«ՈՂՋՈՅՆ ՏԱԼ» ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՏԱՐԱԾԵԼ

«Ողջոյն տուք միմիանց…», այս խօսքով արդէն կը ծանօթանանք Յիսուսի եւ Անոր խաղաղութեան եւ այս ճամբով կը տարածենք առաքելաշաւիղ քրիստոսաւանդ խաղաղութիւնը։ Եւ սուրբ համբոյրով կը փոխանցենք խաղաղութիւնը ամբողջ եկեղեցիին, այսինքն՝ ժողովուրդին։ Ուրեմն ան կը փոխանցուի սրտէ սիրտ՝ հոգիէ հոգի…

Ողջոյն, քանի որ «Քրիստոս ի մէջ մեր…», եւ պէտք է հաստատենք զայն, «է եւ եղիցի՛»։

Արդարեւ, խաղաղութիւնը, բարեւը՝ բարիք մաղթելը, ողջոյնը, եւ սուրբ համբոյրը մեզ հաղորդակից կը դարձնէ Աստուծոյ եւ Անոր արարածներուն՝ մեր նմաններուն։ Ուստի, մարդուն պարտականութիւնը եւ կոչո՛ւմն է անդրադառնալ Աստուծոյ եւ Անոր ստեղծածներուն՝ ամբողջ բնութեան եւ «ուրիշ մարդոց»՝ իր իսկ նմաններուն։ Եւ այս անդրադարձման հիմն է խաղաղութի՛ւնը։

«Ողջոյն»ը առաքեալներուն ներշնչած հոգին զգալ, իւրացնել եւ ապրիլ կը նշանակէ։

Արդարեւ, ողջոյն տալով՝ մենք այս առաքելաշաւիղ ներշնչումին հաղորդ կը դարձնենք ողջոյնը ստացողները։ Այս պատճառով, հոն՝ ուր ողջոյն չկայ, հոն չկայ նաեւ խաղաղութիւն, միութիւն եւ միաձայնութիւն։

Յիսուս, ընդհանրապէս ծովափէն կը կանչէ իր աշակերտները, Աստուած կը խօսի ծովափէն անոնց՝ որոնք ընդհանրապէս համեստ գիտութեան տէր, պարզ մարդիկ են։ Ուստի, գիտութեամբը հպարտ մէկը կը դժուարանայ հաղորդակից ըլլալ իր նմաններուն եւ այս պատճառաւ ալ խաղաղութիւն չի կրնար գտնել ընդհանրապէս։

«Ողջոյն տուէ՛ք իրարու սուրբ համբոյրով»։

Քանի որ «Ի՛նքն Աստուած հոս բազմեցաւ, խաղաղութեան ձայն բարձրացաւ, Սուրբ ողջոյնիս հրաման տրուեցաւ։ Եկեղեցիս մէկ անձ եղաւ, այս համբոյրը իբր լրումի զօդ տրուեցաւ, թշնամութիւնը հեռացաւ, սէրը ամէն կողմ սփռուեցաւ»։ 

«Քրիստոս մեր մէջ յայտնուեցաւ»։ (Ս. Պատարագի հատուած)։

Խաղաղութիւնը սէ՛ր է եւ հոն՝ ուր սէր կայ, հոն կայ խաղաղութիւն, քանի որ հոն Քրիստոս ներկա՛յ է։

«Յիսուս» եբրայեցերէն կը նշանակէ «Աստուած կը փրկէ»։

Աւետումի պահուն, Գաբրիէլ հրեշտակը Յիսուս անունը կու տայ Անոր՝ իբրեւ յատուկ անուն՝ որ կ՚արտայայտէ միանգամայն Անոր ինքնութիւնը եւ Անոր առաքելութիւնը։ Աստուած Յիսուսի մէջ փրկութեան Իր ամբողջ պատմութիւնը կը վերաքաղէ ի նպաստ մարդոց։

Յիսուսի անունը քրիստոնեայ աղօթքին էութիւնն է։ Ծիսական բոլոր աղօթքները կ՚աւարտին այս բանաձեւով. «Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով։

«Քրիստոս» անունը յառաջ կու գայ եբրայեցերէն «Մեսիա» բառին յունական թարգմանութենէն՝ որ կը նշանակէ «օծեալ»։ Ասիկա Յիսուսի յատուկ անունը դարձաւ, որովհետեւ Ան կատարելապէս իրագործեց Իր անունին նշանակած աստուածային առաքելութեան։ Արդարեւ, Իսրայէլի մէջ Աստուծոյ անունով կ՚օծէին միայն անոնք՝ որոնք Իրեն նուիրուած էին Աստուծմէ որոշուած առաքելութեան մը համար։ Այս էր թագաւորներուն, քահանաներուն, հազուադէպօրէն մարգարէներուն։

Ասիկա գերազանցօրէն ըլլալու էր պարագան նաեւ Մեսիային, զոր Աստուած պիտի առաքէր Իր թագաւորութիւնը վերջնականապէս հաստատելու համար։

Հարկ էր, որ Մեսիան Տիրոջ Հոգիով միանգամայն օծուէր իբրեւ թագաւոր եւ քահանայ, ինչպէս նաեւ իբրեւ մարգարէ։ Յիսուս Իսրայէլի մեսիական յոյսը իրականացուց քահանայի, մարգարէի եւ թագաւորի երրեակ պաշտօնով։

Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետ հաղորդակցելու միջոցներէն մին է՝ սէ՛րը, որ խաղաղութեան մէջ կ՚աճի։ Ուստի, մարդկային կեանքին յարգանքը եւ աճումը «խաղաղութիւն» կը պահանջեն։ Խաղաղութիւնը միայն ներհականութեան, թշնամանքի, հակառակութեան եւ խռովութեան չգոյութիւնը չէ՛. ան կարելի չէ սահմանափակել միայն հակադիր ուժերուն հաւասարակշռութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը ապհովելով։

Արդարեւ, մարդուս «ներքին խաղաղութիւն»ը կարելի է հաստատել անձերու արժաապատուութիւնը յարգելով։ Առանց մարդկային էակներու միջեւ ազատ հաղորդակցութեան, առանց անձերու թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական արժանապատուութեան յարգանքին, առանց սիրոյ մարդասիրութեան՝ կարելի չէ հաստատել թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին խաղաղութիւնը։

Խաղաղութիւնը պատկերն է եւ արգասիքը Քրիստոսի խաղաղութեան. «Իշխան՝ մեսիական խաղաղութեան». (ԵՍ. Թ 5)։ Յիսուս սպաննեց ատելութիւնը Իր մարմինին մէջ, հաշտեցուց մարդիկը Աստուծոյ հետ։ «Ան մեր խաղաղութիւնն է». (ԵՓՍ. Բ 14)։

Երանի՜ խաղաղարարներուն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 23, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2026