ՀԵՇՏԱՄԱՀՈՒԹԻՒՆ
Հեշտամահութիւն՝ «euthanasie», ընդհանուր առումով կը նշանակէ՝ մահը դիւրացնող կամ արագացնող բժշկական միջամտութիւն։
Անոնք՝ որոնց կեանքը նուազած կամ տկարացած է, յատուկ յարգանք կը պահանջեն։ Հիւանդ կամ հաշմանդամ անձերու պէտք է նեցուկ կանգնիլ, որպէսզի որքան կարելի է բնականոն կեանք մը վարեն։
Ինչ ալ ըլլան անոր պատճառները կամ միջոցները, ուղղակի՛ հեշտամահը կը կայանայ վերջ դնելու մէջ հաշմանդամ, հիւանդ կամ մահամերձ անձերուն կեանքին։
Ասիկա բարոյապէս անընդունելի՛ է։
Ուստի, արարք մը կամ զանցառութիւն մը, որ ըստ ինքեան կամ ըստ դիտաւորութեան մահուան կը դիմէ չարչարանքին, տառապանքին վերջ տալու համար, կը գործէ սպանութիւն մը՝ որ ծանրօրէն հակառա՛կ է մարդկային անձին արժանապատուութեան եւ կենդանի Աստուծոյ՝ անոր Արարչին յարգանքին։
Դատումի սխալը՝ զոր մարդ կրնայ գործել բարի հաւատքով, չի փոխեր բնութիւնը այս մահագործ արարքին, որ միշտ ժխտելի եւ մերժելի կը մնայ։
Սուղ, վտանգաւոր, արտակարգ կամ ակնկալուած արդիւնքներուն հետ անհամեմատ եղող բժշկական միջոցառումներուն դադրեցումը կրնայ ըլլալ օրինաւոր։ Ասիկա մերժո՛ւմն է «բուժական յամառութեան»։
Այս ընելով՝ ո՛չ թէ կ՚ուզեն մահուան դիմել, այլ կ՚ընդունին, թէ անկարող են զայն կասեցնել։
Որոշումը պէտք է առնուի հիւանդին կողմէ, եթէ ձեռնահաս եւ կարող է, եւ կամ անոնց կողմէ, որոնք սոյն օրինաւոր իրաւունքը կը վայելեն՝ յարգելով մի՛շտ հիւանդին ողջամիտ կամքը եւ անոր օրինաւոր շահերը։
Հիւանդ անձի մը սովորաբար սահմանուած խնամքները, հոգածութիւնը օրիաւորապէս չեն կրնար ընդհատուիլ, նոյնպէս եթէ մահը մօտալուտ համարուի։ Մահամերձին չարչարանքները թեթեւցնելու նպատակով մեղմացուցիչներու գործածութիւնը, նոյնիսկ եթէ վտանգ կայ կարճեցնելու անոր կեանքը, կրնայ բարոյապէս համապատասխանել, համեմատել ըլլալ մարդկային արժանապատուութեան, եթէ մահը չէ ուզուած ո՛չ իբրեւ նպատակ, ո՛չ ալ իբրեւ միջոց, այլ միայն նախատեսուած է եւ թոյլատրուած իբրեւ անխուսափելի՛։
Սփոփեցուցիչ խնամքները նախընտրուած կերպ մըն են անշահախնդիր, անկեղծ սիրոյ։ Այս տիտղոսով անոնք պարտին քաջալերուիլ։
Ամէն մարդ Աստուծոյ առջեւ պատասխանատո՛ւ է իր կեանքէն՝ զոր Ան տուած է իրեն։ Ան կը մնայ կեանքին գերակայ Տէրը։ Մենք պարտաւո՛ր ենք զայն երախտագիտութեամբ ընդունիլ եւ պահպանել՝ Աստուծոյ պատիւին եւ մեր հոգիներուն փրկութեան համար։ Մենք տնտեսներ ենք եւ ո՛չ թէ տէրը կեանքին, զոր Աստուած վստահած է մեզի։ Մենք կեանքը չենք տնօրիներ։ Ուստի, հեշտամահութիւնը կը հակասէ մարդկային էակին՝ մարդ արարածին բնական հակումին՝ պահպանելու եւ յաւերժացնելու իր կեանքը։
Ան ծանրօրէն հակառա՛կ է իր անձին արդար սիրոյն։ Ան կը վիրաւորէ նաեւ մերձաւորին սէրը, քանի որ անարդարօրէն կը փշրէ համընկերութեան կապերը ընտանեկան, ազգային եւ մարդկային ընկերութիւններուն հետ, որոնց հանդէպ մենք պարտապան կը մնանք։
Հեշտամահութիւնը ներհա՛կ է կենդանի Աստուծոյ սիրոյն։ Եւ անոր կամովին գործակցութիւնը եւ կիրառութիւնը՝ ընկալեալ ձեւով ըմբռնումը դէ՛մ է «բարոյական օրէնք»ին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 21, 2025, Իսթանպուլ