«ՔՈՒ ԿԱՄՔԴ ԸԼԼԱՅ…»
Տէրունական աղօթքին այս տողը. «Քու կամքդ թող ըլլայ…» կարգ մը հաւատացեալներու կարծիքով ամենադժուարին մասը կը կազմէ անվերապահօրէն ընդունելու համար, քանի որ կ՚ենթադրէ անհատի ազատութեան սահմանափակում եւ կամ ճնշում անոր կամքին վրայ։ Ուստի կ՚արժէ պարզաբանել «Քու կամքդ ըլլայ…» խօսքը՝ թէ ո՛չ միայն դիւրին է, այլ նաեւ ամենահաճելի բաղձանքն է, որ ոեւէ հաւատացեալ կարող է ունենալ։
Բաւակա՛ն է այն խնդրել լիակատար վստահութեամբ, խոր հաւատքով, հաստատ համոզումով, սիրով եւ խանդավառութեամբ, այն ատեն այս երեք բառերը կ՚ողողեն աղօթողը անսահման խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ։ Իրօք, Տէրունական աղօթքի՝ «Հայր մեր…»ի մէջ այս տողէն առաջ կան երկու շատ հակիրճ, սակայն, շատ բովանդակալից եւ տարողունակ փառաբանութիւններ. «Հայր մեր որ երկինքն ես» եւ «Քու անունդ սուրբ ըլլայ»։ Այս հաստատումները կը պատրաստեն լիաբերան եւ անվարան հաւատքով յայտարարութիւնը՝ թէ «Քու կամքդ ըլլայ…»։ Խօսքը պէտք է հասկնալ իր ամբողջութեանը մէջ։
Ըստ առաջին հաստատումի կ՚ընդունինք, որ Աստուած մեր Հայրն է, որ երկինքն է։ Ան միահեծան Տէ՛րն է երկնի եւ երկրի, այնտեղ բնակող իւրաքանչիւր բանական էակի եւ բանակութենէ զուրկ գոյութիւններու։ Ան այս զարմանահրաշ տիեզերքի ամենակարող, ամենակալ ստեղծիչն է, տիեզերքի, որուն անսահման տարածութիւններուն վրայ կը տիրէ բացարձակ կարգ եւ կանոն։
Տիեզերքի մէջ անհամար երկնային մարմիններ անընդհատ շարժման մէջ են առանց որեւէ վթարի, քանի որ կը կառավարուին զարմանալիօրէն ճշգրիտ եւ կատարեալ օրէնքներով։ Ո՞վ կարող է իր հիացումը չարտայայտել, ի տես այս բոլորին, եւ իր ձայնը չմիացնել սաղմոսերգու Դաւիթի, անոր հետ բացագանչելու համար. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ եւ երկինքի հաստատութիւնը Անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ». (ՍԱՂՄ. ԺԹ 1)։
Ըստ երկրորդ հաստատման. «Քու անունը սուրբ ըլլայ…», կ՚ընդունինք, որ մեր Հայրը սո՛ւրբ է. նաեւ ըստ Յովհաննէս առաքեալի բնութագրութեան «Աստուած սէր է»։ Ապա ուրեմն մեզ անհունօրէն սիրող Հայրը նաեւ սո՛ւրբ է եւ Իր մէջ կը խտանայ հայրութեան եւ սրբութեան յատուկ բոլոր յատկանիշները։ Իր զաւակներուն մեղքերու թողութեան եւ քաւութեան համար Իր միածին Որդին զոհելը այդ սուրբ սիրոյ մեծագոյն արտայայտութի՛ւնն է։
Եւ ուրեմն, եթէ գիտակցինք այս բոլորը, բայց երկմտինք ըսելու. «Քու կամքդ ըլլայ…», անառակ որդիի ճանապարհը բռնած կ՚ըլլանք։ Ան ալ չհաճեցաւ ենթարկուիլ Հօր կամքին եւ որոշեց, որ ինքն աւելի լաւ կարող է տնօրինել իր կամքը։ Հետեւանքը բոլորիս յայտնի՛ է։
Մենք՝ հաւատացեալներս նպատակ ունինք Յիսուսավայել կեանք ապրելու, ամէն ինչով զԱյն ընդօրինակելու։
Յիսուս հնազանդեցաւ Իր Հօր, երբ ըսաւ. «Ո՛չ թէ իմ կամքս, այլ Քո՛ւկդ թող ըլլայ…». (ՂՈՒԿ. ԻԲ 42)։
Ինչո՞ւ մենք կարող չենք նոյնը ըսել մեր Հօրը՝ մեզ կեանքի կոչողին, որուն ձեռքերէն ստացած ենք ամէն բան, ինչ որ ունինք եւ դեռ պիտի ստանանք։ Մանաւանդ որ մեզմէ պահանջուողը ո՛չ թէ մեր կեանքն է, այլ ընդամէնը հետեւեալը. «Վախցիր Աստուծմէ եւ պահէ Անոր պատուիրանները, որովհետեւ ասիկա է մարդուն ամբողջ պարտականութիւնը». (ԺՈՂՈՎՈՂԻ, ԺԲ 13) եւ մնացածը թողուլ Տէրոջը, քանի որ պատերազմը Իրե՛նն է…
Սա, անշուշտ, չի նշանակեր, որ մենք ձեռնածալ պիտի նստինք եւ կամ ինչ որ ընենք պիտի յաջողինք։ Ո՛չ։ Մենք պէ՛տք է փնտռենք Աստուծոյ կամքը մեզի համար։ Եթէ նոյնիսկ անյաջողութեան հանդիպինք, հաստատ գիտնանք, որ «Ամէն բաները բարիի գործակից կ՚ըլլան անոնց՝ որ զԱստուած կը սիրեն». (ՀՌՈՎՄ. Ը 28)։
Առաքեալի բերանով մեր Տէրը նաեւ կ՚ազդարարէ. «Եթէ հաւատք ունենաք եւ չերկմտիք, ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով խնդրէք, պիտի առնէք». (ՄԱՏԹ. ԻԱ 22)։
Ուրեմն, Տէրոջ կամքը փնտռելը մեր ապահովագրութիւնն է։ Տէրը փառաբանելը ո՛չ թէ լոկ պարտականութիւն է, այլ գերագոյն հաճոյք եւ վայելք։
«Որովհետեւ ես զիս փառաւորողները պիտի փառաւորեմ եւ զիս արհամարհողները պիտի անարգեմ». (Ա ԹԱԳ. Բ 30) կը խոստանայ Տէրը։ Այս առիթով անհաւատը պատրա՛ստ է առարկելու. «Ի՜նչ փառասէր Տէր ունինք»։
Անգիտակից հաւատքի արտայայտութիւն մըն է ասիկա։ Ուստի, եթէ մարդ կը բացայայտէ Տէր Աստուծոյ սահմանած օրէնքներէն մէկը, գովասանք եւ մեծարանք կ՚ակնկալէ եւ կը ստանայ։ Հապա ի՜նչքան աւելի մեզ արարողը եւ օրէնքները սահմանողը արժանի՛ է փառքի եւ պատուի, պաշտամունքի եւ մեծարանքի, շնորհակալութեան եւ գոհաբանութեան։
«Յայնժամ կ՚երգեմ հոգեւին Տէր Փրկիչ, ի՜նչ մեծ ես դուն, ի՜նչ մեծ ես դուն»։
«Ձեր ամէն հոգը Անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասնզի անիկա ձեզի համար կը հոգայ». (Ա ՊԵՏՐ. Ե 7)։
Վստահի՛նք Աստուծոյ եւ Անոր կամքին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 24, 2026, Իսթանպուլ