ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…
Իր յաջորդ տողին մէջ Լինքըն (գուցէ քաղաքական գործիչ ըլլալու պատճառով) հետեւեալը կը խնդրէ իր զաւկի ուսուցիչէն. սորվեցուր անոր, «որ իւրաքանչիւր խարդախ քաղաքական գործիչի դիմաց կայ նաեւ նուիրեալ առաջնորդ»:
Շատեր կը կարծեն, որ առողջ միտք մը չէ մանուկներուն ու պատանիներուն խօսիլ քաղաքականութեան մասին, մտածելով, որ անոնք կրնան լաւ ըմբռնում չունենալ, սակայն, իրականութեան մէջ, մանկավարժութիւնը կ՚ընդունի, որ կարեւոր է դպրոցական տարիքէն խօսիլ քաղաքականութեան մասին, սակայն ո՛չ այն քաղաքականութեան, որ կը ներառէ կուսակցական պայքար ու իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն հակամարտութիւն: Դպրոցական աշակերտներու համար քաղաքականութիւնը պարտի ըլլալ քաղաքացիական պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, իրաւունքներ, պարտաւորութիւններ, ժողովրդավարութիւն, արդարութիւն եւ այլ արժէքներ: Դպրոցական տարիքէն աշակերտներ պէտք է լաւապէս հասկնան, որ ժողովուրդը ի՛նքն է տէրը երկրին. իրենց տրուած է ընտրելու իրաւունքը եւ այս բոլորով հանդերձ պէտք է հասկնան, թէ որպէս արդար քաղաքացի ի՞նչ է իրենց իրաւունքը հասարակութեան մէջ. այդպէս է, որ հասակ կ՚առնեն գիտակից քաղաքացիներ:
Ցաւ ի սիրտ, մեր հայկական վարժարաններուն մէջ շատ անգամ այդ քաղաքական «դասընթացք»ը կուսակցական քարոզչութիւն է միայն։ Մեծագոյն սխալներէն մէկը կը նկատենք դպրոցները գոյներու բաժնելու սովորութիւնը՝ ինչ որ տարածուած է մեր իրականութենէն ներս. աշխարհի վրայ Ռամկավար կամ Դաշնակցական դպրոց գոյութիւն չի կրնար ունենալ, որովհետեւ կրթութիւնը միջոց չէ՛ կուսակցութեան մը համար ապագայ անդամ հաւաքելու. գոյութիւն կրնայ ունենալ միայն ու միայն հայ դպրոց՝ որուն հիմնական նպատակը ուրիշ բան չի կրնար ըլլալը, եթէ ոչ հայեցի դաստիարակութիւնն ու արդար, բարի սերունդ պատրաստելը:
Քաղաքականութիւնը ըսի-ըսաւ, ցեխարձակում չէ. քաղաքականութիւնը մանուկ-պատանիին պէտք է սորվեցնէ քննադատական մտածողութիւն, զանազանելու ունակութիւն եւ պիտի առաջնորդէ զիրենք, որպէսզի սկսին կամաց կամաց կարծիք ձեւաւորեն. դարձեալ կը շեշտենք. կարծիքը իրե՛նք պիտի ձեւաւորեն եւ ո՛չ թէ մենք որոշ կարծիք մը որպէս կարծրատիպ պիտի տանք անոնց, որպէսզի ընդունին: Մանուկի պարագային ամէն մէկ որոշում, ամէն մէկ համոզում պէտք է ունենայ իր պատճառը:
Անշուշտ, պէտք է նկատի ունենանք, որ Լինքընի ժամանակ մանուկ-պատանին շատ աւելի «հասուն»ի կարգավիճակ ունէր՝ քան այսօր. այսօր շատ անգամ երիտասարդներ լաւապէս հասկացողութիւնը չունին, թէ ի՛նչ ըսել է քաղաքականութիւն: Մերօրեայ մանուկները շատ աւելի «փափուկ» մթնոլորտի մէջ հասակ կ՚առնեն, մինչ անցեալին պատանին արդէն գրեթէ պատրաստ էր իրական կեանքին: Այդ իսկ պատճառով Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր մանուկը կանուխ տարիքէն հասկնայ քաղաքականութեան ինչութիւնը. հասկնայ, որ քաղաքականութիւնը ինչքան ալ որպէս նպատակ ունենայ ազգին ու հանրութեան ծառայել, շատ անգամ միայն ու միայն կը ծառայէ որոշ ղեկավարներու սեփական շահերուն, այդ իսկ պատճառով կ՚ուզէ, որ իր մանուկը հասկնայ, թէ գոյութիւն ունին նման «խարդախ» քաղաքական գործիչներ, սակայն, միւս կողմէ վստահութիւնը չկորսնցնելու համար կ՚ուզէ, որ ան հասկնայ նաեւ, թէ անոնց դիմաց գոյութիւն ունին նաեւ նուիրեալ առաջնորդներ:
Այս տարբերութիւնը հասկնալը շատ կարեւոր է, որովհետեւ եթէ մարդու մօտ ըլլայ բացասականին համոզումը եւ անկէ բացակայի դրականը՝ որ նուիրուած առաջնորդի մը գոյութիւնն է՝ կը դառնայ բացասական երեւոյթ: Այսօր մեր իրականութեան մէջ այդ բացասական երեւոյթի գոյութիւնը կը տեսնենք։ Հայ ժողովուրդը՝ գրեթէ տարիքային բոլոր խաւերու մօտ ունին այս «խարդախ» գործիչին գոյութեան համոզումը, սակայն չկայ նուիրուած առաջնորդի պատկերը. բոլորը համոզուած են, որ քաղաքականութիւնը «աղտոտ» խաղ մըն է՝ ոմանց շահերը ապահովող, իսկ ընդդիմութիւնը խումբ մը՝ որ իշխողներու շահերը նախանձելով՝ զայն ձեռք բերել կը փորձէ:
Ազգ մը կ՚առաջնորդուի իր ժողովուրդով եւ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած քաղաքական գործիչներով։ Իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է ունենայ գիտակցութիւնը, որ ի՛նք է իր երկիրին տէրը եւ քաղաքական գործիչները ընդամէնը պաշտօնեաներ են, որոնք եկած են ժամանակաւոր ո՛չ թէ սեփական շահը, այլ ժողովուրդին շահը պաշտպանելու համար:
Կը տեսնենք, որ Լինքըն կ՚ուզէ միշտ ժխտականին դիմաց ցոյց տալ նաեւ դրականը, որպէսզի աշակերտը ի՛նք կատարէ իր ընտրութիւնը. ան չի՛ խնդրեր ուսուցիչէն, որ սորվեցնէ լոկ բարին, սորվեցնէ լոկ ճիշդը, այլ կ՚ուզէ, որ իր զաւակը կեանքը տեսնէ այնպէս՝ ինչպէս որ է. իր դրական ու բացասական կողմերով, սակայն դաստիարակութեան ճամբով այդ սորվեցնէ նաեւ, թէ ինչո՞ւ համար պէտք է ընտրել ճիշդը, բարին ու արդարը:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Դպրոցը պէ՞տք է միջոց ըլլայ ապագայ կուսակցականներ պատրաստելու համար:
Պատասխան. Դպրոցին առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ միայն ու միայն կրթական. դպրոցը պէտք է օգնէ, որ երեխան զարգանայ եւ դառնայ գիտակից, մտածող եւ պատասխանատու քաղաքացի: Դպրոցը պէտք չէ դառնայ կուսակցութեան կեդրոն՝ ապագայ քաղաքական գործիչներ կամ որոշ կուսակցութեան անդամներ պատրաստելու միջոց: Դպրոցը պէտք է սորվեցնէ ժողովրդավարութեան հիմքերը, քննարկումի եւ քննադատութեան մտածողութիւնն ու հմտութիւնները, որպէսզի աշակերտները ինքնուրոյն ընտրեն իրենց համոզումները եւ իրենց մասնակցութիւնը բերեն հասարակական կեանքին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան