ՆԱՄԱԿ՝ ԱՆԵՐՈՋՍ
Մահը մեզի համար կը շարունակէ մնալ խորհրդաւոր ու անծանօթ զգացողութիւն մը, որուն համար բարոյականութեան առաջին փիլիսոփան՝ Սոկրատես իր գաղափարախօսութեան մէջ կ՚ըսէր. «Ո՛չ ոք գիտէ մահուան ժամը։ Իմաստուն է ան՝ որ խաղաղ սիրտով կը դիմաւորէ զայն». սակայն, այդ ժամի անգիտութիւնն է որ իր մէջ կը թաղէ շատ մը խօսքեր, շատ մը զգացումներ՝ որոնք կը մնան թաղուած ժամանակի անհրապոյր շիրիմին մէջ: Սակայն, շատ անգամ մարդու համար մխիթարութիւն է ըսել այն բոլորը՝ որ տրտմութեամբ դէպի բացակայ կը վազեն: Եթէ ընդունինք, որ միտքը կը շարահիւսէ բառերը՝ ապա հոգին ու զգացումն է, որ կեանք կու տայ անոր: Անշուշտ, մարդկային հոգիին մէջ կան հազարաւոր դիզուած բառեր ու զգացումներ՝ մէկզմէկէ աւելի խորունկ ու փոթորկող:
Ահաւասիկ տողերս՝ որպէս խունկ ու մոմ, որուն մէջ կարելի է խորտակուած երջանկութեան մը վերջին կարօտը.
«Սիրելի Աներ,
Վաղաժամ մահուանդ լուրը մեր բոլորին դիմաց դարձեալ պարզեց կեանքի հակասական ամբողջութիւնը. մահէն՝ կեանք, ուրախութենէն՝ տխրութիւն, աղմուկէն՝ լռութիւն ու խաւարէն դէպի լոյս անցնիլը երկվայրկեան մըն է եւ այդ քաոսն է, որ կը ստեղծէ մարդու առեղծուածային ամբողջութիւնը: Արդիւնքը մի՛շտ նոյնն է. մարդ կամայ թէ ակամայ կը սորվի ապրիլ իր բացականերուն հետ՝ ցմահ իր հետ պահելով լոկ յիշողութիւնը, որ յաւիտենական է, ինչպէս հոգին:
Կեանքը դէմ առ դէմ հանդիպելու բախտը զլացաւ. մեզի չտրուեցաւ երկա՜ր խօսակցելու պատեհութիւնը, սակայն, շատ մը չարտայայտուած խօսքեր բարի ժպիտէդ կարելի եղաւ կռահել. աչքերուն մէջ պահուած խօսքեր հասկնալի եղան, որովհետեւ շատ անգամ մարդու հոգիները աւելի կը խօսին՝ քան լեզուն: Այդ լռութիւնդ իր մէջ ունէր ուժ, իր մէջ ունէր սէր, ունէր բաղձանք, ունէր աղօթք, քաջալերանք ու յորդոր. այդտեղ կար կիսաւարտ կեանքի մը ամբողջ ժառանգը, որ գուցէ բառերով կարելի պիտի չըլլար փոխանցել: Քու լռութեանդ չափ լուռ էի նաեւ ես, որովհետեւ շատ մը խոստումներ հոգիէն ու սիրտէն դուրս գալով խտացած էին աչքերուն մէջ: Այս լուռ դաշինքը իր յաղթութիւնը տարած էր վերջին խօսքովդ, որ մինչեւ հիմա կը շարունակէ լսուիլ. «Ուրախ ե՛մ»:
Անպատճառ, այդ ուրախութիւնը մարդկային ըլլալէ աւելի երկնային էր, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ լեզուն խաբէութեան զոհ երթար՝ աչքերը չէին կրնար կեղծել, որովհետեւ աչքերը պատուհանն են հոգիին եւ այդ պատուհանէն միայն ազնուութիւն, մարդասիրութիւն եւ բարութիւն կ՚երեւէր: Նոյն այդ վեհանձնութիւնը այժմ կ՚արտացոլայ քու ժառանգներուդ պատուհաններէն, ուր գութը, խիղճը, վճռականութիւնը, խոնարհութիւնը, շնորհքն ու առաքինութիւնը կամաւոր բանտուած են եւ դարձած անոնց նկարագրին անբաժանելի մէկ մասը՝ էութիւնը: Վերոյիշեալ բարոյական երեւոյթները անանձնական են եւ անոնց սերմերը սերունդներու վրայ կ՚երկարին:
Կը զգամ, թէ ի՜նչ սեւ մտերմութիւն կայ այժմ իմ ու քու մէջդ. պատասխանատուութեան ինչքա՜ն քաղցր «բեռ», որ ժառանգներու քաղցրագոյնն է ցարդ: Աստուածային այս ժառանգութեամբ բախտաւորուած, կը զգամ դառնութիւնը ճակատագիրին ու դիմացս կը տեսնեմ այն ճամբան՝ որուն վրայ քու լոյսէդ ալ բաժին մը կու գայ խաւարի ստուերները քշելու:
Աշխարհի վրայ եթէ գոյութիւն չունենար տխրութիւնը՝ մարդկութիւնը ուրախութեան արժէքը պիտի չյաջողէր գիտնալ եւ քու տարաբախտ մահդ այդ դասընթացքը դրաւ մեր դիմաց. չտրտմիլ, չցաւիլ բոլոր այն երեւոյթներուն համար, որոնք անցաւոր են: Այժմ մահուանդ տխրութենէն աւելի կ՚ուզենք, որ յոյսը ներխուժէ մեր հոգիներէն ներս՝ որ մեծագոյն սփոփանքն է տառապողներուն: Հիւկօ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէր. «Յոյսը հոգիին թեւն է, որ մեզի կ՚օգնէ դուրս գալ ամենէն յուսահատ վիճակէն». այդ թեւով է, որ պիտի յաջողինք սաւառնիլ եւ հասնիլ հո՛ն՝ ուր երկինքը մի՛շտ կապոյտ է:
Այժմ, յոգնատանջ էութիւնդ յանձնէ անդորր քամիներուն. յոգնատանջ՝ սակայն ո՛չ երբեք պարտուած, որովհետեւ յաղթանակներդ որպէս մէկ բռունցք կը շարունակեն մղել այն պայքարը՝ որուն մէջ քու բաժինդ եւս անուրանալի եւ անփոխարինելի է: Խաղաղութեամբ բարձրացիր հո՛ն՝ որուն արժանի բնակիչներէն մէկն ես արդէն, վստահ ըլլալով, որ այն ժառանգը, որ ձգած ես աշխարհի վրայ, որպէս սրբազան մասունք պիտի շարունակէ իր գոյամարտը՝ արժանանալով յաղթանակի դափնեպսակին, որուն արձագանգը որպէս աւետի՛ս խայտանք տայ դէպի յաւերժութիւն մեկնած հոգիիդ:
Խաղաղութեամբ ննջէ՛. մենք կը շարունակենք այն պայքարը՝ որուն նուիրեալն էիր դուն…»:
Յ.Գ. Այս գրութիւնը գրուած է ի յիշատակ Աւետիս Արապանեանի յիշատակին, որուն մահը պատահեցաւ հինգշաբթի, 21 օգոստոս 2025-ին:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մահուան վերջին հանգրուանին ի՞նչ պէտք է մտածել:
Պատասխան. Մահուան վերջին հանգրուանին մարդ պէտք է մտածէ իր կեանքի ընթացքին մասին եւ մտաբերէ բոլոր այն պահերն ու ընտրութիւնները, որոնք ձեւաւորեցին իր հոգին եւ էութիւնը. պէտք է գնահատէ իր սիրելիները: Պէտք է ինքն իր անձին համար պարզէ, թէ ինչո՞վ իմաստաւորուեցաւ իր կեանքը եւ հանդուրժէ անխուսափելին՝ մահը, ո՛չ որպէս վերջ, այլ որպէս խաղաղ անցում նոր վիճակի մը, ուր հոգին ազատ կը շնչէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան