ԽԱՉԸ ԼՈՅՍ ԿԸ ՑԱՅՏԷ
«Լուսովդ Քո, Քրիստոս, ամենեքեան լուսաւորեցաք եւ ի սուրբ Խաչ Քո, Փրկի՛չ, հաւատացեալքս երկիր պագանեմք»։
Մարդիկ երբ կ՚աղօթեն Խաչին առջեւ՝ հոգիներ կը պարպուին եւ յոյսով կը լեցուին։ Այդ պահուն անէծքը կը վերանայ եւ օրհնութիւնը կը տարածուի մարդոց վրայ։ Պօղոս առաքեալ գաղատացիներու գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ». (ԳԱՂՏ. Զ 14)։
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ (347-407) կ՚ըսէ, թէ՝ Խաչը արեգակէն աւելի՛ լուսաւոր եւ աւելի՛ փայլուն է եւ անոր լոյսը դժոխքին խաւարը իսկ կը փարատէ։ Խաչին լոյսը ո՛չ միայն մարմիններ կը լուսաւորէ, այլ մանաւանդ՝ միտքը եւ հոգի՛ն։ Ուստի, հոգիի եւ մտքի լուսաւորութիւնը փրկութիւն կը նշանակէ՝ փրկութեան գրաւականն է եւ արդարութեան ապաւէնը։
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի (1346-1410) կ՚ըսէ, թէ՝ Խաչը իր թեւերով կը տարածուի աշխարհի չորս ծագերուն վրայ։
Արդարեւ, Յիսուս կը բարձրանայ խաչին վրայ՝ որպէս ջահակալի վրայ ջահալոյց՝ լոյս եւ պայծառութիւն՝ անշէջ եւ մշտաբորբոք։ Եւ Ան կը տարածէ Իր լոյսը ամբողջ աշխարհին խաչին վրայով։ Այս պատճառով, ահաւասիկ, Խաչը տեւապէս լոյս կը ցայտէ։
Յիսուսի տարածած այս լոյսը կը լուսաւորէ նաեւ դժոխքի խաւարը՝ խորտակելով դժոխքի դռները եւ կապանքները։
Սուրբ Եփրեմ Ասորի, խաչը կը նմանցնէ դրախտի ծառին։
Եւ դարձեալ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի կ՚ըսէ, թէ՝ Խաչի չորս թեւերը նախ կը նշանակեն Քրիստոսի մեզի գործած չորս բարութիւնները՝ վերի մասը. երկինքի արքայութիւնը, որ բացուեցաւ մարդոց, վարի մասը. դժոխքի աւերումը, աջը. շնորհներու բաշխումը, եւ ձախը. մեղքերու թողութիւնը։ Երկրորդ, կը նշանակէ չորս առաքինութիւնները, որոնք պէտք է տարածել «ներքին մարդ»ու մէջ։ Վերի մասը՝ կը նշանակէ սէրը, վարի մասը՝ խոնարհութիւնը, աջը՝ հնազանդութիւնը, ձախը՝ համբերութիւնը։ Երրորդ, կը նշանակէ մեր դրախտէն զրկուիլը, քանի որ «աջ» էինք՝ «ձախ» դարձանք։
Չորրրոդ, կը նշանակէ մեր չորս խորհուրդները. վերին մասը՝ «միշտ վերինին մասին խորհիլ՝ ուր Քրիստոս նստած է». (ԿՈՂ. Գ 2), վարի մասը՝ մեր կեանքի վախճանն է, իսկ աջը եւ ձախը դատաստանի ընտրութիւնն է. փառքը՝ աջակողմեաններուն, պատիժը՝ ձախակողմեաններուն։
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի դարձեալ բազմաթիւ նշանակութիւններ կը վերագրէ խաչին։ Ինչպէս՝ Եզեկիէլի քառադէմ կառքը, եւ Տէրը անոր վրայ բազմած։ Նաեւ՝ ամագեցիներու դէմ Մովսէսի ձեռքերու տարածումը, Նոյեան տապանը, Մովսէսի տապանը՝ քաւութիւնը անոր վրայ՝ ողջակէզներու սեղանը, սրբութեան սեղանը, խունկերու սեղանը։ Այս բոլորը քառակուսի են՝ որ կը նշանակեն Քրիստոսի քառաթեւ խաչը։
Դարձեալ, աշխարհի չորս կողմը խաչաձեւ է՝ արեւելք, արեւմուտք, հարաւ եւ հիւսիս։ Նաեւ բոլոր մարմինները՝ որոնց տարրերը չորս սկզբունք ունին։
Խաչաձեւ է նաեւ մարդը՝ բոլոր կենդանիներու գլուխը։ Խաչաձեւ են նաեւ օդին մէջ սաւառնող թռչունները՝ որոնք թեւերը երկու կողմ տարածած՝ տեսական, երեւցող միտքն են, միտք կը նշանակեն։
Նաեւ նաւը՝ որ ջուրի վրայ է, խաչաձեւ կ՚ընթանայ, երբ առագաստը հովը կը բանայ, եւ պարզած թեւերով կը հասնի այսպէս նաւահանգիստ։ Եւ վերջապէս, մարդիկ երկու թեւերով յաւիտենական կեանքի փառքին։
Ադամ ոտքով գնաց եւ ձեռքը երկարեց ծառին, կերաւ պտուղը եւ եղծեց մարդկային ցեղը, նոյնպէս ալ Յիսուս Քրիստոս ոտքով գնաց դէպի Խաչը, ձեռքը բեւեռեց փայտի վրայ եւ լեղի ճաշակեց եւ այդպէս փրկեց մարդկութիւնը։
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ. «Քրիստոսը խաչ բարձրացաւ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ իր ճանապարհը մահուան դէպի երկինքի արքայութիւն գնացք մըն է, ինչպէս Յակոբ տեսաւ սանդուխը՝ որուն գլուխը երկինք կը հասնէր, եւ Տէրը հաստատուած էր անոր վրայ»։
Ուստի, Խաչը լոյսի աղբիւր մըն է. եւ ինչպէս արեւը եւ լոյսը կ՚աճեցնեն բոյսերը, թող խաչին լոյսն ալ, որ արեգակէն աւելի լուսաւոր է եւ բերրի, թող լուսաւորէ մեր հոգիները եւ միտքերը, որպէսզի լուսաւորուինք եւ ծառայենք Տէր Յիսուսի, որ մեր փրկութեան միակ յո՛յսն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ