ՉԱՐԱՄԻՏ ՀԵԳՆԱՆՔԸ

Չարամիտ հոգիներու յատուկ է հեգնանքը՝ որով անոնք կը փորձեն շուարեցնել միամիտները՝ արդարներու վաղահաս մահուան մատնացուցումով աստուածային նախախնամութեան մը գոյութեան հաւատքը խախտել կամ քանդել յաւակնելով։ Հեգնանքը շատ անգամ եւ ընդհանրապէս նախանձի արդիւնք կրնայ ըլլալ։

«Ինչո՞ւ Աստուած չի պաշտպաներ արդարը եւ կը մատնէ զայն անիրաւներու ձեռքը, ինչո՞ւ բարին կը մեռնի անժամանակ եւ չարը կ՚ապրի երկար եւ այլն…». այսպիսի վրդովեցուցիչ հարցումներ կ՚ուղղուին ամէն ժամանակ այնպիսիներուն՝ որոնք աստուածային մատը կը սիրեն տեսնել կեանքի բոլոր երեւոյթներուն եւ իրադարձութիւններուն մէջ, առանց սակայն կարենալ այդ տեսութիւնը եւ համոզումը բացատրելու ուղիղ տրամաբանութեամբ եւ իմացական հաւատքի։

Այնպէս որ, մոլորանք մը կայ երկու կողմերէն ալ. մոլորանք մը՝ որ արդիւնք է մարդկային դատողութեան եւ բանականութեան սահմանափակ տարողութեան՝ վերլուծելու առեղծուածներու պէս մեզ ներկայացող բազմաթիւ հարցերը տիեզերքին եւ մարդկութեան վերաբերեալ։

Պարզ է, թէ հաստատ հաւատքի ողջմտութիւնը ոչինչ կը տեսնէ մոլորեցուցիչ եւ գայթակղեցուցիչ այն առերեւոյթ իրողութեան մէջ՝ ըստ որում արդարներ կը հեռանան վաղաժամ։ «Առերեւոյթ» ըսուեցաւ, քանի որ հաշուի չ՚առնուիր ընդհանրապէս այն միւս իրողութիւնն ալ՝ որուն համաձայն աւելի՛ մեծ թիւով մեղաւորներ է, որ կը կորսուին՝ կրելով հետեւանքը իրենց ապիրատ գործերուն կամ մոլոր ընթացքին։

Արդարեւ, կ՚արժէ անգամ մը եւս յիշել, թէ իրողութիւնը եւ ճշմարտութիւնը պէտք է զանազանել, քանի որ տարբեր ըմբռնումներ են. ինչպէս՝ իրականը եւ անոր շուքը, որ պէտք չէ իրար շփոթել…

Բայց, կայ նաեւ այլ ճշմարտութիւն մը։ Կեանքին արժէքը ո՛չ իր տեւողութեան մէջ է, ո՛չ ալ լոկ նիւթական, աշխարհային վայելքներու, կամ ըստ աշխարհի ըմբռնուած երջանկութեան մէջ։

Կեանքին բո՛ւն արժէքը իր բարոյական կատարելութեան մէ՛ջ է։ Երկար ժամանակեայ ծերութեան վիճակը չէ՛ իսկապէս, որ կ՚ապահովէ այդ կատարելութիւնը։ Սակաւ տարիներ, կարճ կեանք իսկ բաւական են յաճախ տալու իրական լեցունութիւնը կեանքին։

Եւ այսպէս լեցուած եւ արժէքաւորուած, իմաստաւորուած կեանքի մը վաղահաս վախճանը, թէեւ ափսոսալի, ոչինչով սակայն կրնայ նուազեցնել կամ տկարացնել մարդկային հաւատքը նախախնամական արդարութեան մը մասին։ Եթէ մանաւանդ կարելի ըլլայ գալ այն ուղիղ համոզումին, թէ մահը չարիք մը չէ՛, այլ բնական մէկ ընթացքը կեանքին, ինքնին կ՚անհետին պատճառները թէ՛ ամբարիշտին մոլորանքին եւ թէ բարեպաշտին շուարումին։ Թէ Աստուած կը վերցնէ արդարները մասնաւոր հոգածութեամբ՝ չթողլու զանոնք չարերու մէջ, կամ որպէսզի «անզգամութեան չարակնութիւն»ը չշլացնէ զանոնք եւ «ցանկութեան թափառում»ը չմոլորեցնէ, համաձայն կարելի չէ գտնել հաւատքի ուղիղ դատողութեան, կամ Աւետարանի «ողջամիտ վարդապետութեան»՝ ուսուցումին։

Մանրազնին եւ աննախապաշար քննութիւնը պատճառներու եւ արդիւնքներու փոխյարաբերութեան՝ անհատական թէ ընկերային կեանքի երեւոյթներուն մէջ՝ մեզի կրնայ տալ բանալին լուծելու անլուծելի կարծուած շատ մը առեղծուածներ, առանց խարխալելու հիմնաքարը հոգեկան, այլապէս բարձր արժէքներու վրայ կառուցուած շէնքը մեր հաւատքին։

Տիեզերական կեանքի կառոյցը կը ներկայացնէ անսահման իմաստութեամբ մը հաւասարակշռուած եւ ներդաշնակաւորուած ամբողջական եւ անբաժանելի միութիւն մը՝ որուն իւրաքանչիւր հիւլէն, մասնիկը՝ բջիջ մը ըլլայ այն թէ ելեկտրոն մը՝ իր մէջ կը կրէ բոլոր կարելիութիւնները հաւանականութիւններու պատճառի եւ արդիւնքի։ Եւ այդ մասնիկներու փոխյարաբերութիւններն են, որ համաձայն իրենց կերպին եւ տեւողութեան եւ շնորհիւ ներքին եւ արտաքին բազմազան գործօններու եւ ազդակներու, ծնունդ կու տան կեանքի այս կամ այն երեւոյթներուն։ Արդարեւ, Օրէնքը ոչ այլ ինչ է՝ եթէ ոչ համադրոյթը այդ կերպերուն եւ ժամանակներուն։

Ասոնց մէջ է նաեւ խորհուրդը գերագոյն Նախախնամութեան մը՝ առանց որուն ճշմարիտ է, թէ «արեւ մը անգամ չի շարժիր»։

Ուստի, կրօնի թիւր ըմբռնումը այնքան վնասակար է՝ ո՛րքան անոր ժխտումը։ Իսկական կրօնը չ՚արդարացներ մարդը այն ձեւական բարեպաշտութեամբ՝ որ կ՚անտեսէ բարձրագոյն բարոյականի մը առողջ սկզբունքները… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 20, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2026