ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԱՉՔՈՎ

Մեր թուականէն մօտաւորապէս մէկ դար առաջ ապրած մտաւորականներ գիտութեան եւ մարդկութեան ապագայ զարգացումը այնքան ալ դրական ձեւով չէին տեսներ։ Այո, գիտութիւնը պիտի գար որոշ դժուարութիւններու լուծում տալու՝ որոշ հիւանդութիւններ վերացնելու (ինչպէս օրինակ, մահացու թոքախտը՝ որ մեր օրերուն սովորական հիւանդութիւն մըն է, սակայն անցեալին ինչքա՜ն երիտասարդ կեանքեր խլած է), սակայն, այսուհանդերձ մարդկութեան համար բացասական պիտի ըլլար արդիւնքը. գիտութիւնը մարդուն կեանքը որոշ չափով «բարելաւեց», սակայն, ապականեց զինք պատերազմներով, տնտեսական տագնապներով եւ նման բացասական երեւոյթներով: 

Վստահաբար լսած էք «առաջ կեանքը աւելի դիւրին էր» արտայայտութիւնը. թէեւ գիտութիւնը այսքան զարգացած չէր, սակայն, մարդոց համար կեանքը «դիւրին» էր. տան մը մէջ միայն հօր աշխատանքով ամբողջ բազմանդամ ընտանիք մը կրնար ապրիլ ու գոյատեւել, իսկ այսօր ընտանիքի բոլոր անդամները կը վազվզեն, կ՚աշխատին՝ առանց արդիւնք մը ձեռք բերելու: Անցեալին նորարարութիւնները այսօրուան նման դրուած չէին մարդոց դիմաց. գիտութիւնը մարդոց դիմաց սահմանափակ էր։ Անցեալին կեանքի հիմնական պայմանները սնունդն ու կացարանն էր։ Այսօր թէ՛ սնունդի եւ կացարանի ապահովումը դժուարացած է եւ թէ անոնց վրայ աւելցած են որոշ ժամանակին յատուկ «անհրաժեշտ» երեւոյթներ, որ ո՛չ թէ պէտքէն, այլ շրջապատի սպասումներէն ծնունդ կ՚առնեն:

Այս բոլորին մէջ գիտութիւնը մեղաւոր է հետեւեալ ձեւով. անցեալին տեղեկութեան հասանելիութիւնը սահմանափակ էր։ Այս տողը բացասական ըլլալ կ՚երեւի, որովհետեւ տեղեկութեան հասանելի ըլլալը դրական բան մըն է, սակայն, մարդկութեան պարագային բացասական է այն առումով, որ անցեալին մարդկութիւնը կ՚ապրէր նեղ շրջանակի մը մէջ. օրինակի համար, գիւղի մը մէջ ապրողը ինքզինք կրնար համեմատել իր գիւղացիին հետ. այսօր գիտութեան շնորհիւ մարդ ինքզինք կը համեմատէ աշխարհին հետ եւ օրական դրութեամբ կը տեսնէ, որ աշխարհի վրայ կան մարդիկ, որոնք իրենց հաճոյքին համար իրենց ամբողջ կեանքի վաստակը մէկ օրուան մէջ կը մսխեն։ Անցեալին «յաջող» անձ ըլլալու պայմանները ամբողջութեամբ ուրիշ էին. գիտութեան զարգացումը, տեղեկութեան հասանելիութիւնը մարդուն մէջ ստեղծեցին մշտական անբաւարարութիւն: Կեանքի պայմաններէն աւելի մարդու սպասումները, մարդու հոգեկան աշխարհն է, որ ծանրաբեռնուած է։ Գիտութիւնը մարդու կեանքին մէջ դրական երեւոյթներ բերելով հանդերձ բարձրացուցած է անոր սպասումները։ Գիտութեան զարգացումին հետ մարդ կը զգայ, որ ժամանակը այլեւս իրը չէ. անցեալին ժամանակը աւելի կամաց վազք ունէր ու այս բոլորին լոյսին տակ առաջուան կեանքը աւելի «դիւրին» չէր. պարզապէս սպասումները աւելի նուազ էին, ուրախութեան իմաստը ամբողջութեամբ ուրիշ էր: 

Գուշակութիւններ իրապէս կան, թէ ոչ՝ չենք գիտեր եւ մասամբ մըն ալ չենք հաւատար, որովհետեւ կեանքի մէջ ամէն բան հիմնուած է պատահականութեան եւ անորոշութեան վրայ (անշուշտ, մարդկային կամքն ու հաստատամտութիւնը այդ բոլորը կրնան փոխել), սակայն, տարօրինակ է, որ 1920 թուականին մտածողներ կրնային ենթադրել, թէ որոշ չափով ինչպէս պիտի ըլլայ աշխարհի ապագան: Օրինակի համար, այս աշխատութեան մէջ 1920 թուականին մտածող մը կը գրէ յօդուած մը, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ ապագայի սնունդը։ Ան կը գրէ, որ 1940-1950 թուականներէն ետք գիւղատնտեսութիւնը անկում պիտի ապրի. բոլոր այն միրգերը, որոնք գիւղերու՝ հողին մէջ կը ծնին, պիտի դառնան գործարանային եւ մեքենական. գրողը կը նշէ, որ գիւղատնտեսական ապրանքները կամաց-կամաց պիտի դառնան շքեղութիւն. Մարդկային սնունդը կամաց-կամաց աւելի դժուարամարս պիտի ըլլայ: Գրողը կը հաւատայ, որ սնունդը դաշտերու մէջ պիտի չաճի, այլ հնարաւոր պիտի ըլլայ գիտական ձեւերով ստեղծել շաքար եւ սպիտակուց։ Ան կը հաւատայ, որ ապագային սնունդ արտադրելու համար հսկայական դաշտերու ու գործարաններու կարիք պիտի չըլլայ: 

Այսօր գործարանային հաւկիթները շատ աւելի աժան են՝ քան բնականն ու գիւղականը։ Գիւղական մաքուր արտադրանքը իրապէս արդէն շքեղութիւն է. մարդիկ նոր կը սկսին զգալ, որ բնականը շատ աւելի առողջապահական է՝ քան գործարանայինը։ 1920 թուականին հեղինակը կը հաւատար, որ հարիւր տարի ետք՝ այսինքն մեր օրերուն քաղաքի մէջ ապրող մարդոց թիւը աճ պիտի արձանագրէ եւ գիւղերը պիտի պարպուին. օրինակ առնենք Հայաստանը. Երեւանը խճողուած է, իսկ գիւղերը՝ պարպուած։ Գիւղերու երիտասարդներու թիւը փոքրամասնութիւն է. գիւղերը կը դատարկուին եւ Երեւանի մօտիկ գիւղերը արդէն իսկ կամաց-կամաց քաղաքի կը վերածուին: Անշուշտ, 1920 թուականին գրողը այս բոլորը բացասական չէր տեսներ, որովհետեւ կը հաւատար, որ գործարաններու մէջ շատ աւելի մաքուր արտադրութիւն կարելի է ընել՝ քան գոմերու եւ ախոռներու մէջ, սակայն, ան նկատի չ՚առներ առողջապահական բաժինը: Վստահ ենք, որ հարիւր տարի ետք մարդու սնունդը շատ աւելի «վատ» վիճակ պիտի պարզէ՝ քան այսօր, որովհետեւ մարդիկ պիտի շարունակեն նորարարութիւններով բնական սնունդը փոխարինել գործարանայինով, ինչ որ բացայայտ ձեւով կամ անյայտ՝ մարդու առողջութեան, մարդու բարեկեցութեան դէմ պիտի պայքարի:

•շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մեծ մարդիկ յաճախ փոքր թերութիւններով կը յայտնուին կեանքին մէջ, թերութիւններ՝ որոնք աւելի տարօրինակութիւններ են եւ երբեմն այնքան շեշտուած կերպով կ՚արտայայտուին, որ կը նոյնանան անձին հետ եւ կը վերածուին կարծես մարդու բուն իսկութեան:

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 24, 2026