ԱՅՍ Է ՈՒՍՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆԸ

Կը հաւատանք, որ ապագայ մարդկութեան մեծագոյն խնդիրներէն մէկը պիտի ըլլայ ուսուցիչի պակասը (իրականութեան մէջ մեր օրերուն եւս կ՚ապրինք այդ դժբախտութիւնը). վստահաբար անձեր պիտի ըլլան, որ ուսուցչութեան պաշտօն պիտի ուզեն ընել. դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար չենք գիտեր, սակայն, շատ մը տեղեր ուսուցչութիւնը կը շարունակէ պահել իր սրբազան արժէքը, սակայն, ինչպէս գիտենք, ամէն դաս տուող ուսուցիչ չի կրնար դառնալ:

Այսօր մեր դպրոցներէն ներս ունինք ուսուցիչներ՝ որոնք թիւով քիչ են եւ անոնց կողքին դասատուներ, որոնք մեծամասնութիւն կը կազմեն. այստեղ չենք ուզեր թացը չորին հետ այրել, սակայն ինչ որ կը խօսինք, կը վերաբերի դասատու խումբին. այսօր անոնց քով շատ մը մանկավարժական սխալներ կը տեսնենք. խօսինք մասին. 

ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ.- Ուսուցիչը այն անձն է, որ լաւապէս կը հասկնայ, որ նոյն դասարանին մէջ հաւաքուած մանուկներն ու պատանիները՝ որոնք տարբեր ընտանիքներէ, տարբեր դաստիարակութենէ կու գան, նոյնը չեն: Այսօր դպրոցները դասարանները կը կազմէ ըստ տարիքի, սակայն, նոյն տարիքը ունեցող մանուկներ պայման չէ նոյն հասունութիւնը, նոյն միտքի զարգացումը ունեցած ըլլան. հետեւաբար ուսուցիչներէն կը պահանջուի անհատական մօտեցում։ Պատկերացնենք, որ դասարանի մը մէջ կան տասն աշակերտներ. եթէ անոնցմէ ութ հոգի դասը լաւապէս կը հասկնայ, սակայն երկուքը ոչ՝ այդ չի նշանակեր, թէ այդ երկուքը «ծոյլ» են. ուշիմ աշակերտին լաւ հասկնալը, միւսին վատ ըլլալը չի կրնար ցոյց տալ։ Պէտք է նկատի ունենալ անհատական տարբերութիւնները եւ անոր հիման վրայ դասաւանդումի տարբեր միջոցներ որդեգրել. աւանդական բացատրութիւնը եթէ կը բաւարարէ ուշիմ աշակերտը, այս պարագային փոխանակ ոչ-ուշիմ աշակերտը մեղադրելու, պէտք է նոր ձեւեր ստեղծել եւ անպայմանօրէն դասը հասկնալի դարձնել նաեւ ոչ-ուշիմ աշակերտին, միաժամանակ պահելով հաւասարակշռութիւնը, որպէսզի ո՛չ ուշիմը ձանձրանայ եւ ո՛չ ալ ոչ-ուշիմը առանց բան մը սորվելու տուն վերադառնայ: Այս բոլորը ընելու համար պէտք է լաւ ճանչնալ աշակերտը եւ աշակերտը լաւ ճանչնալը դասէն դուրս քայլեր կը պահանջէ. օրինակի համար՝ գիտնալ անոր ծնողները, դաստիարակութեան մակարդակը, նախասիրութիւնները, իր դրական ու բացասական բոլոր կողմերը, որովհետեւ ճշմարիտ ուսուցիչ ըլլալը հոգեբան ըլլալէ ոչ մէկ բանով կը տարբերի։ 

ԽՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ.- Մեր դպրոցներէն ներս կայ այն համոզումը, որ աշակերտները զսպելու եւ զանոնք կարգի հրաւիրելու համար անհրաժեշտ է խստութիւնը, պատիժը եւ ինչու չէ շատ անգամ ապտակը. այդ իսկ պատճառով գրեթէ ամէն հայկական դպրոց ունի հեղինակաւոր ջղային ուսուցիչ կամ ուսուցչուհի մը, որ կը փորձէ իր ներկայութեամբ «վախ» ազդել ու կարգապահութեան հրաւիրել անհնազանդ աշակերտները: Այս մօտեցումը ի զօրու է դասատուներուն մօտ, սակայն օրինակները կը փաստեն, որ աշակերտները կը յարգեն այն անձը՝ որ իրենց աչքին ճշմարիտ ուսուցիչ կը թուի. առանց ջղայնութեան, առանց բարկութեան եւ պատիժի ուսուցիչներ կը յաջողին իրենց անձին հանդէպ յարգանք պարտադրել եւ այս մէկը լուրջ աշխատութիւն կը պահանջէ: Պէտք է ընդունիլ, որ աշակերտները մանուկներ ու պատանիներ ըլլալով ունին իրաւունքը չարութիւն ընելու, վազվզելու, պոռալու եւ ինչու չէ յաճախ փոքր վէճեր ունենալու. տարիքը այդ մէկը կը պարտադրէ: Մանկական չարութիւնները տարբեր բաներ են, իսկ անկրթութիւնը ամբողջութեամբ այլ բան է. այդ իսկ պատճառով ուսուցիչը պէտք է յաջողի կարդալ իւրաքանչիւր մանուկի հոգեբանութիւնը, հասկնայ անոր խառնուածքը եւ զանազանէ մանկական պահուածքը վնասակար վատ պահուածքէն եւ ըստ այնմ մտածէ, թէ ինչպէս պիտի վարուի։ Պէտք է հասկնալ, որ ամէն պահուածքի համար կարելի չէ մեղադրել մանուկը, որովհետեւ շատ անգամ ան հայելին է իր տան եւ իւրաքանչիւր աշակերտ իր տունին մէջ տարբեր ձեւով, տարբեր մօտեցումով հասակ կ՚առնէ եւ մի քանի տասնեակ տարբեր ընտանիքներու մտածողութիւնը մէկտեղելը եւ անոնց միջեւ հասարակաց գիծ մը ստեղծելը ուսուցիչին պարտաւորութիւններուն մաս կը կազմէ: 

Դասատուներ ունին այն համոզումը, որ դասարան մը եւ դասապահ մը պէտք է ըլլայ անձայն, սակայն առողջ դասարանի մը պատկերը իրականութեան մէջ հակառակն է. աշխոյժ, բաց ու առոյգ մթնոլորտի մէջ եղող աշակերտները շատ աւելի ատակ են սորվելու, հարցադրելու, քննարկելու եւ զարգանալու։ Աշակերտը իրականութեան մէջ կը սորվի այն դասը՝ որուն մէջ իր մասնակցութիւնը ունի. լարուած մթնոլորտ մը, վախի ազդեցութեան ու խստութեան տակ աշակերտին մէջ լոկ ձանձրոյթ եւ ատելութիւն կը ստեղծեն. պէտք է ուսուցիչը առիթ տայ, որպէսզի աշակերտները իրմէ շատ աւելի խօսին. հարցնեն, քննարկեն, հակառակին՝ որպէսզի այդ բոլորը իրենց մէջ տպաւորութիւն ունենայ: 

Այս բոլորին լոյսին տակ կը հաւատացնենք, որ ուսուցիչի մը հիմնական պարտաւորութիւնը դասը բացատրել տալէ աւելի աշակերտին խօսիլ, մտածել, քննարկել սորվեցնելն է, որովհետեւ երբ աշակերտին մէջ ծագի սէրը աւելին գիտնալու, հարցադրելու եւ պրպտելու, այն ժամանակ ուսուցիչ մը իր ճշմարիտ առաքելութիւնը տեղ հասցուցած կ՚ըլլայ, որովհետեւ սորվելու սէրը տալը՝ հիմնական դասանիւթը բացատրելէ շատ աւելին կ՚արժէ, որովհետեւ դասը այդ ժամանակաշրջանը կ՚ընդգրկէ, մինչ սորվելու սէրը՝ ամբողջ կեանք մը:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Որո՞նք ուսուցիչ ըլլալու արժանի են:

Պատասխան. Ուսուցիչ ըլլալու արժանի են անոնք՝ որոնք ո՛չ միայն բաւարար գիտելիք ունին իրենց ոլորտէն ներս, այլ պատրաստ են սիրով ու նուիրուածութեամբ այդ գիտելիքը փոխանցել աշակերտներուն: Ուսուցիչը ամէն բանէ առաջ պէտք է ունենայ համբերութիւն, հմտութիւն՝ որպէսզի յաջողի լաւ մօտեցում ստեղծել իր եւ իր աշակերտներուն միջեւ: Ան պէտք է ըլլայ արդար, հոգատար եւ ունակ՝ նոր գիտելիքներ սորվելու, նոր ուսուցման ձեւեր ուսումնասիրելու եւ այսպիսով ինքզինք շարունակ զարգացնելով իր ասպարէզին մէջ բարձրանալու: Ուսուցիչ ըլլալու են անոնք, որոնք անկեղծ սէր ունին դէպի կրթութիւնը, դէպի աշակերտը, որովհետեւ առանց սիրոյ ուսուցիչ չեն կրնար ըլլար:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

 

 

 

 

Շաբաթ, Մարտ 22, 2025