ԲԱՐԻ ԿԱՄՔՈՎ

Ինչո՞ւ կը սորվինք, ինչո՞ւ կ՚ուսանինք։ Կը սորվինք, կ՚ուսանինք լաւ, կատարեալ «մարդ» ըլլալու համար, կ՚ուսանինք, որպէսզի ընտիր տեղ եւ դրական դեր ունենանք ընկերութեան մէջ, կ՚ուսանինք, քանի որ գիտութիւնը ո՛ւժ մըն է, զօրութիւն մըն է, ազդու միջոց մըն է դիրք մը ունենալու համար հասարակութեան մէջ ընդհանրապէս. «կ՚արդայ, ուսեալ մարդ եղիր, սորվէ. որպէսզի մա՛րդ ըլլաս…», կ՚ըսուի, բայց ի՞նչ է «մարդ ըլլալ», անիկա ընդհանրապէս զանց կ՚առնուի։ Եւ ահաւասիկ, այս կէտին է, որ կրթութիւն, նկարագիր եւ ուսում, դաստիարակութիւն կը տարբերին իրարմէ։ Անշուշտ, ուսում եւ դաստիարակութիւն՝ այս արժէքները կարեւոր են եւ անհրաժեշտ «մարդ» ըլլալու համար եւ անուրանալի է ասիկա։

Շա՜տ բան կը սպասուի ուսումէն, դաստիարակութենէն, այսինքն սորվելէ, գիտութիւն ունենալէ, այո՛, պէտք է լաւ սորվիլ, լաւ ուսանիլ, դաստիարակուիլ, գիտնալ, գիտուն ըլլալ, մասնագէտ ըլլալ, եւ այս ստացումներով յարգուիլ, լաւ դիրք մը ունենալ հաւաքականութեան՝ ընկերութեան մէջ։ Բայց պէտք է այս բոլորին միանայ նաեւ կրթութիւն եւ նկարագիր՝ կատարեալ ըլլալու համար, որքան որ կարելի է անշուշտ։

Ուրիշ առիթներով ալ յիշուած է այս սիւնակներու մէջ. գիտուն, ուսեալ մէ՞կը, թէ՝ կրթուած, բարձր նկարագրի տէր մէկը նախընտրելի է. յարգարժան եւ ընտիր։

Այո՛, սորվինք, դաստիարակուինք, բայց ո՛չ միայն որպէս պարտաւորութիւն «ընտիր մարդ» ըլլալու համար եւ կամ ո՛չ միայն իբրեւ պարտականութիւն, ո՛չ որպէսզի լաւ եւ բարձր գնահատականներ ստանալու, այլ սրտէն բխած բարի կամքով, վճռականութեամբ եւ սիրով։ Թէ ի՞նչ պէտք է ըլլայ սրտէն բխած բարի կամքը։ Այս բարի կամքը պէտք է ըլլայ՝ համայն մարդկութեան բարիքին համար աշխատիլ, մարդկութեան օգտակար ըլլալ, ուսումը, դաստիարակութիւնը, գիտութիւնը եւ ստացուած դիրքը մարդկութեան օգտին, նպաստին համար միջոց մը՝ առիթ մը ընդունիլ եւ այդպէս գործել եւ գործածել։

Անկեղծ ըլլանք, խոստովանինք. գրեթէ բոլորս, կը կարդանք, կ՚ուսանինք, կը սորվինք մենք մեզի համար՝ բարձր դիրք ունենալու, յառաջանալու, ընկերութեան մէջ յարգուելու, մեծարուելու համար եւ այլն։ Ասիկա արդարեւ կը սկսի փոքր տարիքէն, մանկութենէն իսկ. «կարդա՛ որպէսզի մարդ ըլլաս…» խօսքերով կը մեծանանք։ Բայց չկարդացողը, կարդալու առիթ եւ կամ, ինչո՞ւ չէ, փափաք չունեցողը՝ համեստ գիտութեան տէր եղողը «մարդ» պէտք չէ՞ անուանուի։

Մարդասիրական, հաւասարութեան, արդարութեան հիմնական սկզբունքներու հետ որքա՞ն կարելի է հաշտեցնել այսպիսի մտածում մը, կարծիք մը։

Ուստի, երբ ուսում, դաստիարակութիւն, գիտութիւն կ՚ըսենք եւ ասոնք կ՚ընդունինք «մարդ» ըլլալու առարկաները, պէտք չէ՛ զանց առնել կրթութիւնը եւ նկարագիրը՝ որոնք ուսումի եւ դաստիարակութեան, գիտութեան հետ կ՚ամբողջացնենք «մարդ» ըլլալու պայմանները։

Դրամ շահելու՝ հարուստ ըլլալու եւ կամ համբաւ շահելու համար եթէ մարդ կ՚ուսանի, անիկա միայն իր սեղմ չափանիշներուն մէջ, կեանքի մէջ յաջող մարդ, համբաւաւոր մարդ կ՚ըլլայ, բայց միշտ թերի կողմ մը կ՚ունենայ, եթէ իր նպատակներուն չմիացնէ «բարեսէր», «այլասէր», «մարդոց օգտակար» մարդ ըլլալու հանգամանքը։ Ազնիւ ըլլալ, բարի ըլլալ, իրապէս օգտակար ըլլալ մարդուն կոչումն է, քանի որ մարդ ստեղծուած է իրերօգնութեան կոչումով։ Անհատը «անձ» է, երբ կ՚ապրի ընկերութեան մէջ՝ բանականութեամբ եւ իրերօգնութեան անհրաժեշտութեան գիտակցութեամբ։

Ուստի, մարդ կրնայ հպարտանալ իր ուսումով, իր դաստիարակութեամբ եւ գիտութեամբ, երբ անոնք յօժարութեամբ կը տրամադրէ անխտիր ամբողջ մարդկութեան բարիքին եւ օգտակարութեան։ Արդարեւ, չգործող ուսումը, դաստիարակութիւնը եւ գիտութիւնը որեւէ արժէք չի ներկայացներ, բայց միայն անուն, տիտղոս եւ աստիճան։ Այս պատճառով, պէտք է գիտակցութիւնը ունենալ գիտութեան եւ կրթութեան համաշխարհային կարեւորութեան, քանի որ երբ անոնք հաշտ են եւ համընթաց, այն ատեն է, որ անհատը՝ մարդ, եւ մարդը՝ անձ կ՚ըլլայ, կատարեալ եւ ընտիր անձնաւորութիւն եւ յարգարժա՛ն։

Ոմանք կրնան ընդունած ըլլալ, թէ՝ ուսումը աւելի ճոխ ապրելու, աւելի հանգիստ ապրելու, աւելի հաճոյքներով ապրելու միջոց մըն է, բայց ուսումով ստացուած ամէն ասպարէզի մէջ անպայման կայ, եւ պէտք է ըլլայ ծառայութեան ազնիւ ոգի մը՝ հոգեւոր եւ բարոյական արժէքի մը զգացումը՝ հանրային ծառայութեան, մարդասիրական հոգի մը։ Քանի որ ամէն ասպարէզ ի վերջոյ կը ծառայէ մարդուս իրերօգնութեան հիմնական կոչումին իրագործման։ Ամէն գործ, ամէն աշխատանք, մարդ արարածին եւ այս կերպով Արարիչին ծառայելու նպատակը ունի։

Անշուշտ, լաւ ապրիլ, հանգիստ ապրիլ, ճոխ ապրիլ մարդուն բնական եւ ազնիւ փափաքներն են եւ բնազդներ, բայց մարդ երբ իր լաւութիւնը, իր հանգիստը, իր ճոխ ապրելու միջոցներու մասին կը մտահոգուի, պէտք է գիտնայ, որ ուրիշներ ալ, իր նմաններն ալ նոյն պայմաններուն տակ ապրելու իրաւունքը ունին, եւ եթէ որեւէ պատճառով զրկուած են, չեն հասած այդ պայմաններուն՝ այդ պայմանները վայլողներու պարտականութիւնն է անոնց օգնել եւ չզգացնեն իրենց պակասները։ Մարդասիրութիւն եւ ա՛յս կը պարտադրէ «մա՛րդ»ուն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 23, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 24, 2026