ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Մեր թուականէն աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ կին մը իր ամուսինէն նոր հագուստ կը խնդրէ: Ամուսինը, անշուշտ, իր կինը անսահման սիրելով կը յօժարի այդ նոր հագուստը գնել, սակայն, կ՚ուզէ այդ մէկը «շահաւէտ» առիթի մը վերածել եւ հետեւեալ պայմանը առաջ կը քաշէ. հագուստը կ՚առնեմ, պայմանով, որ հարցումիս ճիշդ պիտի պատասխանես. կինը կը խոստանայ ճիշդ պատասխանել՝ պայմանով, որ ամուսինը հաստատ մնայ հագուստը գնելու իր որոշումին մէջ:
Անշուշտ, զոյգը այս «խոստումը» չի մոռնար եւ երեկոյ մը ամուսինը իր «պայման» դրած հարցումը կը հարցնէ. «Քանի՞ հոգի սիրած ես». կինը չի պատասխաներ: Ամուսինը մի քանի վայրկեան ետք հարցումը կը կրկնէ՝ մտածելով, որ կինը կա՛մ չլսեց եւ կամ չուզեց լսել: Կինը դարձեալ չի պատասխաներ եւ մի քանի վայրկեան ետք թուղթ մը կը յանձնէ ամուսնոյն: Ամուսինը կը սկսի բարձրաձայն կարդալ անունները. «Թորոս, Մարկոս, Մարտիրոս, Լեւոն, Սիմոն, Նազար, Գասպար եւ այլ անուններ»: Ամուսինը զարմացած ու կասկածով կը դառնայ կնոջը եւ հարց կու տայ. «Նախքան պսակուիլը ըսած էիր մէկ հոգի էր...». կինը այդ զարմանքը անհասկնալի նկատելով անմիջապէս կ՚ուղղէ. «Հոգիս ասոնք ամուսնանալէս ետք սիրածներ են...»:
Այս կարճ պատմութիւնը գուցէ շատեր «ծիծաղաշարժ», իսկ ուրիշներ վշտաբեր նկատեն, որովհետեւ նոյնիսկ «կատակ»ը եւ «զուարճանք»ը տեղ մը իր մէջ որոշ իրականութիւն մը կը պարունակէ:
Անշուշտ, այս մէկը մեզի վշտաբեր կը թուի ըլլալ, որովհետեւ վիճակագրական տուեալներ կը յայտնեն, որ աշխարհի ներկայ ամուսնալուծութիւններու աւելի քան 45-49 առ հարիւր տոկոսը որպէս պատճառ ունի դաւաճանութիւնը. վստահաբար մենք կը կարծենք, որ այդ մէկը աւելի տարածուած է արեւելեան երկիրներուն մէջ, սակայն, այդ մէկը ճշմարտութիւն չէ. արեւմուտքը իր «եւրոպամոլ» եւ օտարամոլ խառնուածքով ամէն ջանք ի գործ դրաւ ընդօրինակելու արեւելքը, սակայն, անկէ դրականը առնելու փոխարէն յաջողեցաւ յոռին շատ աւելի արագ ընդօրինակել եւ իւրացնել:
Դաւաճանութեան պարագային ընկերութիւնը կը մեղադրէ անձը՝ շատ անգամ (մանաւանդ կնոջ պարագային) կողմերը անբարոյ կոչելով, սակայն, կը հաւատանք, որ խնդիրը անհատականէն աւելի հաւաքական է եւ որպէս ընկերութիւն լուրջ մարտահրաւէր մըն է այս մէկը: Բարքերն ու սովորութիւնները (որոնց մաս կը կազմէ նաեւ դաւաճանութիւնը) ժամանակը կը ստեղծէ եւ այդ ժամանակի սովորութիւններու ու դրական ու ժխտական հակումներու լոյսին տակ է, որ կը կազմաւորուի ժամանակակից ընկերութիւնը, ժամանակակից ընտանիքը եւ անոնց լոյսին տակ փոփոխութիւն կը կրէ նաեւ ընկերային ակնկալութիւնը:
Անշուշտ, արհեստագիտութեան զարգացումներէն մէկը կարելի է նկատել նաեւ դաւաճանութեան տարածումը. ընդունինք թէ ոչ, նոյնիսկ ժապաւէնները՝ որոնք մեր թէ՛ մեծահասակները եւ թէ նոր սերունդը ժամերով կը դիտեն, կամայ թէ ակամայ իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ մարդկային կեանքին վրայ. փորձեցէք պահ մը բանալ եւ աչքէ անցընել բոլոր այն ժապաւէնները, որոնք մեր ընկերութիւնը կը դիտէ. պատկերը հետեւեալն է. դաւաճանութիւն, կռիւ, սպանութիւն, գողութիւն եւ ընդհանրապէս ի՛նչ վատ բան որ կ՚ուզէք: Դաւաճանութիւնը դաստիարակութեան մաս կը կազմէ եւ որովհետեւ այսօր թէ՛ ընտանեկան եւ թէ հոգեւոր ու ընկերային դաստիարակութիւնը իր դերը ձգած է արեւելեան ըմբռնումներու, հետեւաբար յառաջ կու գայ սերունդ մը՝ զուրկ բարոյական ամէն տեսակի արժէքներէ:
Կար ժամանակ՝ մանաւանդ արեւմուտքի մէջ, երբ ամուսնալուծութիւնը ամօթ էր՝ դժուարին ինչ պայմաններու տակ ալ գտնուի. մեր հայկական աւանդութիւնները լեցուն են նուիրեալ եւ անձնուրաց մայրերով, որոնք իրենց կեանքի ամենէն դժուար պայմաններուն մէջ եւս գէթ իրենց զաւակներուն սիրոյն յանձն կ՚առնէին այդ դժուարութիւնները՝ յանուն բարոյականութեան, յանուն ընտանիքին եւ անոր անդամներուն: Սակայն «այժմէականութիւն»ը սորվեցուց մարդոց, որ զոհողութիւնը, նուիրումը եւ անձնուրացութիւնը «ժամանակավրէպ» արժէքներ են. սորվեցուց, որ մարդու համար իր սեփական ուրախութիւնը, սեփական հաճոյքը շատ աւելի առաջնահերթ պարտի ըլլալ՝ քան բարոյական ցանկացած սկզբունք:
Անշուշտ, արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ «դաւաճանութեան» հասկացողութիւնը թէեւ վերջերս տարածուած, սակայն նորաստեղծ բան մը չէ. նոյնիսկ Հին կտակարանին մէջ կը տեսնենք այդ դաւաճանութեան հիմքերը. օրինակի համար, Մովսէսի օրէնքներէն մէկը կ՚ըսէ. «Եթէ մէկը ուրիշի կնոջ հետ շնայ՝ այսինքն իր ընկերոջը կնոջ հետ՝ պէտք է մեռնի» (Հմմտ. Ղեւտացւոց 20:10): Կը տեսնենք, թէ այդ ժամանակ դաւաճանութիւնը նոյնիսկ աւելի մեծ մեղք նկատուած էր՝ քան գողութիւնը, մարդասպանութիւնը:
Ինչպէս ամէն պարագայի, հո՛ս եւս կը տեսնենք, թէ մեր կրթական համակարգը կը թերանայ, որովհետեւ դաւաճանութիւնը, ամուսնութիւնը, ընկերային կեանքը դպրոցէն ու դասագիրքէն հեռու բան մը պէտք չէ ըլլայ. մեզի համար շատ աւելի կարեւոր է նոր սերունդին որոշ բարոյական սկզբունքներ սորվեցնել՝ քան թուաբանութիւն կամ աշխարհագրութիւն, որովհետեւ համոզուած ենք. թուաբանական հաշիւ չգիտնալը մարդը կը տկարացնէ՝ սակայն բարոյապէս չի՛ մերկացներ. իսկ այսօր ունինք հասնող նոր սերունդ մը՝ որ թուաբանութիւնը գիտէ՝ սակայն բարոյականութեան ինչ ըլլալը ամբողջութեամբ անծանօթ է իրեն:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞վ է աշխարհի ամենէն մեծ դաւաճանը:
Պատասխան. Մէկ անձով կարելի չէ սահմանել «ամենէն մեծ» դաւաճանը, սակայն, եթէ կ՚ուզենք օրինակներ վերցնել՝ ապա կրնանք յիշել թագաւորներ, առաջնորդներ եւ բազմաթիւ հանրածանօթ անձեր, որոնք հակառակ իրենց ունեցած պաշտօնին ու կարողութեան, հակառակ իրենց վստահուած պատասխանատուութեան դաւաճանած են իրենց կողակիցը: Սակայն իրականութեան մէջ ամենէն մեծ դաւաճանը այն է՝ որ խաբած է մաքուր սէրը, վստահութիւնն ու ընտանիքի գաղափարը՝ առանց զղջալու: Այդ մէկը անունով կամ հռչակով չի չափուիր, այլ ներքին բարոյական խախտումով, երբ մարդ սիրտեր կը կոտրէ՝ փոխան հարստութեան եւ աշխարհիկ հաճոյքներու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան