ դասարան բարձրանալու համար չեն սորվիր դասերը, որովհետեւ այն գիտելիքը, որ կորուստի կը մատնուի թուղթին յանձնելէ ետք՝ անիմաստ ժամավաճառութիւն է. այս մէկը յաղթահարելու համար ուսուցիչը պէտք է հասկնայ, որ իր հիմնական պարտաւորութիւնը դասը սորվեցնելէ առաջ սորվիլը սորվեցնելն է. աշակերտը պէտք է հասկնայ, թէ ինչպէ՞ս եւ ամենէն կարեւորը ինչո՞ւ կը սորվի: 

Բ.- ԴԱՍԱԳԻՐՔԷՆ ԴՈՒՐՍ.- Կը հաւատանք, որ ճշմարիտ ուսուցիչ մը դասագիրքը կը գործածէ որպէս ուղեցոյց եւ ո՛չ դասի հիմնական աղբիւր. եթէ աշակերտին համար լոկ դասագիրքին ներքին բովանդակութիւնը կարեւոր ըլլար՝ հաւատացէ՛ք, որ ուսուցիչները կրնայինք փոխարինել արհեստական բանականութեամբ, որ աւելի լաւ պիտի յաջողէր բացատրել դասագիրքին մէջ տեղ գտած բոլոր նիւթերն ու գիտելիքները. Սակայն, ուսուցիչին պաշտօնը այդ դասագիրքէն դուրս կը սկսի։ Դասագիրքը ուսուցիչին համար պարզապէս ուղեցոյց մըն է եւ ճշմարիտ ուսուցիչը կը յայտնուի հոն, երբ ան կը յաջողի դուրս գալ անոր սահմաններէն եւ դասը սորվեցնելու փոխարէն աշակերտին աշխարհահայեացքը զարգացնել, որոշ արժէքներ յստակացնել: Դասը պէտք չէ սորվեցնել, այլ պէս է սորվեցնել ինչպէ՛ս հասկնալ, ինչպէ՛ս վերլուծել, կապ ստեղծել միւս գիտելիքներուն հետ եւ վերջապէս կիրառել. այս բոլորը կը պահանջէ քննադատական մտածողութեան զարգացում։ Աշակերտը տրուած դասը անգիր սորվելու փոխարէն պարտի հասկնալ, վերլուծել. հասկնալ, որ այդ մէկը իրեն համար ինչո՞ւ կարեւոր է. ուսուցիչին դերն է նոյնիսկ աշակերտին մէջ յաճախ դասի նկատմամբ կասկած արթնցնել, որպէսզի աշակերտը ի՛նք մտածէ եւ այս մէկը մեծապէս պիտի օգնէ աշակերտին, որպէսզի զարգացնէ իր դատողութիւնը, վերլուծութիւնն ու հասկացողութիւնը: Համոզուած ենք, որ ձախողած է այն ուսուցիչը՝ որ իրականութեան մէջ ուսուցիչ մը ըլլալէ աւելի դասատու է, որ կը սահմանափակուի գիրքով: Այս բոլորը ըսելով հանդերձ շեշտենք, որ չեն թերագնահատեր դասագիրքերու կարեւորութիւնը. ուսուցիչ եւ դասագիրք միասնաբար կը յաջողին աշակերտին մէջ արթնցնել ուսուցումի ծարաւն ու սէրը՝ նիւթին նկատմամբ: 

Գ.- ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼԷ ԱՒԵԼԻ ՊԷՏՔ Է ՍՈՐՎԻ.- Այսպէս կ՚ըսենք, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ շատ մը ուսուցիչներ կը հաւատան, թէ իրենք արդէն իսկ «ամէն բան գիտեն» եւ հետեւաբար որոշ «ինքնահաւան» մօտեցում մը կ՚ունենան, ինչ որ անտարբերութիւն կը ստեղծէ. պէտք է ընդունիլ, որ մերօրեայ աշակերտները շատ աւելի հասուն եւ արթուն են՝ քան մենք կը կարծենք։ Աշակերտի մը համար այնպէս, ինչպէս իր ծնողը, նոյնպէս ուսուցիչը «կատարեալ» տիպար որպէս կը ներկայանայ՝ մինչեւ ուսուցիչը ի՛ր իսկ ձեռքով քանդէ այդ համոզումը: Աշակերտը ունի բազմաթիւ հարցումներ, որոնց պատասխանը կ՚ուզէ առնել իր ուսուցիչէն, որովհետեւ ան համոզուած է, որ իրենց դաս տալու եկած անձը գիտէ պատասխանները այն հարցումներուն՝ որոնք իր միտքին մէջ գոյութիւն ունին: Աշակերտը կը սիրէ այն ուսուցիչը՝ որ գիտէ գոհացում տալ անոնց մտահոգութիւններուն, հարցադրումներուն եւ հո՛ն է, որ կը սկսի ուսուցիչի մը իսկական դերը, որովհետեւ դասը չէ՛, որ կ՚ազդէ աշակերտին վրայ, այլ ուսուցիչին հետ իր ունեցած յարաբերութիւնն ու կապն է, որ կը ստեղծէ մտերմութիւն, որմէ ծնունդ կ՚առնէ սէր թէ՛ ուսուցիչին եւ թէ դասանիւթին նկատմամբ:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է այն հիմնական սխալը, որ գրեթէ բոլոր ուսուցիչները կ՚ընեն:

Պատասխան. Հիմնական սխալը, որ գրեթէ բոլոր ուսուցիչները կ՚ընեն, այն է, որ կը կեդրոնանան դասաւանդելու վրայ եւ ո՛չ սորվեցնելու: Անոնք շատ անգամ տեղեկութիւն կը փոխանցեն՝ կարծելով, որ աշակերտը պէտք է ընդունի եւ ըմբռնէ։ Անոնք կը մոռնան, որ պէտք է խթանեն աշակերտին հետաքրքրութիւնն ու ուսումնասիրելու, պրպտելու ցանկութիւնը: Այս մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի աշակերտներ սորվին եւ իրենց սորվածը մտաբերեն մի քանի օրերու սահմաններուն մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 21, 2025