ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՄՏԱՑՐՈՒՄ

Մարդ կ՚աղօթէ ինչպէս որ կ՚ապրի, քանի որ մարդ կ՚ապրի ինչպէս որ կ՚աղօթէ։ Եթէ մարդ չուզէ սովորաբար գործել ըստ Հոգիին Քրիստոսի, ո՛չ ալ կրնայ սովորաբար աղօթել Անոր անունով։ Արդարեւ, քրիստոնեային նոր կեանքին «հոգեւոր պայքար»ը անբաժան է «աղօթքի պայքար»էն։

Մարդուն «աղօթքի պայքար»ը պարտի դիմակալել ինչ որ ան կը նկատէ իբր «իր ձախողութիւնները աղօթքի պահուն». վհատութիւնը՝ իր սրտի ցամաքումին դիմաց տխրութիւնը, որ ան ինքզինք լման չի նուիրեր Տիրոջ, որովհետեւ ի՛նք ալ «մեծահարուստ է». (ՄԱՐԿ. Ժ 22)։ Յուսախաբութիւնը՝ որ մարդ իր ուզածը չէ ընդունած եւ ստացած ըստ իր բաղձանքին, իր հպարտութեան խոցը, որ կ՚ընդվզի մեղաւորի իր անարժանութեան դիմաց, տարզգայնութիւնը աղօթքին ձրիութեան դիմաց եւ այլն։

Այս իրողութեան եզրակացութիւնը կ՚ըլլայ միշտ նոյնը, եւ ուրեմն ի՞նչ բանի համար աղօթել։ Յաղթահարելու համար այս արգելքներուն, հա՛րկ է պայքար մղել խոնարհութիւն, վստահութիւն եւ յարատեւութիւն ձեռք ձգելու համար։ Սրտին խոնարհ արթնութիւնը սրտին՝ աղօթքի դժուարութիւններու դիմաց անհրաժեշտ գործօն մըն է։

Ուրեմն, մեր աղօթքին սովորական դժուարութիւնը մեր «մտացրում»ն է։

Ան կը պատահի բառերուն եւ անոնց իմաստին շուրջ ընդհանրապէս, ձայնիւ աղօթքին պահուն կամ կրնայ պատահիլ աւելի խորապէս՝ մեր աղօթած Աստուծոյ մասին, ծիսական՝ հաւաքական կամ անհատական՝ առանձնական, ձայնիւ աղօթքին պահուն, կամ մտածականի եւ հայեցողական՝ մտածումի տանող եւ մտաւոր նայւածքի աղօթքի պահուն։ Արդարեւ խոկումի աղօթքի ժամանակ մտամփոփ մնալ դժուար է մարդուն համար, քանի որ հոն հոգին եւ միտքը զիրարու վրայ տիրապետելու պայքար մը գոյութիւն կ՚ունենայ։

Մտացրումներուն պատճառը հետապնդել՝ պիտի նշանակէր իյնալ անոնց թակարդին մէջ, մինչդեռ բաւ է վերադառնալ մեր սրտին։ Մտացրումը կը յայտնէ մեզի այն ինչը՝ որուն մենք կառչած ենք։ Տիրոջ դիմաց այս խոնարհ գիտակցումը պիտի զարթուցանէ՝ արթնցնէ մեր մէջ զԻնք նախընտրող մեր սէրը՝ որ սրտէն կը բխի, վճռականօրէն Իրեն նուիրելով մեր սիրտը, որպէսզի Ի՛նք սրբէ զայն։

Արդարեւ, պայքարը կը կայանայ, թէ ո՞ր Տիրոջ ծառայելու ենք. (ՄԱՏԹ. Զ 21-24)։ 

Գործնականին մէջ պայքարը՝ ամէն ինչ սեփականացնել եւ տիրապետել ուզող մեր «ԵՍ»ին դէմ արթո՛ւն մնալն է, սրտին ժուժկալութիւնն է։ Արթնութիւնը, որուն վրայ Յիսուս կը շեշտէ, միշտ յարաբերուած է Իրեն հետ, Իր վերջին օրուան եւ ամէն օրուան Գալուստին հետ. «Այսօր»ին հետ։

Փեսան գիշերով կու գայ. իսկ «լոյս»ը, որ պէտք է անշէջ մնայ, լո՛յսն է հաւատքին։

«Քու մասիդ իմ սիրտս ըսաւ.- Փնտռէ՛ Անոր Դէմքը». (ՍԱՂՄ. ԻԷ 8)։

Ուրիշ դժուարութիւն մըն ալ կայ, մասնաւորապէս անոնց համար, որ անկեղծօրէն աղօթել կ՚ուզեն. անիկա «ցամաքութիւն»ն է։ Ան մաս կը կազմէ հայեցողական, խոկումի աղօթքին, ուր սիրտը անզգայ կը դառնայ, համ չառնելով մտածումներէն, յիշատակներէն եւ նոյնիսկ հոգեւոր զգացումներէն։ Պահն է զուտ հաւատքին՝ որ կառչած կը մնայ հաւատարմօրէն Յիսուսի՝ Անոր հոգեվարքին եւ գերեզմանին մէջ։ Ցորենի հատիկը «եթէ մեռնի շատ արդիւնք կու տայ». (ՅՈՎՀ. ԺԲ 24)։ Եթէ այս «ցամաքութիւնը» արդիւնքն է արմատին չգոյութեան, որովհետեւ Խօսքը ինկած է ժայռին վրայ, պայքարին արդիւնքը կախում ունի հոգեփոխութենէն. (ՂՈՒԿ. Ը 6-13)։

Արդարեւ, աղօթքը պայքա՛ր մըն է աղօթողին իր իսկ «ԵՍ»ին հետ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 23, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025