Ս. ՅՈՎՀԱՆ ՕՁՆԵՑԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Հայ Եկեղեցւոյ բարոյական եւ մտաւորական փառքերէն մին՝ որ կաթողիկոսական աթոռ բարձրացաւ՝ յաջորդելով Եղիա Արճիշեցիի եւ պաշտօնավարեց տասնեւմէկ տարի. (717-728)։
Տաշրաց գաւառի Օձուն գիւէն էր, աշակերտ Թէոդորոս Քռթենաւորի, որ իր ժամանակի ամենէն նշանաւոր աստուածաբաններէն էր։ «Իմաստասէր» կոչումէն, որով ճանչցուած է առհասարակ, կարելի է մակաբերել, թէ հելլէնական ուսում առած էր, թերեւս նոյնիսկ հելլէն ուսումնարանի մէջ կրթուած։ Թէեւ, իբրեւ իմաստուն հովուապետ, իր ամբողջ կաթողիկոսութեան միջոցին հեռու մնաց յունասէր միտումներէ, թէ՛ վարդապետական մարզին մէջ եւ թէ, ի՛նչ որ արաբ քաղաքականութեան համար իրապէս զայրագնող՝ շատ զայրացնող պիտի ըլլար, քաղաքական ուղղութեան վրայ։
Դամակոսի ամիրապետին հետ ունեցած տեսակցութեան մանրադէպը, որուն մէջ ի յայտ կո գան Օձնեցիին կենցաղագէտ վարքը եւ պտրաստաբան իմաստութիւնը ծանօթ է ամէնուն։
Այս իմաստութիւնը ամէն կերպով օգտակրապէս գործածեց ան իր պաշտօնին բովանդակ տեւողութեան ընթացքին, երկրին քաղաքական խաղաղութեան պատեհութենէն օգտուելով եւ ազգային եկեղեցւոյ կազմակերպութիւնը հաստատեց հաստատուն հիմերու վրայ դնելով։ Իր այդ քաղաքակութեան առաջին պտուղը եղաւ այն՝ որ Էօմէր ամիրապետը, ընդունելով իր խնդրանքը՝ հրովարտակով հրամայեց, որ քրիստոնեաներ չբռնադատուին իրենց հաւատքը փոխել, եկեղեցիներէն եւ եկեղեցականներէն հարկ չպահանջուի, քրիստոնէական պաշտամունքը ամէն տեղ ազատօրէն կատարուի։
Ս. Յովհան Օձնեցի, իր հայրապետութեան երկրորդ տարին իսկ Դուինի մէջ գումարեց եկեղեցական մեծ ժողով մը՝ որուն ներկայ գտնուեցան աւելի քան երեսուն եպիսկոպոսներ, Աշոտ Պատրիկ եւ երեւելի նախարարներ. հոն խօսեցաւ իր նշանաւոր ատենաբնութիւնը, որ կը սկսի «Հմբերողացն նախատիպ մեծն Յովբ» բառերով։
Այս ժողովին մէջ սահմանուեցան երեսուն եւ եօթն կանոններ։ Բացի այս կանոններէն, Օձնեցի կատարեց եկեղեցական կանոններու հաւաքում մը եւ այսպէս կազմեց առաջին «Հայ կանոնագիրք»ը, որ ժամանակի ընթացքին մէջ հետզհետէ կատարելագործուեցաւ։
Ս. Յովհան Օձնեցի աւելի նշանաւոր հանդիսացաւ, սակայն աղանդաւորներու դէմ մղած իր պաշտօնական եւ գրչի պայքարներովը (այս տեսակէտով յաւէտ ուշագրաւ պիտի մնան իր «Ընդդէմ երեւութականաց» եւ «Ընդդէմ Պաւղիկեանց» ճառերը) եւ եկեղեցւոյ ժամակարգութեան մասին ըրած հայրապետական տնօրինութիւններովը, որոնցմով ժամագիրքի կարգաւորիչներէն մի՛ն հանդիսացաւ եւ այս նպատակով իսկ յատկապէ՛ս գրեց «Յաղագս կարգաց եկեղեցւոյ» գիրքը։
Այս գրուածքներէն զատ, Օձնեցիին կը վերագրուին նաեւ Աւագ ուրբաթի շարականները, եւ ըստ Կիրակոս պատմիչին. «Մեղաք յամենայնի» հարցը, եւ ուրիշ գրուածքներ՝ որոնց կ՚ակնարկէ Յովհան պատմաբան, որոնք սակայն կորսուած են եւ կամ դեռ անյայտ կը մնան…
Բայց գրական եւ մտաւորական արդիւնքներէն աւելի, Օձնեցի անտարակոյս իր ժամանակակիցներուն վրայ մեծ տպաւորութիւն պէտք է թողած ըլլայ իր անձնական բարձր նկարագիրովը, որ արտայայտութիւնն էր բարձրօրէն հոգեսէր ձգտումներու, ազգանուէր լո՛ւրջ խոհականութեան, պարկեշտ քաղաքական հայեացքներու եւ մաքուր կենցաղի։ Մասնաւորապէս ուշագրաւ եղաւ իր կեանքին վերջին մասը, երբ տարիքով ծանրաբեռնուած եւ անդուլ գործունէութենէ այլեւս խոնջած, առանձնացաւ իր ծննդավայրին մօտակայ Սոթեր լեռը՝ ուր շինած էր մեծ եկեղեցի մը, եւ ուր ճգնաւորական կեանքի նուիրեց ինքզինք «պահօք եւ աղօթիւք եւ ամենագիշեր տքնութեամբ» եւ «խաչաչարչար ճգնութեամբ», իրեն ընկերակից ունենալով Գէորգ Սքանչելագործ եւ Մատթէոս Խոտաճարակ վարդապետները եւ «այլ բազում խստակրօնք եւ բարձրաթռիչք». այնպէս որ, երբ կնքեց իր բազմարդիւն կեանքը, իր բարձր կարողութեան եւ սրբութեան համբաւը ընդերկար ապրեցաւ յաջորդ սերունդներու սրտին մէջ. պատուով եւ յարգանքով յիշուեցաւ յետնագոյն մատենագիրներէ, ինչպէս՝ Գրիգոր Տղայէ եւ Ներսէս Լամբրոնացիէ, եւ կանուխ անցաւ յիշատակելեաց կարգը եւ միշտ իբր սուրբ յարգուեցաւ բոլորէն, թէեւ տօնելի սրբոց կարգը դասուելուն համար Սիմէոնեան տօնացոյցէն աւելի հնագոյն փաստ չկենայ ի միջի։
Սկզբնաղբիւր.- Տ. Թորգոմ Պատիրարք Գուշակեան, «Սուրբ եւ Տօնք Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ», Երուսաղէմ, 1930։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 21, 2025, Իսթանպուլ