ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐԿՆԱՊԱՏԵԼ

Սուրբ Գիրքի երկու համարներ եթէ միասին կարդանք, պիտի տեսնեք, որ երջանիկ ըլլալու համար պէտք է միշտ աւելի ուրախ ըլլալ։

Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկեցիներու գրած իր առաջին նամակին մէջ սապէս կը գրէ. «Ամէն ատեն ուրախ եղէ՛ք». (Ա ԹԵՍ. Ե 16)։

Իսկ Յիսուս սապէս կ՚ըսէ. «Վասնզի ամէն ունեցողին պիտի տրուի եւ պիտի աւելնայ եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի». (ՄԱՏԹ. ԻԵ 29), (ՂՈՒԿ. ԺԹ 26)։

Ուրեմն, երբ միասին կարդանք այս երկու համարը՝ պիտի յանգինք այն եզրակացութեան, թէ՝ աւելի եւ աւելի ուրախ ըլլալու համար պէ՛տք է միշտ ուրախ ըլլալ։ Առանց բարդ խորհրդածութիւններու՝ պարզ տրամաբանութեամբ մը կարելի է հասնիլ այս արդիւնքին։ Բայց հարցը սա է, թէ կարելի է՞ իրապէս ուրախ ըլլալ, երբ կեանքը լեցուն է նեղութիւններով։

Չէ՞ որ Յիսուս ալ կ՚ըսէ, թէ այս աշխարհի վրայ նեղութիւններ պիտի ունենաք, եւ թէ անխուսափելի են այդ նեղութիւնները. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք…». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Սիրելինե՜ր, ուրախ ըլլալու նախապայմանն է յոյսը. այն՝ որ կը բխի հաստատ հաւատքէն։ Մարդ եթէ հաւատք ունի՝ յոյսը չի պակսիր իրմէ, իսկ եթէ յոյս ունի մարդ, միշտ ուրախ է, եւ հոն՝ ուր յոյս կայ, հոն տրտմութիւն գոյութիւն չ՚ունենար, ինչպէս հոն ուր լոյս կայ, հոն խաւարը տեղ չունի՛։

«Ընդունած ենք ուժ մը՝ որ Սուրբ Հոգիին է». (ԳՈՐԾ. Ա 8)։ Հոգիին այս զօրութեամբ է, որ Աստուծոյ որդիները պիտի կարենան պտղաբերել։ Ան որ մեզ պատուաստեց ճշմարիտ Որթին վրայ, մեզ կարող պիտի դարձնէ բերելու «Հոգիին պտուղը, որ է սէր, ուրախութիւն, համբերութիւն, ծառայասիրութիւն, բարութիւն, վստահութիւն ուրիշներու վրայ, հեզութիւն, ժուժկալութիւն». (ԳԱՂ. Ե 22-25)։ «Հոգին մեր կեանքն է». որքան աւելի մեր անձէն հրաժարինք (ՄԱՏԹ. ԺԶ 24-26), այնքան աւելի Հոգիով կ՚ընթանանք։

Հոգիին պտուղները կատարելութիւններ են, զորս կը կազմէ մեր մէջ Սուրբ Հոգին իբրեւ երախայրիք յաւիտենական փառքին։ Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը տասներկու պտուղ կը թուէ, որոնցմէ է ուրախութիւնը։

«Ուրախութիւն՝ Աստուած որոնող սրտերուն». (ՍԱՂՄ. ՃԵ 3), Տէրը խնդրողներուն սիրտը թող ուրախ ըլլայ։

Մարդը կրնայ Աստուած մոռնալ կամ մերժել, ուրանալ զԱյն, սակայն Աստուած չի դադրիր կոչելէ մարդը, որ որոնէ զԻնք եւ ապրի եւ երջանկութիւն գտնէ։ Բայց այս որոնումը կը պահանջէ մարդուն իմացականութեան ամբողջ ճիգը, անոր կամքին ուղղամտութիւնը, անոր «ուղիղ սիրտը» եւ նաեւ բարի վկայութիւնը անոնց՝ որոնք իրեն Աստուած փնտռել կը սորվեցնեն։

Արդարեւ, հաւատքը նախաճաշակել կու տայ մեզի ուրախութիւնը եւ լոյսը երանաւէտ տեսութեան՝ որ այս աշխարհի վրայ մեր ճանապարհորդութեան վախճանն է։ Այն ատեն Աստուած «դէմ յանդիման». (Ա ԿՈՐՆ. ԺԳ 12) պիտի տեսնենք «ինչպէս որ է» (Ա ՅՈՎՀ. Գ 2)։ Հաւատքը յաւիտենական կեանքին արդէն իսկ սկիզբն է։

Արարչագործութենէն ետք, Աստուած չի լքեր Իր արարածը ինքզինքին, քանի որ ստեղծագործութիւնը տակաւին կը շարունակուի եւ հետզհետէ կը կատարելագործուի, եւ այս իսկ պատճառով Աստուած չի տար մարդուն միայն ծնունդ եւ գոյատեւում, այլ կը պահէ զայն ամէն վայրկեան գոյութեան մէջ, զայն գործելու կը լծէ եւ կը հասցնէ իր վախճանին։

Ճանչնալ այս կատարեալ առկախութիւնը Արարչէն՝ աղբիւր է իմաստութեան եւ ազատութեան, ուրախութեան եւ վստահութեան։

Մարդկային առաքինութիւնները իմացականութեան եւ կամքին ամուր կեցուածքներն են՝ որոնք կը հայթայթեն դիւրութիւն, ինքնազսպում եւ ուրախութի՛ւն բարոյապէս բարի կեանք մը վարելու համար։

Առաքինի մարդը ա՛յն է, որ ազատօրէն եւ ուրախ կը գործէ բարին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 21, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2025