ԿԱՏԱՐԵԼՈՒԹԻՒՆ
Ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք սիրելիներ՝ մարդ, ընդհանրապէս կ՚ուզէ, որ իր շուրջ ամէն ինչ կատարեալ ըլլայ եւ երջանկութիւնը կը փնռտէ կատարելութեան մէջ, բայց երբեք չի մտածեր, թէ ինք որքա՞ն կատարեալ է։ Մարդ չի խորհիր, թէ իր շուրջը կատարեալ տեսնելու համար պէտք է նա՛խ ինք կատարեալ ըլլայ… Եթէ կ՚ուզես, որ շուրջդ ամէն ինչ կատարեալ ըլլայ՝ նախ դո՛ւն ջանայ, որ ինքդ կատարեալ ըլլաս. կատարելութեան ձգտիս։
Կատարելութեան ճամբան կ՚անցնի Խաչէն։
Չկա՛յ սրբութիւն, չկա՛յ երջանկութիւն առանց անձնուրացութեան եւ առանց հոգեւոր պայքարի։ Կատարելութեան ճամբան՝ հոգեւոր պայքարի ճամբա՛ն է։ Հոգեւոր յառաջդիմութիւնը կ՚ենթադրէ ճգնողական կեանքը եւ մահացուցումը՝ որոնք աստիճանաբար մարդը կ՚առաջնորդեն կատարելութեան՝ ապրելու խաղաղութեան եւ երանութիւններուն ուրախութեան մէջ։
Այս ուղղութեամբ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի (Gregorius Nyssenus. 335-394 թթ.) կ՚ըսէ. «Ան որ կը բարձրանայ, երբեք չի դադրիր սկզբնաւորութենէ դէպի սկզբնաւորութիւն երթալէ, անվերջ սկսումներով։ Բարձրացողը երբեք չի դադրիր իր արդէն գիտցածը բաղձալէ…»։
Գիտութիւնը, արդարեւ ուժ է եւ զօրութիւն, որ կատարելութեան միջոցներէն մին է, բայց յարգելով գիտնականներու անխոնջ աշխատանքը եւ ծառայութիւնը՝ յիշենք, որ գիտութիւնը գիտութեան համար չէ, այլ մարդկութեան համար։ Գիտութիւնը օգտակար է՝ երբ կը ծառայէ մարդկութեան։ Եւ այս պատճառով իսկ. կատարելութիւնը կատարելութի՛ւն է, երբ կը ծառայէ մարդկութեան։
Հաւատացեալին կատարելութիւնը նոյնիքն Հօր կատարելութիւնն է։ Ան որ կը հաւատայ Քրիստոսի, կ՚ըլլայ որդի Աստուծոյ։ Այս որդեգրութիւնը կը կերպարանափոխէ զինք՝ տալով իրեն կատարելութիւնը հետեւելու Քրիստոսի օրինակին։ Ան զինք ատակ կը դարձնէ վարուելու անշեղօրէն եւ գործադրելու բարին։ Միութեան մէջ իր Փրկչին հետ, աշակերտը կը հասնի կատարելութեան սիրոյ, սրբութեան։
Բարոյական կեանքը հասուննալով շնորհքին մէջ, կը ծաղկի յաւիտենական կեանքին համար, երկինքի փառքին մէջ։ Կեանքի լիութեան եւ սիրոյ կատարելութեան կոչը կ՚ուղղուի բոլոր անոնց՝ որոնք կը հաւատան Քրիստոսի, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց կարգը եւ վիճակը։ Ամէնքը կոչուած են սրբութեան. «Կատարեալ եղէ՛ք ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է». (ՄԱՏԹ. Ե 48)։ «Քրիստոնեայ կատարելութիւնը մէ՛կ սահման ունի, այն է՝ սահման չունենալը», կ՚ըսէ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի։
Մարդ կատարելութեամբ կը գերազանցէ տեսանելի բոլոր արարածները. կատարեալ մարդուն փառքի փայլը ասոր ապացոյցն է։
Իւրաքանչիւր արարած ունի իր յատուկ բարութիւնը, օգտակարութիւնը եւ կատարելութիւնը։
Ստեղծագործութեան «Վեցօրեայ գործերուն» իւրաքանչիւրին համար ըսուած է. «Եւ Աստուած տեսաւ թէ բարի է». (ԾՆՆԴ. Ա 25)։ Արարչագործութեան զօրութեամբ է, որ բոլոր իրերը կայացած են ըստ իրենց գոյացութեան, ըստ իրենց իսկականութեան, ըստ իրենց յատուկ բարելաւութեան, իրենց իւրայատուկ կարգաւորութեամբ եւ օրէնքներով։
Իրենց յատուկ էութեան համեմատ Աստուծմէ ուզուած այլազան արարածները, Աստուծոյ անհուն իմաստութեան եւ բարութեան ճառագայթը կը ցոլացնեն, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ կերպով։ Այս իսկ պատճառով, մարդը պարտի յարգել իւրաքանչիւր արարածին յատուկ պիտանիութիւնը, որպէսզի խուսափի անոնց անկարգ գործածութենէն, ինչ որ արհամարհանք է անոնց Արարիչին, իսկ մարդոց եւ անոնց շրջապատին համար աղէտալի հետեւանքներ յառաջ բերող։
Բարոյական կատարելութեան գոյութիւնը կայ, երբ մարդը կը մղուի դէպի բարին ո՛չ միայն իր կամքով, այլ նաեւ իր զգացական ախորժակով, ըստ Սաղմոսերգուին. «Իմ սիրտս եւ մարմինս ցնծութեամբ կ՚աղաղակեն կենդանի Աստուծոյն». (ՍԱՂՄ. ՁԴ 3)։
Սուրբ Հոգիին «պտուղները» կատարելութիւններ են, զորս կը կազմէ մարդուս մէջ Սուրբ Հոգին իբրեւ երախայրիք յաւիտենական փառքին։ Կատարելութիւնը, արդարեւ, հաստատ վիճակը եւ տրամադրութիւնն է ճշմարտութեան հասնելու եւ բարին գործելու։ Մարդ երբ բարի է, երբ ճշմարտութիւնը ճանչցած է եւ հասած է բացարձակ գեղեցիկին, այն ատեն կատարեա՛լ է։ Տէրը եւ Սէրը ձեզի հետ ըլլան եւ մի՛շտ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 21, 2025, Իսթանպուլ