ՍԷՐ՝ ՈՐ ԿՈՅՐ ԱՉՔՈՎ ԿԸ ՏԵՍՆԷ՛

Ի տարբերութիւն կամաւոր կուրութեան, շատ աւելի վտանգաւոր ու կործանիչ է անգիտակից կուրութիւնը. այս երկուքին միջեւ եղած տարբերութիւնը այն է, որ մէկը աւելի կառավարուող ու վերահսկման ենթակայ է՝ քան միւսը: Նկատի ունենալով, որ կամաւոր կուրութեան մէջ կայ որոշ գիտակցութիւն մը, նուազ վտանգաւոր կը թուի քան անգիտակիցը, որ կրնայ իր լուրջ ու ծանր հետեւանքները ունենալ: 

Անգիտակից կոյրը կարելի՞ է մեղադրել թէ ոչ՝ չենք գիտեր, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցինք, որ այդ կուրութիւնը՝ մանաւանդ անգիտակիցի պարագային իր կամքէն եւ ուժէն վեր բան մըն է. որովհետեւ սիրահարութիւնը այնպիսի առեղծուածային երեւոյթ մըն է, որ զոյգերու մօտ վատերը քօղարկելու լաւը փնտռելու եւ գտնելու բնածին երեւոյթի մը կը վերածուի: Իւրաքանչիւր թերութիւն՝ իր վտանգի, որ սահմաններուն մէջ ալ գտնուի, կը ստանայ աւելի մեղսունակ պատկեր մը, որ ուրիշներու կողմէ նկատելի, սակայն անձին կողմէ կը շարունակէ մնալ աննկատ: 

Մարդիկ կը կարծեն, որ սիրոյ կուրութիւնը կապ ունի սիրտին հետ եւ այդտեղ կը բացակայի ուղեղը. սակայն, սիրոյ մասին այս մէկը թող յստակ ըլլայ. սիրտը որպէս մարմինի մէկ օրկանը իրականութեան մէջ սիրոյ հետ ո՛չ մէկ աղերս ունի. սիրտը պարզապէս սիրոյ խորհրդանիշ է, սակայն մարդ սիրտով չէ՛, որ կը սիրէ. գիտականօրէն սիրտին պաշտօնն ու պարտաւորութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր է, որովհետեւ սիրտը իր տրոփներով միտքին եւ ուղեղին մէջ եղող ապրումներուն հայելին է. այնպէս մը չէ, որ մարդ սիրտով առանձին եւ միտքով առանձին մակարդակի վրայ կը սիրեն. նոյնիսկ կոյր սէրը ծնունդն է միտքին. մարդ արարած իր սիրոյ ապրումները բաժնելու համար ստեղծած է սիրտով սիրել, հոգիով սիրել, միտքով սիրել եզրերը, սակայն, իրականութեան մէջ երեքն ալ նոյն ուղեղին մէջ կը բախուին: 

Այժմ խօսինք անգիտակից կուրութեան եւ կամ սիրտով սիրելուն մասին. նախքան սիրահարութիւնը ամէն մարդ կ՚ունենայ որոշ չափանիշներ, որոշ ընկալումներ ու նպատակներ, սակայն սիրահարութիւնը կու գայ խանգարել այդ բոլորը եւ փոխել մարդկային ընկալումը. սէրը որպէս զգացում տարբեր մօտեցում կը բերէ մարդուն մօտ. այդ զգացումը բացատրուած է մեր թուականէն մօտաւորապէս երկու հազար տարիներ առաջ՝ Նոր կտակարանի էջերուն մէջ. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար, Անվայել վարմունք չ՚ունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, Անիրաւութեան վրայ չի խնդար», սակայն այս խօսքէն շատ աւելի կարեւոր է տողին շարունակութիւնը. «Ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ»:

Այստեղ հետաքրքրական է Սէրը ամէն բանի կը «զիջանի» եւ ամէն բանի կը «հաւատայ» արտայայտութիւնները. այդ բանին մէջ թերութիւններն ու սուտերը եւս տեղ ունին, որովհետեւ սէրը կը յեղաշրջէ մարդը եւ պատճառ կը դառնայ, որ չկարենայ արդար դատողութիւն մը ընել: Սիրող մարդը կը դառնայ շատ աւելի մեղմ ու ներողամիտ։ Սուրբ Գիրքին բառերով կը դառնայ ներողամիտ եւ այս բոլորին լոյսին տակ որպէս պաշտպանութիւն ենթագիտակցութիւնը կը սկսի մերժել բոլոր այն երեւոյթները, որոնք կրնան արգելք հանդիսանալ յարաբերութեան գոյատեւման: Այս բոլորին որպէս հետեւանք ամենէն մեծ թերութիւնները անգամ ուրիշներուն աչքին փուշ, սակայն մեզի համար աննշմար կրնայ թուիլ: 

Այս մէկը վստահաբար կ՚ունենայ իր բացասական ազդեցութիւնը եւ նոյնիսկ աննկատ կը վնասէ մարդուն յուզական ու հոգեկան բարօրութիւնը: Խօսինք այդ վնասներուն մասին. առաջին հերթին այդ մէկը կը յառաջացնէ ինքնագնահատականի պակաս, որովհետեւ ամէն մարդ իրականութեան մէջ արժանի է այն բոլորին, որ կը հանդուրժէ եւ կը շարունակէ լուռ մնալ. այս ընթացքին մարդ կը սկսի ներել եւ անդադար ներել, որ իրականութեան մէջ ո՛չ թէ սէրը կենդանի պահելու կը ծառայէ, այլ անգիտակից ձեւով մարդը հոգեկան բռնութեան կ՚առաջնորդէ, որովհետեւ աններելին յաճախ ներելը կը քանդէ սեփական սահմանները եւ մինչեւ հոգեկան լուրջ առողջական խնդիրներու կրնայ հասցնել մարդը: Տակաւին հոգեբաններ կը պնդեն, որ շատ պարագաներու կողակիցի կատարած սխալին դիմաց կոյր սիրահարը ի՛նք կը սկսի իր անձը մեղադրել, հաւատալով, որ այդ բոլոր թերութիւններուն մէջ ինք եւս ունի իր բաժինը: 

Պէտք է հեռու մնալ երկու ծայրայեղութիւններէն, որովհետեւ ամբողջովին ներելը կրնայ այդ սխալը տեղ մը բնական դարձնել եւ բնական դարձած թերութիւնը շատ աւելի դժուար է սրբագրել։ Միւս կողմէ, սակայն, պէտք է առիթ տալ ու գտնել լուծումներ եւ ո՛չ թէ ամբողջութեամբ քանդել ու շարունակել: Թերութիւններն ու սխալները ընկալելի են այնքան, ինչքան անոնք հոգեկան առողջութիւնն ու ընդհանրապէս մարդու առողջութիւնը չեն քայքայեր։ Անդադար ներելը կը նուազեցնէ փոխադարձ յարգանքը, վստահութիւնը եւ հո՛ն է, որ ծայր կ՚առնեն ընտանեկան խնդիրները: 

Այս բոլորը կանխելու համար իւրաքանչիւր մարդ պէտք է իր աչքին դիմաց ունենայ որոշ յստակ արժէքներ եւ չհրաժարի այդ արժէքներէն, որովհետեւ եթէ հրաժարողը միշտ մէկ կողմը ըլլայ, կը նշանակէ արդէն իսկ գոյութիւն ունի թերութիւն մը. սէրը ընթացք մըն է՝ երկու կողմէ կատարուող: Այս բոլորին մասին պէտք է շատ աւելի լուրջ մտածել՝ մա՛նաւանդ նախքան ամուսնութիւնը, որովհետեւ ամուսնական կեանք մը, որ ունի նման խնդիրներ, կրնայ լուրջ հարցերու դիմաց գտնուիլ եւ այս բոլորէն ակամայ իրենց բաժինը կը ստանան նաեւ զաւակները:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի ծնէ կոյր մը երազ կը տեսնէ՞:

Պատասխան. Ի ծնէ կոյր մարդոց երազ տեսնելը կախեալ է անոնց զգայարանքներու կողմէ աշխարհի ծանօթութեան հետ. ինչքանո՞վ կրցած են ճանչնալ կեանքը: Նման անձեր չեն կրնար տեսնել պատկերներ՝ այնպէս ինչպէս կը տեսնեն տեսողութեան տէր մարդիկ. պատկերներ չեն տեսներ, սակայն, կրնան այլ ձեւի երազներ տեսնել. ինչպէս օրինակ՝ ձայներ, ապրումներ, յոյզեր եւ այլն: Անոնք մթնոլորտը կը ճանչնան ո՛չ թէ պատկերով, այլ զգացողութեամբ: Այդ իսկ պատճառով ի ծնէ կոյրեր կը տեսնեն աւելի զգացական երազներ, որոնք նոյնքան հարուստ կրնան ըլլալ՝ ինչքան պատկերները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025