ԱՅՍ Է ՈՒՍՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆԸ
Շատ մը դասատուներ անտարբերութիւնը կը շփոթեն լրջութեան հետ. ամէն դասատու կ՚ուզէ իր անձին շուրջ խորհրդաւորութիւն մը ստեղծել եւ շատ անգամ այդ մէկը սխալ անդրադարձ կ՚ունենայ, որովհետեւ լրջութիւնը այլ բան է, իսկ անտարբերութիւնը ամբողջութեամբ այլ բան: Օրինակի համար՝ ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս ոմանք աշակերտներուն հետ իրենց ունեցած յարաբերութիւնները կը փորձեն սահմանափակել դասարանին մէջ եւ դասարանէն դուրս կը խուսափին անոնց հետ հաղորդակցութեան մէջ ըլլալէ։ Ինչպէս նախապէս ալ ըսինք, ուսուցչութեան հիմնական պարտաւորութիւնը լոկ գիտելիք փոխանցել չէ եւ ուսուցիչ-աշակերտ հաղորդակցութեան պակասը բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենայ ուսուցման գործընթացին վրայ. գիտելիք փոխանցելը ո՛չ մէկ իմաստ ունի, եթէ չկայ հաղորդակցութիւնը։ Այսօր արհեստական բանականութիւնը շատ աւելի գիտելիքներ փոխանցելու ունակութիւնը ունի. եթէ պիտի չըլլայ ուսուցիչին եւ աշակերտին մէջ եղած հաղորդակցութիւնը՝ շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դիմել արհեստական բանականութեան, սակայն, այնքան ժամանակ որ կարեւոր տեղ պիտի ունենայ այդ հաղորդակցութիւնը՝ ուսուցչութիւնը պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ:
Հաղորդակցութեամբ է, որ ուսուցիչը աշակերտին մէջ վստահութիւն ու սէր կը սերմանէ. այդ հաղորդակցութեան շնորհիւ է, որ աշակերտը վստահութիւնն ու ուժը կ՚ունենայ իր խնդիրները բարձրաձայնելու, իր պէտքերը շատ աւելի յստակ ձեւով արտայայտելու եւ իր ուսումնական կեանքը բարելաւելու համար ուսուցիչին ուղեցոյց ըլլալու: Կեանքի մէջ շատ անգամ յաջողութեան գաղտնիքը առողջ ու դրական հաղորդակցութիւնն է եւ նոյնն է պարագան ուսուցչութեան. բոլոր դասատուները տեղեկութիւն կրնան փոխանցել, սակայն ուսուցիչն է, որ հաղորդակցութեան մէջ կ՚ըլլայ աշակերտին հետ եւ այդ հաղորդակցութիւնը, ինչպէս նախապէս ըսինք, դասարանէն դուրս եւս կը շարունակուի եւ իր դրական դերը կ՚ունենայ:
Այլ սխալ մը, որ մեր դպրոցներէն ներս կը տեսնենք, գիտելիքներու եւ տեղեկատուութեան ծանրաբեռնուածութիւնն է. որոշ դասատուներ կը կարծեն, թէ ինչքան շատ գիտելիք՝ այնքան աշխատասէր ու «գիտակից» աշակերտ կը նշանակէ: Այո, կասկած չունինք, որ աշակերտը ինչքան շատ բան գիտնայ՝ այդքան իմաստուն կ՚ըլլայ, սակայն, դպրոցին նպատակը շատ գիտելիք փոխանցել չէ. դասատուներ կը փորձեն իրենց տրուած կարճ ժամանակին մէջ շատ բան փոխանցել եւ այդ մէկը որպէս դրական երեւոյթ կ՚ընկալեն։ Ուսուցիչին յաջողութիւնը տուած տեղեկութիւններու քանակին մէջ չէ, այլ աշակերտին ըմբռնելու եւ հասկնալու կարողութեան մէջ է. ի՞նչ իմաստ ունի քսան տեղեկութիւն տալ եւ աշակերտը չյաջողի անոնցմէ մէկը լաւապէս ըմբռնել. աւելի լաւ չէ՞ որ ուսուցիչը փոխանցէ հինգ գիտելիք եւ աշակերտը այդ հինգը իւրացնէ՝ քան ծանրաբեռնէ զանոնք գիտելիքներու հեղեղով մը: Չկարծենք, թէ շատ գիտելիքով ծանրաբեռնելը լաւ բան է. այս մէկը շատ անգամ պատճառ կ՚ըլլայ, որ աշակերտը լաւապէս չըմբռնէ նաեւ անհրաժեշտ գիտելիքը։ Վերջապէս պէտք է նկատի ունենալ, որ այդ ծանրաբեռնուածութիւնը հակառակ ազդեցութիւն ունենալով կրնայ յոգնածութիւն յառաջացնել աշակերտին մօտ, ինչ որ մոռացութեան հիմնապատճառներէն մէկն է: Աշակերտին մօտ պէտք չէ ստեղծել մտաւոր սպառուածութիւն. գիտելիք փոխանցելը չէ՛ որ կը զարգացնէ աշակերտը. ուսուցիչը պարտի որոշ տեղեկութիւն մը փոխանցել եւ մէկ կամ մի քանի դասապահի այդ գիտելիքը մշակել, որպէսզի աշակերտը լաւապէս ըմբռնէ: Այս մէկը կ՚ըսենք, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ կան որոշ դասատուներ, որոնք կը հաւատան, որ իրենց պարտաւորութիւնն է մինչեւ տարուան վերջ որպէս ուսումնական ծրագիր իրենց յանձնուած դասագիրքը իր աւարտին հասցնել. աւելի լաւ է դասագիրքին կէսը հասցնել՝ սակայն շատ բան սորվիլ ու ըմբռնել, քան ամբողջ դասագիրքը վերջացնել ու բան չհասկնալ: Վերջապէս շատ գիտելիքը զարգացումի նշան ըլլալէ անդին ուսուցման որակի անկում կը նշանակէ:
Հաւատացէք, որ տակաւին կարելի է գրել հազար ու մէկ սխալի մասին, ինչ որ մեր նպատակէն դուրս կը մնայ. այս բոլորը գրելով մէկտեղ համոզուած ենք, որ մեր հայկական վարժարանները լուրջ ձեւով պէտք է զբաղուին ուսուցիչներու վերաորակաւորման հարցով, որովհետեւ մեր պարագային ուսուցիչը տեղեկութիւն փոխանցողէ աւելի մեծ դեր ունի նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն ապահովելու մէջ:
Մեծ փիլիսոփայ Սոկրատես աւելի քան երկու հազար հինգ հարիւր տարիներ առաջ կ՚ըսէր. «Ես ոչինչ կրնամ սորվեցնել. ես կը ստիպեմ մտածել»։ Մեր ուսուցիչները եւս այսօր աւելի քան երբեք աշակերտին գիտելիք փոխանցելու տեղ պէտք է մտածել սորվեցնեն. այսօր կը տեսնենք, թէ մեր դպրոցներէն դուրս դրուած է արդէն վերլուծական ընելու կարեւոր պարտականութիւնը. հաւատացէ՛ք, որ վերլուծական ընելը շատ աւելի կ՚օգնէ աշակերտի զարգացման, քան քերականական դաս մը, որ կարճ ժամանակ ետք մոռացութեան պիտի տրուի:
Մեր գրութեան այս շարքը կ՚ուզենք վերջացնել այլ փիլիսոփայի մը կարեւոր խօսքով. Քոնֆիչիուս, որ դարձեալ ապրած է աւելի քան երկու հազար հինգ հարիւր տարիներ առաջ, կ՚ըսէ. «Եթէ մարդուն մէկ թաս ջուր տաս իր ծարաւը կը յագեցնէ, բայց եթէ սորվեցնես ինչպէս ջուր գտնել, ան երբեք ծարաւ չի դառնար»։ Մաղթենք, որ հայկական վարժարանները ունենան ուսուցիչներ, որոնք իրապէս ջուրը գտնել կը սորվեցնեն մեր ապագայ սերունդներուն:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ուսուցիչը պէ՞տք է ճանչնայ աշակերտին ծնողը:
Պատասխան. Այո, ուսուցիչը պէտք է ճանչնայ աշակերտին ծնողը, որովհետեւ այդ մէկը արդիւնաւէտ գործակցութիւն մը կը ստեղծէ անոնց միջեւ կրթական առողջ գործընթաց սկսելու: Ծնողքի հետ յարաբերութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի ուսուցիչը աւելիով ճանչնայ աշակերտին անհատականութիւնն ու կարիքները, որպէսզի յաջողի ստեղծել անոր զարգացման նպաստող միջավայր մը: Ծնողքի հետ յարաբերութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի ուսուցիչը խնդիրները աւելի շուտ նկատէ եւ անոնց լուծումին մասին մտածէ, վստահ ըլլալով, որ այդ մէկը աւելիով կ՚օգնէ յառաջդիմութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան