ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՐԾԱԿՑԻԼ
Մարդկային կեանքին մէջ աղօթքը երեք հանգրուան ունի. խնդրանք, յանձնարարութիւն եւ խորհուրդ առնել եւ վերջապէս՝ գործակցիլ։ Թէ ինչպէ՞ս կարելի է գործակցիլ Աստուծոյ։ Աստուծոյ գործը կատարել, աստուածահաճոյ գործ մը կատարել՝ արդէն Աստուծոյ գործակցիլ է եւ Աստուծոյ գործակցիլ՝ ինքնին աղօթե՛լ է։
Կը պատմուի, թէ տարիներ առաջ, ամերիկեան մի քանի հոգեւոր թերթերու մէջ լոյս տեսած է կարգ մը «աւետարանիչներու» տարօրինակ եւ արտառոց յայտարարութիւնները։ Անոնք «եկեղեցիներու» մէջ «քարոզելու» համար իրենք զիրենք կ՚առաջարկեն, արդիւնքը ապահովելով, այսինքն՝ հոգիներու փրկութիւնը։
Եւ կ՚ըսուի, թէ կարելի չէ ասոնցմէ ո՞ր մէկուն աւելի սխալական կամ յանցաւոր ըլլալը ճշդել։
Աւետարանի քարոզութեան մէջ երբեք չի խօսուիր արդիւնքին ապահովութեան մասին, քանի որ Աստուծոյ կամքն է հիմնականը, եւ ո՛չ՝ մարդուն։ Բայց ընդհանրապէս սովոր են մարդիկ ընել ուրիշ արարքներու մէջ։
Մինչ քննադատելի են այսպիսի տարօինակութիւնները կատարողները, նոյնքան մեղադրելի են անոնք, որոնք այդ սխալ հոգեբանութեամբ կը վարակուին։ Արդարեւ, յաճախ, փոխանակ Աստուծոյ, մարդուն կ՚ապաւինին մարդիկ, ինչ որ կը նշանակէ՝ միջոցին կարեւորութիւն ընծայել։
Այս կը նշանակէ, թէ մենք աւելի գործիքին կը վստահինք քան՝ Աստուծոյ, եւ առանց մեր կողմէն բան մը ընելու՝ կ՚ակնկալենք, որ Տէրը գործէ մեր մէջ։ Ճիշդ է, որ Աստուած կարող է հրաշքներ գործել՝ ոեւէ մէկու մը միջոցով, առանց մեր «գործակցութեան»։
Աստուած չ՚ըներ եւ կ՚ուզէ, որ մա՛րդն ալ իրեն ինկած բաժինը բերէ Իրեն գործակից ըլլալով։
Մարդ յաճախ երջակութիւն կ՚ակնկալէ եւ այդ երջանկութիւնը կը փնտռէ իր նմաններուն մէջ՝ ուրիշ մարդոցմէ։ Բայց այդ բոլորը միջոցներ են, միակ հասցէն Աստուա՛ծ է։ Այս առթիւ, յիշենք սա խօսքը, թէ՝ բժիշկը՝ Աստուծոյ ձեռքն է երկրի վրայ։ Եւ խօսքը կարելի է ըսել բոլոր մարդոց համար, որոնք ծառայութիւն կը մատուցանեն համայն մարդկութեան։ Ուստի, հարկ է զանազանել՝ գործողը եւ գործիքը։
Գործողը Աստուած է Իր ամենակարողութեամբ, զօրութեամբ եւ հոգիով, եւ ո՛չ թէ մարդը։ Չէ՞ որ Յիսուս ալ Իր բժշկութիւններուն եւ հրաշքներու ատեն միջոցներէ կամ գործիքներէ օգտուած էր։ Ուստի, հաւատացեալներուն աշխատանքը, աղօթքները եւ ծոմապահութիւնը գործակցութիւններ են՝ արդիւնքի հասնելու համար։ Հոգեւոր նուիրումը եւ հաւատքը պատճառ են օրհնեալ արդիւնքը ձեռք ձգելու։
Ուրեմն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ծալլապատիկ նստելով եւ այս կամ այն մարդուն օգնութեանը սպասելով պտուղի չսպասենք, այլ աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ բարեգործութեամբ Աստուծոյ հետ գործակցի՛նք՝ բարութեան եւ երանութեան գետին պատրաստելով։
Այսպէս, ահաւասիկ, Աստուծոյ գործակցելով՝ աղօթենք եւ սրբազան գործին բաժնեկիցներ ըլլանք։
Աղաղակող եւ հրամայական պահանջք մըն է այս։
Մինչ, անոնք որ աղօթելու մասին դժուարութիւն կը կրեն, անոնց կը յանձնարարուի կարճ աղօթքի պահեր նշանակել. զոր օրինակ՝ առաւօտ, միջօրէ եւ երեկոյ, աղօթել անպայման այդ պահերուն, կարճ աղօթքով մը՝ «Հայր մեր»ով եւ սովորութեան դարձնել այդ պահերը եւ հետզհետէ պիտի տեսնուի, որ աղօթքը «պահանջք» մը, «անհրաժեշտութիւն» մը պիտի դառնայ, եւ առանց ձանձրանալու, դիւրութեամբ պիտի սկսուի աղօթել։
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, աղօթքը հացի չափ անհրաժեշտ է մարդուս համար, եւ քանի որ առօրեայ կեանքին մէջ ժամեր կը յատկացուի զանազան գործերու համար, հաճոյքի համար, շա՞տ է Աստուծոյ համար, հոգիի համար գոնէ մի քանի վայրկեան վերապահել։
Արդարեւ, աղօթքը Աստուծոյ հետ գործակցիլ է, եւ Աստուծոյ հետ գործակցութիւնը՝ աղօ՛թք։ Այս առումով, մարդ կրնայ ամէն պարագայի եւ ամէն պայմանի մէջ աղօթել՝ Աստուծոյ հնազանդելով, աստուածահաճոյ գործեր կատարելով։ Աղօթքը, որովհետեւ շատախօսութիւն չէ՛, այլ գործ, բարի եւ աստուածահաճոյ գործ, եւ «ամէն ատեն աղօթել» ա՛յս կը նշանակէ. յարատեւ աղօթել՝ յարատեւ, միշտ Աստուծոյ գործակցի՛լ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 24, 2025, Իսթանպուլ