ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ ՀԵՌՈՒ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ ՄԸ
Հայ մտաւորականութիւնը ամէ՛ն բանէ աւելի, աւելի քան մէկ դար գրեց հայրենասիրութեան ինչութեան մասին, սակայն, մինչեւ օրս ալ չյստակացաւ, թէ ի՛նչ է հայրենասիրութիւնը։ Մարդկութիւնը նոյն դժուարութեամբ փորձեց բացատրել, թէ ի՛նչ է հաւատքը, սակայն, այնպէս ալ հաւատքին կատարեալ սահմանումը չկրցան տալ: Ի տարբերութիւն այլ ազգերու, հայ ժողովուրդը բախտաւոր եղած է այնքանով, որ պատմութեան ընթացքին ունեցած է եզակի երեւոյթ մը՝ Ղեւոնդ Ալիշանը, որ հայրենասիրութեան ինչութեան ուսումնասիրութեան մէջ կարեւոր դեր ու տեղ ունի։ Որպէս «մեծագոյն հայրենասէր» ճանչցուած Ալիշան, իրականութեան մէջ, երբեւէ հայրենիքը իր սեփական աչքերով տեսած չէր, սակայն, ունէր անոր հանդէպ անսահման սէր մը։ Թէեւ ժամանակակիցներէն շատեր ծաղրով քննադատած են այդ մէկը՝ առարկելով, որ այդ ժամանակներուն եւս հայրենիք այցելելը իրականութեան մէջ այնքան ալ դժուար չէր Ալիշանի համար, սակայն, հակառակ այս իրողութեան, մեծամասնութիւնը կ՚ընդունի, որ Ալիշան անառարկելիօրէն հայրենասէր մըն էր։ Մեծ մտաւորականին մասին մինչեւ օրս գրուած են բազմաթի՜ւ գրախօսականներ ու հրապարակախօսութիւններ. օրինակի համար, անոնցմէ մին՝ Մանուկ Խանպէկեան 1961 թուականին «Բազմավէպ» հանդէսի 249-րդ էջին մէջ կը գրէ. «Ո՛չ ոք իրմէ աւելի մօտէն լսած է մայր հայրենիքի ձայնը, անոր հետ ունեցած գաղտնի խօսակցութիւններ, մտերիմ խոստովանութիւններ, փառքի ու մահուան յուշեր»:
Անշուշտ, շատ շատեր հայրենասիրութիւն ըսելով «յեղափոխական ոգի» կը հասկնան։ Պայքարի ու պատերազմի պատրաստակամութիւն, սակայն, Ալիշանի հայրենասիրութիւնը տարբեր էր. աւելի բանաստեղծական ու զգացական կապուածութիւն մըն էր մայր հողին հանդէպ։ Ալիշան այս ոգին ու հասկացողութիւնը իր աշխատանքներուն ճամբով յաջողած է նաեւ փոխանցել իրեն ժամանակակից սերունդին։ Ժամանակակից գրողներ կը վկայեն, որ Ալիշանի հայրենասիրական տողերը ազգային գիտակցութեան կայծեր կու տային ընթերցողներուն: Ալիշանի նկարագրած, երազած ու պատկերացուցած Հայաստանը իրականութեան մէջ ամբողջութեամբ հեռու էր իրականութենէն, սակայն, այդ մէկը եւս հայելին էր իր հայրենասիրութեան։ Անոր աշխատութիւններուն մէջ հայրենիքը խեղճ վիճակ մը ստանալու փոխարէն՝ վեհ է։ Անշուշտ, այդտեղ գոյութիւն ունին հայ ժողովուրդի տառապանքն ու արիւններով ողողուած պատմութիւնը:
Ալիշան գրող-մտաւորականներուն մօտ ձգած է տարբեր տպաւորութիւններ. օրինակի համար, մէկը զինք կոչած է «հայ մտաւորականութեան նահապետ», իսկ ուրիշ մը՝ «հայրենասէր գիտնական»։ Հայ մտաւորական Ինտրա Ալիշանի մասին գրած յօդուածին մէջ կ՚ըսէ. «Իր երկը՝ հայ գրականութեան արտադրութիւններէն մեծագոյնը ըլլալէ զատ՝ է նաեւ բոլոր աշխարհի ամենամեծ երկերէն մին: Ալիշան ՝ առանձին պիտի բաւէր մեծ ազգի մը փառքերէն մին կազմելու»։ Ի դէպ, Ալիշան միակը չէր, որ հայրենասէր ըլլալով հանդերձ՝ հայրենիքը իր սեփական աչքերով չէր տեսած։ Եթէ սերտենք հին գրականութիւնն ու մամուլը՝ պիտի տեսնենք, որ մեր հայ մտաւորականներէն եւ խմագիր-հրապարակախօսներէն շա՜տ շատեր բախտաւորութիւնը ունեցած չէին հայրենիքը տեսնելու, սակայն, իրենց մէջ ունէին այդ հայրենիքին, անոր լեզուին ու մշակոյթին հանդէպ անբացատրելի սէր մը. սէր՝ որ շատ անգամ պատճառ կ՚ըլլար, որ իրականութիւնը մոռացութեան տրուի ու գրի առնուի այն հայրենիքը, որուն մասին կ՚երազէին։ Դանիէլ Վարուժան Ալիշանի իրականութենէն հեռու գրականութեան համար կ՚ըսէ. «Անոր համար գեղեցիկն ու հայրենասիրականը աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր էին՝ քան մերկ ճշմարտութիւնը»:
Անշուշտ, Ալիշան այդ ոչ-ճշմարտութեան բացատրութիւնն ալ ունէր. ան իր «Յուշիկք հայրենեաց հայոց» աշխատութեան մէջ կը բացատրէ, որ եթէ մարդ իրապէս սիրէ իր հայրենիքը՝ ինքնաբերաբար կը սիրէ անոր բոլոր եղանակները, կը սիրէ անոր բոլոր վիճակները՝ ինչպէս մայր մը, ինչպէս ծնողք մը պիտի սիրէ իր զաւակը՝ հանդերձ իր բոլոր թերութիւններուն ու տկարութիւններուն:
Ներկայիս դպրոցներուն կամ ակումբներուն մէջ հայրենասիրութիւնը ինչպէ՞ս կը հաղորդուի՝ չենք գիտեր, սակայն չենք զարմանար, եթէ այդ հայրենասիրութիւնը այս կամ այն կուսակցութեան գոյնը կրէ։ Անդին Ալիշան հայրենասիրութիւնը այսպէս կը բացատրէ. «Ո՜վ Հայկակ, ո՜վ Հայ պատանիք, աղէկ քաղաքացի ըլլալու համար` պէտք է քննել եւ սովրիլ զհայրենիս: … Քննեցէք եւ սորվեցէք ուրեմն այդ ազնիւ եւ բարեբեր Հայաստանը, իբրեւ հայրենիք ձեր եւ դայեակ ամենայն աշխարհի»։ Անշուշտ, Ալիշան իր աշխատութեան մէջ հեռու չի մնար քննադատութենէն։ Ան կը քննադատէ այն երեւոյթը, որ հայ մշակը, հայ բանուորը իր երկիրը զարգացնելու եւ ճոխացնելու փոխարէն՝ պանդխտութեան մէջ օտարինը կը զարգացնէ:
Այլ բացատրութիւն մը կը գտնենք հայրենասիրութեան ու կրօնի մասին. Ալիշան կը հաւատայ, որ հայրենասիրութիւնն ու կրօնը իրարմէ հեռու ու անջատ չե՛ն կրնար ըլլալ. հայրենասիրութիւնը հաստատուած է իմաստութեան եւ կրօնասիրութեան վրայ. իր իսկ բառերով՝ «Առանց այս կապակցութեան չկայ կատարեալ կրթութիւն, չկայ քաղաքականութիւն, չկայ մարդ կատարեալ»։
Ու հիմա, աւելի քան դար մը ետք նոյն հարցը մեզ կը յուզէ. ո՞վ է ճշմարիտ հայրենասէրը. ան՝ որ առանց հայրենիքը տեսած ըլլալու անոր հանդէպ կատարեալ սէր ու կապուածութի՞ւն կը զգայ, թէ ոչ ան՝ որ անոր մէջ ապրելով ամէն ձեւով հեռու կը մնայ իր արմատներէն, իր մշակոյթէն ու ինքնութենէն: Պատասխանը անհատական է:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Լաւ է ծառայել քան հրամայել, պաշտօնատար ըլլալ քան պաշտօնատէր:
ԱԼԻՇԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան